Կարմիր Աստղ Պելկրատ Սերպիոյ բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտա- կանի մրցումներուն գծով 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նովի Փազար խումբը եւ հասաւ կիսաւարտական: Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Նայիր Թիքնիզեան 38-րդ վայր- կեանին քառակուսիին դուրսէն ստացաւ գնդակը եւ ձախ ոտքի ուժգին հարո- ւածով նշանակեց Նովի Փազարի բերդի վերի անկիւնէն: Մրցակից բերդա- պահը ոչ մէկ առիթ ունէր զսպելու այս սքանչելի կոլը: Մրցումը 28-րդ վայրկեանին կարճ ժամանակով ընդհատուած էր, երբ Նովի Փազարի համակիրները յարձակած էին Կարմիր Աստղի համակիրնե- րուն վրայ: Մրցումի պահուն Թիքնիզեան դժգոհած էր գլխաւոր իրաւարարին, որ հանդիսատեսներէն մէկը անոր վրայ թքած էր: Ճիշդ այդ պատճառով էր, որ Թիքնիզեան իր կոլը նշանակելէն ետք այս իրագործումը տօնեց տարբեր ձե- ւով` գոռալով դէպի մրցակից խում- բին թրիպիւնը: Իր խմբակիցերը ստի- պուեցան հանդարտեցնել զինք: 50-րդ վայրկեանին Ալեքսանտր Քաթայ նշանակեց Կարմիր Աստղի երկրորդ կոլը, եւ արդիւնքը ձեւով մը ապահովելէ ետք Թիքնիզեան փոխա- րինուեցաւ 76-րդ վայրկեանին:
