Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տնտեսական հար- ցերով տեղակալ Ճէյքըպ Հելպըրկ եւս Միացեալ Նահանգներու փոխնա- խագահ Ճէյ.Տի. Վանսի հետ 9-11 փետրուարին պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ազրպէյճան: Այս մասին կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գոր- ծոց նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը կը նշէ, որ անոր Հայաստան եւ Ազրպէյճան այցելու- թիւնը պիտի նպաստէ նախագահ Տանըլտ Թրամփի խաղաղութեան ջան- քերուն եւ ԹՐԻՓՓ-ի յառաջ մղման: Փոխնախագահ Վանս Հայաստան եւ Ազրպէյճան կ՛այցելէ` ամրապնդելու համար Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ձեռք բերուած խաղա- ղութեան համաձայնագիրը եւ յառաջ մղելու «Թրամփի ուղի»-ն: Ճէյքըպ Հելպըրկ 2022-էն 2024 թուականներուն եղած է Միացեալ Նահանգ- ներ-Չինաստան տնտեսական եւ անվտանգութեան վերատեսութեան յանձ- նախումբի յանձնակատարը: Ան նախապէս վարած է «Կուկըլ» ընկերութեան որոնման քաղաքականութեան համաշխարհային ղեկավարի պաշտօնը եւ եղած «ՃէօՔուանթ»-ի հիմնադիր խումբի անդամներէն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *