Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցումին, «Ինթեր Միլան»ը 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Ա. Սէ. Միլան»ը, տիրանալով տիտղոսին, 7րդ անգամ ըլլալով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան, որ «Ինթեր»ին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, այսպիսով, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացաւ իր 7-րդ հեղինակաւոր տիտղոսին:
Ան նախապէս տարբեր տեսակի տիտղոսներու տիրացած էր գերմանական «Պորուսիա Տորթմունտ»ի, անգլիական «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի եւ իտալական «Ռոմա»յի հետ:
