Ստորեւ կը ներկայացնենք 2026թուականի 6 Մարտի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսայինհաղորդաշարինարտաթագրուած «թեքսթ»ը՝ «ԱՄՆ-Իրանպատերազմ. ՀՀ-ն պարտիՔաԿէՊէ-իշնիկ Գարեգին Բ.-ի մաֆիայիներքին 5րդ շարասեանվտանգըչէզօքացնէ»։

Բացայայտումներ՝ հետազօտողլրագրողներ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆի եւ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆի կողմէ:

Եթէ կը ցանկաքստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումըէլեկտրոնայինփոստով, կը խնդրենք ե-նամակ (email) ուղարկելusarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէինկամհեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացնեցէ՛ք Ձեր անունըազգանունըհեռախօսիթիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն

ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի միացեալտպագիրտարբերակինփոխանցեցէ՛ք Ձեր տանգրասենեակիկամփոստարկղիհասցէնusarmenianlife@gmail.comելեկտրոնային հասցէովկամհեռաձայնելով 1-818-241-5777։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Ներկայ պայթուցիկօրերուն մեր առաջադրանքնէ, որ հայկական պետականութեանղեկավարութիւնըաչալուրջկերպովհետեւիեւ ամէնէնկարեւորը՝ ներքինճակատիվրայզգուշաւորըլլայ:

Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Հարաւային Կովկասի մէջ այնպիսի աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներու շեմին կը գտնուինք որոնք կը կարողանան տեկտոնական (tectonic) ցնցում առաջացնել, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, ընկերակցութեամբ Իսրայէլին ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկեցին Իրանի ԻսլամականՀանրապետութեան դէմ։

Սա ծանր իրավիճակ կը ստեղծէ շատերուս համար, որովհետեւ անյայտ է թէ վաղը ինչ կը պատահի, միայն մէկ բան մը պէտք է յստակ կերպով բոլորս ալ ընդունինք, որ 2020ի 44օրեայի նախաշէմին, երբ քորոնա վիրիւս, քովիտ 19 համավարակով տարուած ամբողջ աշխարհը կեդրոնացած էր այլ տեղեր, այդ ծխածածկոյթի տակ նախաձեռնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի հայութեան դէմմիջազգային տեռորիստական յարձակում մը, որուն գլխաւոր ղեկավարները եղան Ատրպէյճանը, ՏԱԻՇը, Թուրքիան, Փաքիստանը, Իսրայէլը եւ ինչու չէ, նաեւ Ռուսաստանը։ 

Այս պայթուցիկ օրերուն մեր առաջադրանքն է, որ հայկական պետականութեան ղեկավարութիւնը աչալուրջ կերպով հետեւի եւ ամէնէն կարեւորը՝ ներքին ճակատի վրայ զգուշաւոր ըլլայ, քանի որ մենք 2020 թուի 44-օրեային համազգային մակարդակի վրայ բացայայտեցինք ներքին 5րդ շարասեան – արտաքին եւ ներքին դաւադրամիտ եւ դաւաճանական գործունէութեան առկայութեան փաստը ։

Այս բոլորին մէջ, ցաւ ի սիրտ պէտք է ըսել, որ առաջին անգամ ըլլալով, շատերուհամար բացայայտուեցաւ այն փաստը, որ այսօրուայ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ իշխանութիւնը բռնազաւթած այդ մաֆիան, գլխաւորութեամբ Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսէսեանի, եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան թեմի Յովնան արքեպիսկոպոսի եւ Մոսկուայի Եզրաս արքեպիսկոպոսի, որ այնպիսի աւերիչ աշխատանքներ կատարեցին, մէկ կողմէն ի հարկէ առանց մանրամասներու մէջ մտնելու հիմա այս պահին, որովհետեւ մեր գլխաւոր թեման այլ է, այնժամանակ մենք բացայայտեցինք դրամաշորթութիւնը, ապօրինի իւրացումները, մարդասպանութիւնները եւ ամէնէն ծանրագոյնը, որ ջուրին երես ելաւ, եւ աւելի յստակ դարձաւ, Յունիսի 2025 թուի հակապետական սահմանադրութեան տապալման, հայ եկեղեցւոյ այսպէս կոչուած ղեկավարներու նախաձեռնութեամբ, թէ ինչպիսի վտանգաւոր եւ դաւադիր քայլերու դիմեցին, որպէսզիհայկական պետականութիւնը կորսնցնէ իր ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ պաշտպանունակութիւնը։

Եւ այսօր, աւելի քան երբեք, մեր առաջադրանքն է, որ հայրենի պետականութեան ղեկավարները աչալուրջ ըլլան, առաւել քան Հոկտեմբեր 27, 1999ի վտանգի առթիւ, առաւել քան նոյնիսկ 2020ի 44-օրեայի վտանգի առթիւ ստեղծուած պետական սպառնալիքներուն: Ոչ միայն զգօնութիւն, այլ նաեւ պատրաստակամութիւն, որովհետեւ որեւէ սրտացաւ հայ, եւ հայրենիքէն ներս, եւ աշխարհով մէկ տեղակայուած հայը պատրաստակամ պիտի ըլլայ աջակցելու հայկական պետականութեան ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ պաշտպանութեան առաւել հզօրացման գործընթացին եւ նաեւ ինչու չէ, տնտեսութեան զարգացման, թէկուզ ռազմական դրութիւն կը տիրէ հիմա հարաւային Կովկասի եւ ընդհանուր տարածաշրջանի մէջ։

Այս վտանգներու ի դիմաց մենք նաեւ դժբախտաբար ականատես կ՛ըլլանք այնպիսի դաւադիր գործունէութիւններու, որ ընդամէնը մի քանի օրառաջ մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ ականատես եղաւ Գարեգին Բ.ի, Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ Մոսկուայի Եզրասի կողմէ նախաձեռնուած նորագոյն դաւադրութեան, այսպէս կոչուած 23 կամ 24 եպիսկոպոսներու համախմբումին առթիւ, Աւստրիոյ մէջ։ 

Իմհարցումսիմզրուցակից պարոն Մխիթարեանինայն է, որ պարոն Մխիթարեան նախ կը կարողանա՞քհակիրճկերպով մեր հեռուստադիտողներուններկայացնելու, թէ ինչկատարուեցաւ ։

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

Աւստրիոյ մէջ եպիսկոպոսներուժողովըմեծձախողանքմըն էր

Պարզ, հայ ժողովուրդի ամենօրեայ ասացուածքի մէջ ալ աղուոր խօսք մը կայ. Եւ լեռը մուկ մը ծնաւ։ Այս ժողովը կատարեալ ձախողութիւն մըն էր, որ տեղի ունեցաւ Աւստրիոյ մէջ, որովհետեւ նախ Մայր Աթոռը զանազան հերիւրանքներով եւ սուտերով յայտարարութիւններ կատարեց, որ պետութիւնը եկեղեցիին հալածանքի ենթարկած է եւ այդ բոլորը պատճառ են որտեւ իրենք հանգիստ չեն զգար այդ ժողովը տեղի ունենայ Մայր Աթոռի մէջ եւ հետեւաբար որոշեցին այդ ժողովը կազմակերպել Աւստրիոյ մէջ։

Այդ ժողովը պարզապէս ձախողանք մըն էր, որովհետեւ այդ ժողովին մասնակցող 25 եպիսկոպոսներէն մէկըմեր թեմի առաջնորդն էր՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, որ մեծ խանդավառութեամբ եւ խոստումներով գնաց այդ ժողովին, հակառակ որ ինքը այդ 10 եպիսկոպոսներէն մէկն էր, որոնք կոչ ուղղեցինԳարեգին կաթողիկոսին հրաժարելու եւ եկեղեցին բարենորոգման ճամբուն մէջ դնելու։ Դժբախտաբար այդ ժողովը, ինչպէս ըսի, լեռ մըն էր որ մուկ ծնաւ, որտեւ այդ ժողովին մէջ ոչ մէկ եզրակացութիւն գոյութիւն ունեցաւ։ Հակառակ այն իրողութեան, որ հաղորդագրութիւն մը հրատարակուեցաւ թէ ինչ կատարուեցաւ, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ էին այդ ժողովի մասին, յստակ եղաւ Յովնան արքեպիսկոպոսի վերադարձէն ետք, որ այդ հաղորդագրութիւնը պատրաստուած էր Էջմիածնի կողմէ եւ ղրկուած էր հայկական մամուլին առ ի տեղեկութիւն համայն հայութեան, որ այդ ժողովը ինչ արդիւնք ունեցաւ, մինչդեռ այդ ժողովը կատարեալ ձախողութիւն մըն էր, Յովնան արքեպիսկոպոս իր հարազատներուն նոյն ձեւով փոխանցեց, որ տարակարծութիւններ շատ մեծ էին, որուն յստակօրէն նաեւ կ҆անդրադառնայ Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան, պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ, այս պարագային ձեւով մը երկու տեղեկութիւններն ալ կը համընկնին, յստակ ըսելու համար, որ այդ ժողովը, որ հաւաք մըն էր, կատարեալ ձախողութիւն էր։

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Պարոն Մխիթարեան, մենք իրազեկուեցանք այդ տխրահռչակ Աւստրիոյ եպիսկոպոսներու հաւաքին մասին նախօրեակին, երբհայկական պետականութեան ղեկավարութիւնը արգիլեց Կտրիճ Ներսէսեանի, Գարեգին Բ.ի հեռացումը Հայաստանէն ։ Արդեօք արդար կը գտնէ՞ք այդ որոշումը։

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.

Գարեգին կաթողիկոս պէտք չուներեպիսկոպոսականժողովը Մայր Աթոռէնդուրստանելու:

Արդար էր հետեւեալ մեկնաբանութեամբ։ Գարեգին կաթողիկոս պէտք չուներ այդ ժողովը Մայր Աթոռէն դուրս տանելու, ինչպէս կարգ մը եկեղեցականներ բացագոչեցին, բացայայտեցին այդ մասին։ Ընդհակառակը, եթէ իրենց մտքին մէջ կար, ինչ որ յերիւրանք է եւ յայտարարեցին որ պետութիւնը պիտի խոչընդոտէր, խանգարէր այլ խօսքով իրենց ժողովը, բացարձակ յերիւրանք մըն է այդ մէկը եւ որովհետեւ շատ լաւ գիտէր Գարեգին կաթողիկոս, որ իր եղբայրը՝ Եզրաս արքեպիսկոպոս ցանկալի անձնաւորութիւն մը չէր, շատ հաւանական էր որ հայրենի իշխանութիւնը չթողուր զինք մասնակցելու ժողովին։ Բայց ատիկա պատրուակ մը չէր, որ միւս եպիսկոպոսները բոլոր, տարբեր տեղերէն գային, եւ հաւաքուէին Աւստրիոյ մէջ։ Բոլոր անոնք, որոնք չէին կրնար գալ, պարոն Չափարեան, շատ դիւրութեամբ հեռակայ կարգով կրնային մասնակցիլ այդ ժողովին։ Հետեւաբար, այս պարագային միայն խնդրոյ առարկան Եզրաս արքեպիսկոպոսն է։

Եթէ այդ էր հարցը, թող ժողովը տեղի ունենար Մայր Աթոռի մէջ, Եզրաս արք. նստած իր բազկաթոռին վրայ, Մոսկուայէն հեռակայ կապով մասնակցէր այդ ժողովին։ Այս բոլորը, սիրելիներ, յերիւրանքներ են, պարզապէս Գարեգին կաթողիկոս ուզեց իր կամքը պարտադրել, եւ այդ պարտադրանքը ձախողեցաւ, որովհետեւ մեծամասնութիւն չկրցաւ գոյանալ այդ ժողովին, միայն 25 եպիսկոպոսներ ներկայ էին, որոնցմէ մէկն էր նաեւ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ ինչպէս ըսի, յիշեցումով ձեզի անգամ մը եւս ըսեմ, 10 եպիսկոպոսներէն մէկն էր, որ խնդրեցին, առաջարկեցին, որ Գարեգին կաթողիկոս այդ Աթոռէն հեռանայ, որպէսզի եկեղեցին բարեկարգուի։ Բայց որովհետեւ մեծ ակնկալութիւններ ունէր այդ ժողովէն, դժբախտաբար տխուր, ձախողած վերադարձաւ իր աթոռը։

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

ԿտրիճՆերսէսեանի եւ իր կլանակիցներուհամախմբմանլաւագոյնտեղըՆուպարաշէնիքրէակատարողականհիմնարկնէ:

Իսկ իմ ունեցած տեղեկութիւններու հիման վրայ, Գարեգին Բ., Յովնան արք. Տէրտէրեան, Կարօ Ներսէսեան, որ ՔԿԲ-էիշնիկ գործակալական աշխարհական անունով ընդունուած է, Եզրաս արքեպիսկոպոսը Մոսկուայի եւ իրենց կլանակիցները շատ զգոյշ էին Հայաստանի մէջ այդպիսի դաւադիր համախմբում կազմակերպելու, որովհետեու արդէն ոչ թէ պետութիւնը, այլ ժողովուրդը ինքը այնքան լաւ իրազեկուած են այս կլանի հակապետական գործունէութեան մասին, եւ հակաեկեղեցական եւ հակաքրիստոնեայ գործունէութեանմասին, որ արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները, յատկապէս այն քաղաքացիները, որոնք Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդներ են, եւ Սուրբ Միւռոնով կնքուած են, անոնք արդէն պատրաստ էին ներխուժելու Վեհարան, եւ բոլորին ալ օձիքէն բռնելու եւ դուրս շպրտելու, յանձնելով պետութեան, իրաւապահ մարմիններուն իրենց բազում յանցագործութիւններուն համար, ինչպէս որ պատմաբան, եւ Պաշտպան Հայրենեաց հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար պարոն Գագիկ Սաֆարեանը բազմիցս կ҆ըսէ, Այսպիսիներուն համար եւ ընդհանրապէս ընդդիմադիրներու համար, իրենց համախմբման լաւատեղ տեղը մեկուսարանն է եւ Նուպարաշէնի քրէակատարողական հիմնարկը, ես պիտի աւելցնէի։

Տեսանիւթ

ԳԱԳԻԿ ՍԱՖԱՐԵԱՆ. Բացէիբաց, աւելի քան երբեւէ, եպիսկոպոսաց ժողովը իր կեղտոտ, կեղծ յայտարարութիւններով, հակապետական յայտարարութիւններով ցոյց տուեց որ եկեղեցու, Մայր Աթոռի որոշ ղեկավարներ ամբողովին գլորուել են անդունդը՝ իրենց հակապետական, պետականաքանդ գործունէութեամբ։ Այդտեղ եկեղեցու եւ հաւատի հետ կապուած ոչինչ չկայ։ Ես պիտի ասեմ, որ կառավարութիւնը ընդհակառակը ներկայումս պիտի արդէն աւելի սկզբունքօրէն եւ աւելի հետեւողական պայքար մղի եկեղեցու խորանը, կամ Մայր Աթոռը օր առաջ ազատագրելու բռնազաւթած ճիւաղներից, Տիրադաւներից։ Տիրադաւ ես նկատի ունեմ նոյն Միացեալ Նահանգների թեմի առաջնորդը, հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան ափի թեմի առաջնորդը՝ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, նոյն Մայր Աթոռը բռնազաւթած Կտրիճ Ներսէսեանը, եւ այլ, եւ այլը, դրանք զբաղուած են պետականաքանդ գործընթացներով։

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ուրեմն պարոն Մխիթարեան, ինչպիսի՞ յաջորդ քայլեր կ҆ակնկալէք, դաւադիր քայլեր կ҆ակնկալէք Գարեգին Բ.ի, Յովնան արք. Տէրտէրեանի, եւ Մոսկուայի Եզրասի կողմէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը տապալեն, մեղսակցութեամբ, համագործակցութեամբ տաշիր սամոներու, ռոպերթ քոչարեաններու, սերժ սարգիսեաններու, արա աբրահամեաններու, եւ այլն։

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.

Պէտք է զօրակցինքՍահակպատրիարքին եւ ազգային եկեղեցականժողովովվերջտանք այս առճակատումին։

Պարոն Չափարեան, թէ մեր եւ թէ մեր ժողովուրդի մտքի մէջ կասկած չկայ, որ Գարեգին կաթողիկոս իր արբանեակներով, իր ոհմակով պիտի ուզէի ըսել, պիտի գործակցէին այդ մարդոց հետ, որոնք այսօր կը տենչան բազմիլ իշխանական աթոռներու վրայ։ Բայց ձեզի կը վստահեցնեմ, որ այդ բոլորը պիտի ձախողին։

Մեր մտահոգութիւնը, սիրելիներ, մասնաւորաբար իմ մտահոգութիւնս եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցն է, որուն մէջ եկեղեցականութիւնը շատ կարեւոր դեր պէտք է ունենայ, եթէ իսկապէս կը հաւատայ իր հոգեւորառաքելութեան։ Սահակ պատրիարք շատ շիտակ մատը վէրքին վրայ դրած էր, ըսելով որ այս պարագային եպիսկոպոսական ժողովը աճապարեց, նամանաւանդ ժողովի նախօրեակին հոգեւոր խորհուրդը ջղագրգիռ որոշում մը առաւ եւ Գարեգին կաթողիկոս անոնց որոշումը վաւերացուց, Սարոյեան արքեպիսկոպոսը կարգազուրկ հռչակելով, բան մը որ ամբողջութեամբ հակասահմանադրական էր։ Արդէն գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը խորհրդակցական ժողովէ անդին ոչ մէկ իրաւունք ունի, որովհետեւ վաւերացուած մարմին մը չէ, ազգային եկեղեցական ժողովի կողմէ։

Գարեգին կաթողիկոս առաջին օրէն տասնամեակներ, նորեր գացին, հիները եկան, հիները գացին, նորերը եկան, դժբախտաբար գաւաթ մը ջուրի պէս փոխեց, ուրիշ ջուր մը բերաւ, այս աշխարհականը արտաքսուեցաւ, այս եկեղեցականը արտաքսուեցաւ, ուրիշ մը եկաւ։ Գարեգին կաթողիկոս պէտք է հասկնայ, որ գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հոգաբարձական մարմին մը չէ, որ ուզած ատենը փոփոխէ։ 

Դժբախտաբար եթէ այսօր եկեղեցին տակնուվրայ վիճակի մէջ է, ալեկոծման մէջ է, փոթորիկներու մէջ է, որովհետեւ Գարեգին կաթողիկոս չի հաւատար կանոնագրային սահմանադրական կարգերուն, անոր զօրութեան, անոր գործադրութեան, կը հաւատայ միայն իր ամբարտաւան կեցուածքին, որուն հետեւանքով առաւել քան 140 եկեղեցականներ, արժանաւորներ արտաքսուեցան հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն։

Սահակ կաթողիկոս կոչ կ҆ընէ եւ ես այդ կոչին կ҆ուզեմ միացնել իմ ձայնս, որ անհրաժեշտ է, որ ընդհանուր եկեղեցական ժողով տեղի ունենայ, որը հրաւիրէ ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողով, որպէսզի միանգամընդմիշտ եկեղեցին փրկուի։ Եթէ մեր բարձրաստիճան հոգեւոր եղբայրները չեն ուզեր, որ իշխանութիւնը միջամտէ, այդ պարագային իրենք բարոյական մեծագոյն պարտաւորութիւնը ունին, անմիջապէս գործի լծուելու։ Փոխանակ զբաղելու այլ գործերով, նամանաւանդ քաղաքական գործերով, եւ կամ սատարելու քաղաքական ասպարէզէն ներս նոր եկող թեկնածուներով, թող զբաղին եկեղեցին բարեկարգելով, եկեղեցին վիրաւոր է այսօր, հայ եկեղեցականին արժանապատուութիւնը քանդուած է։

Եթէ, սիրելիներ, պիտի վերականգնէք այս բոլորը, դուք պիտի ըլլաք անմիջապէս ձայն բարձրացնողը եւ զօրակցիք Սահակ պատրիարքին եւ անմիջապէս եպիսկոպոսական ժողովով, ազգային եկեղեցական ժողով հրաւիրէք, որպէսզի վերջ գտնէ այս առճակատումը։ Բայց հոս կարեւոր յայտարարութիւն մը եւս կ҆ուզեմ ընել։ 

Նուիրապետական բոլոր աթոռները պէտք է միանան այս եպիսկոպոսական ժողովին, եթէ իսկապէս մտահոգեն։ Ես առիթը ունեցած եմ կարգ մը բարձրաստիճան Կիլիկեան թեմի արքեպիսկոպոսներու հետ խօսելու, որոնք ձեւով մը լուռ կը մնան, այս պարագային լռութիւնը, սիրելիներ, մեղսակցութիւն է, իրենց ալ այդպէս արտայայտուած եմ։ Հիմա ժամանակը եկած է, որտեւ եկեղեցին է վիրաւորուած, ոչ թէ միայն Մայր Աթոռը, նոյն ինքը եկեղեցին։ Այլ խօսքով, ժողովուրդն է, որուն հոգին կ҆արիւնի այսօր, ի տես այս բոլոր առճակատումներուն։ Եթէ սպեղանի պիտի գտնէք, ժողովուրդին այդ հոգին նորոգելու, վերանորոգելու, անգամ մը եւս եկեղեցի հրաւիրելու, ամէնէն առաջ դուք զձեզ վերանորոգումի ճամբուն մէջ պիտի դնէք, որտեւ այդ վերանորոգումով կրնաք նոր պայծառութիւն բերել եկեղեցւոյ յաջորդ քայլերուն։

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Պարոն Մխիթարեան, ինչպիսի՞ գործնական այլ քայլերու պէտք է դիմուի, հայկական պետականութիւնը պահպանելու եւ պաշտպանելու այս ներքին 5րդ շարասեան գլխաւոր ներկայացուցիչներէն՝ Գարեգին Բի հանդէպ։ Նշեցիք ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողովի կայացման կարեւորութիւնը, որ շատ լաւ ընտրութիւն է, բայց բացի այդ ուրիշ ինչ հնարաւորութիւն կը տեսնէք։

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.

Այսօր հայ ժողովուրդը կը պահանջէ, որ մեր եկեղեցին մաքրուիբարեզարդուի եւ իր նախկինփայլքըունենայ:

Եթէ այսօրուայ գործող բարձրաստիճան եկեղեցականները, ղեկավարութեամբ Գարեգին կաթողիկոսին, կ҆ուզեն վերականգնել հայ եկեղեցւոյ պատիւը, եւ եթէ կ҆ուզեն, որ իշխանութիւնը ձեռնպահ մնայ, միջամտելու եկեղեցական գործերուն մէջ, իրենք պարտաւոր են անմիջական գործի լծուելու։ Ապա թէ ոչ, իրենց սխալ գործերով, իրենց ապրելակերպով, իրենց հակասահմանադրական ամէն տեսակի ապօրինի գործերով կը պարտադրեն, որ իշխանութիւնը ձեռնամուխ ըլլայ։ Եթէ դուք, հոգեւոր հայրեր, պիտի չմիջամտէքեւ չպահանջէք, որ Գարեգին կաթողիկոս անմիջապէս եպիսկոպոսական ժողով հրաւիրէ, որուն պէտք է մասնակցին բոլոր նուիրապետական աթոռները, մի մեղադրէք իշխանութիւնը, որովհետեւ իշխանութիւնը պարտաւորութիւն ունի այս պարագային, ժողովուրդի ձայնը, պահանջքը գործադրելու։

Այսօր հայ ժողովուրդը կը պահանջէ, որ մեր եկեղեցին մաքրուի, բարեզարդուի եւ իր նախկին փայլքըունենայ, իշխանութեան կողքին սատարելու հայրենիքին եւ իշխանութեան վերելքին։ Հետեւաբար մի մեղադրէք իշխանութիւնը։ Դուք ձեր գործունէութեամբ պիտի պարտադրէք, որ իշխանութիւնը միջամտէ եւ վերջ գտնէ այս առճակատումը, մաքրելով Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին։

Ժամը ձերն է։ Պահը ձերն է, հոգեւոր հայրեր։ Ոտքի ելէք։ Ապա թէ ոչ, ժողովուրդը, իշխանութեամբ ոտքի պիտի ելլէ եւ գործը ինք պիտի կատարէ։

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Իրաւապահմարմինները պէտք է աչալուրջկերպովվերահսկեն եւ Գարեգին Բ. ԿտրիճՆերսէսեանիօրօք Մայր Աթոռըշուրջօրեայվերահսկողութեան ներքեւվերցնեն:

Նկատի առնելով, որ Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսէսեանը եւ իր ամբողջ կլանը եւ նաեւ այսպէս կոչուած այսօրուայ եպիսկոպոսները, որ իրեն դրածօներն են, նկատի առնելով որ այս մարդիկ, գլխաւորութեամբ Կտրիճ Ներսէսեանին, նաեւ մօտիկ սերտ համագործակցութեամբ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Մոսկուայի Եզրասի, խոշոր գումարներով, հարիւրաւոր, միլիոնաւոր տոլարներու հասնող թալանը, որ կազմակերպած են, ապօրինի իւրացումը, պէտք է աչալուրջ ըլլանք բոլորս եւ պահանջենք օրուան պետութեան իրաւապահ մարմիններէն, որպէսզի ամէն կերպ չթողնեն, որ երբ որ ժամանակը գայ, եւ Գարեգին Բ.ն կամ ազատազրկուի, կամ հրաժարական կը մղուի ներկայացնելու, չմոռնանք, որ իր ցնցոտիներով որ եկած էր Սովխոզէն, որ այսօր Ոսկեհատ կը կոչուի, նոյն ցնցոտիներով վերադարձնելու իրեն Սովխոզ՝ Ոսկեհատ։ 

Ուրեմն, մենք նաեւ պէտք չէ մոռնանք այն փաստը, որ նոյն այս մաֆիան, եռեակի մաֆիան, որ սովետական կարգերու ժամանակներէն մինչեւ այսօր ՔաԿէՊէիշնիկներ են եւ ինչու չէ, ԷֆԷսՊէի ներկայացուցիչներ են հայկական պետականութեան սահմաններէն ներս, չմոռնանք, որ Մայիս2024ին առաջին, ոչ թէ առաջին, այլ ի շարս այլ հակապետական քայլերու, նաեւ իրականացուցին սրբազան արշաւ քայլը, ինչպէս որ կը յիշէք մենք այն ժամանակ Բագրատիկի Արշաւանքները խորագիրով ահագին բացայայտումներ ըրինք եւ անոր յաջորդեց 2025 թուի յունիսի պետական տապալման, պետական հարուածի ձախորդ փորձը, եւ անշուշտ գիտենք թէ ինչի ընդունակ են այս մարդիկ։

Շատ բաներու ընդունակ են, ատոր համար է որ մեր առաջադրանքն է, որ իրաւապահ մարմինները աչալուրջ կերպով վերահսկեն եւ Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսէսեանի օրօք Մայր Աթոռը շուրջօրեայ վերահսկողութեան ներքեւ վերցնեն, եւ իմանան թէ ովքեր կը մտնեն եւ ովքեր դուրս կու գան, նաեւ իմանան, որ, ի հարկէ մինչեւ հիմա դժբախտաբար ահագին թալան կազմակերպուած է եւ թանգարանէն արժէքաւոր իրեր Մայր Աթոռէնապօրինի կերպով դուրս բերուած են եւ նոյնիսկ երկրէն դուրս բերուած են եւ Զուիցերիաները, ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, միջազգային շուկայի ներկայացուած են եւ այդ մասին մենք ահագին տեղեկութիւններ կը ստանանք աշխարհի չորս կողմէն լաւատեղեակ աղբիւրներէ, թէ այդ գանձերը, որ թալանուած են Մայր Աթոռէն, որ այսպէս կոչուած սփիւռքեան երեւելիներու սեփականութիւնը դարձած են։ Այդ մասին յետագային։ Բայց հիմա ամէնէն կենսականը։

Մեր առաջադրանքն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները երկու նպատակովՄայր Աթոռը վերահսկողութեան ներքեւ վերցնեն, շուրջօրեայ, շաբաթը 7, տարին՝ 365 օր, ցնոր տնօրինում, որպէսզի այս երկու վտանգները վնասազերծեն։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *