Posted on April. 12. 2024
Ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեան Գարիկ Կարապետեան Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մրցաշարքին շահեցաւ արծաթէ մետալ` երկամարտի մրցումներուն:
Գարիկ Կարապետեան արաշէի մրցումներուն 185 քկ բարձրացնելով շահեցաւ փոքր պրոնզէ մետալ, մինչ Էփոլէ – Ժըթէի մրցումներուն ան 216 քկ բարձրացուց` գրաւելով 5-րդ դիրքը: Ան երկամարտի ընդհանուր կշիռքով 401 քկ բարձրացնելով գրաւեց 2-րդ դիրքը` շահելով արծաթ մետալ, չինացի Հուանուա Լիուի ետին (413 քկ):
102 քկ կշիռի մրցումներուն, Գարիկ Կարապետեանի կողքին կը մասնակցէր նաեւ Սամուէլ Գասպարեան, որ չկրցաւ աւարտել իր ելոյթը:
Հինգշաբթի օր 109 քիլոկրամէն աւելի կշիռի մրցումներուն պիտի մասնակցին Վարազդատ Լալայեան եւ Սիմոն Մարտիրոսեան: