Շաբաթ օր Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը իր պատմական Եուրոյի մրցաշարքը աւարտեց քառորդ աւարտականին3-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք Խրուաթիայէն: Եւրոպայի մէջ 5-րդ լաւագոյն դիրքը գրաւող Խրուաթիա բաւական դժո- ւար մրցակից դարձաւ Հայաստանի համար, անիկա շատ արագ սկսաւ մրցու- մը 2-րդ վայրկեանէն կոլ նշանակելով: Հայաստան ճնշեց եւ կոլի առիթներ ստեղծեց, բայց խրուաթ բերդապահ Անթէ Փիփլիցա մնաց անդրդուելի: Աւելի ուշ Խրուաթիա 2 այլ կոլեր եւս նշանակեց եւ ապահովեց կիսա- ւարտականի իր տոմսը: Ֆրանսա պէտք ունեցաւ երակարաձգմանդուրս ձգելու Ուքրանիան 4-2 արդիւնքով: Այս պարտութիւնը եղաւ Հայաստանի առաջինը 9 մրցումներ անյաղթ մնա- լէ ետք, աւելի մանրամասնելով 2023-ի նոյեմբերէն ի վեր երբ 7-1 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Փորթուգալէն: Պէտք է ըսել, որ Հայաստան հիանալի ելոյթ ունեցած էր Եւրոպայի ախոյեանութեան (Եուրօ 2026-ին)երկու յաղթանակներ արձանագրելէ ետք Ուքրանիոյ (2-1) եւ Չեխիոյ դէմ (5-4) եւ հաւասարութիւն մը հիւրընկալ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *