Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի 8 Նոյեմբերի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը՝ «Թրամփ, ՀՀ, Ալիեւ, Փութինի լաքէյները ՀՀ-ի մէջ, Պուլկարիայի մէջ ապստամբութիւն ՔԿՊ-էշնիկ Գարեգին Բ-ի դէմ»։
Բացայայտումներ՝ հետազօտող լրագրողներ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆի եւ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆի կողմէ:
Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն:
Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան, գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն:
YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը՝
ալիքին:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։
Վերջապէս քանի մը օր առաջ Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնները հասան իրենց աւարտին եւ երկու հաւանական թեկնածու- ներէն մէկը յաղթանակեց. նախագահ Թրամփը վերստին տիրացաւ այդ պաշտօնին, դառնալով 47րդ նախագահը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։
Նախկան նախագահական ընտրութիւններուն կայացումը բազմաթիւ սրտցաւ հայրենակիցներ, հրապարակախօսներ բարձրաձայնեցին իրենց մտավախութիւնը, մէկ մասը Թրամփի ընտրութեան առթիւ, միւս մասը Հերիսի ընտրութեան առթիւ, իսկ առանձին զրոյցներու ժամանակ, երբ ձեր խոնարհ ծառայէն խորհուրդ կը հարցնէին, թէ ի՞նչ պէտք է ըլլայ իրենց կեցուածքը, ես ըլլալով այն անձը, որ 2020 թուի 44օրեայէն ետքը դարձած եմ բոլորովին տարբեր մտածող անձ մը, ինծի համար այլեւս յստակ է, որ կարեւոր չէ Ամերիկայի նախագահը ով է. ամէնէն կարեւորը Ամերիկայի պետական անվտանգութեան հիմնարկութիւններու ղեկավարութիւնն է եւ պետական պիւրոքրասիան։
Ուրեմն այս առթիւ պէտք է ըսել, որ պէտք է շնորհաւորել ամերիկահայութեան այն հատուածը, որ քաղաքական հասունութիւնը ունեցաւ վերջին 3.5 տարիներու ընթացքին յատուկ աշխատանք տանելու ամերիկեան ռազմական եւ քաղաքական շրջանակներու հետ եւ այս պարագային պէտք է որպէս ամերիկահայ քաղաքացի, Ամերիկայի քաղաքացի իմ խոնարհումս եւ միեւնոյն ժամանակ գնահատանքի եւ խորազգաց երախտագիտութիւնը յայտնել պարոն Մարք ՄըՔարլիին, որ բանակի գեներալ մայոր է, թոշակի անցած թէկուզ. բայց անշուշտ շատերս ալ գիտենք, որ թոշակի անցնիլը պարզապէս երեւութական է, որովհետեւ չգրուած օրէնք կայ Ամերիկայի մէջ, այն գեներալը կամ գեներալ մայորը կամ լէյթենանթ գեներալը, կամ գնդապետը՝ կապ չունի թէ թոշակի անցած են թէ չեն անցած, սակայն իրենք իրականութեան մէջ պահեստային ուժի մաս կը կազմեն, կը նշանակէ անուղղակի կերպով աքթիւ են։
Ուրեմն պէտք է ըսել որ ամերիկահայ գաղափարակից ընկեր ընկերուհիները բոլորուեցան վերջին 3.5 տարիներուն գեներալ մայոր Մարք ՄըՔարլիի շուրջ եւ միասնաբար աշխատանք սկսան տանիլ եւ այդ աշխատանքները եզրայանգուեցան ցարդ բազմաթիւ ուսուցողական առաքելութիւններով, որուն մասնակցեցան բարձրաստիճան ամերիկեան բանակի գեներալներ եւ անշուշտ այդ աշխատանքները կը շարունակուին եւ պէտք է միայն գնահատանքի խօսք ըսել։
Անշուշտ վերջին 3.5 տարիներուն մենք տեսանք թէ ինչպիսի բարելաւում կայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ։ Եւ անշուշտ այդ աշխատանքները միայն պարոն ՄըՔարլիի աշխատանքի շնորհիւ չէ, բայց պէտք է ըսել որ այդ տիպի տնային աշխատանքը շատ կարեւոր է, եւ պէտք է այստեղ նշենք որ անցնող 100 տարիներուն բոլորս ալ, ես ալ մէջը ըլլալով, ամբողջ ամերիկահայութիւնը, Հայկական Դատը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օգտին աշխատանք տանելու այդ առաքելութեան մէջ ծայրագոյն աստիճան ձախողած ենք։ Հիմա արդէն մենք մեզ վերայայտնաբերելու, վերակայացնելու նոր ժամանակաշրջան մը սկսած է եւ այդ ժամանակաշրջանը կը խորհիմ որ բաւականին լաւ արդիւնքի պիտի շարունակէ հասցնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ռազմական, տնտե- սական, քաղաքական եւ ժողովրդավարական գործընթացը եւ ստրատեգիական յարաբերութիւնները։
Իսկ թէ ինչ կը վերաբերի նախագահական ընտրութիւններէն ետք ի՞նչ պիտի պատահի հայկական իրականութեան մէջ, ուրեմն կը վերադառնանք մեր ներքին խոհանոցին։ Եթէ մեր ներքին, ներազգային կեանքը ճիշդ ձեւով առաջ չտանինք, ոչ մի նախագահ Թրամփ, ոչ մի նախագահ Հերիս եթէ ընտրուէր, կամ Պայտըններ կամ ապա- գայի նախագահ Կապարտը ըլլայ, կամ Քենետին ըլլայ, ով որ ալ ըլլայ, ոչ մէկը պիտի կարենան մեզի օգտակար ըլլալ, եթէ մենք զմեզ օգտակար չդառնանք։
Ներազգային կեանքը լաւ ընթացքի մէջ դնելու համար մենք պէտք է որ ազատ մամուլի աշխատողներս գործունեայ ըլլանք. պարտաւոր ենք, ատիկա մեր սրբազան պարտքն է եւ պարտականութիւնն է հանդէպ մեր ժողովուրդին եւ պետականութեան, որ բացայայտումները շարունակենք եւ լուծումներ առաջադրենք։ Ուրախ եմ ըսելու, որ մեր հեռուստադիտողներու եւ USA Armenian Life – Հայ Կեանք շաբաթաթերթերու ընթերցողներու կարեւոր զանգուած մը սկսած է մասնակից ըլլալ այս երկխօսութեան եւ իրենց հերթին սկսած են լուծումներ առաջարկել։ Ասիկա շատ առողջ երեւոյթ է։ Ուրեմն՝ ազգային մակարդակի երկխօսութիւն։ Այդ թեման հետագային աւելի մանրամասն կը շարունակենք։ Մեր ազգային կեանքի հետ կապուած շատ կարեւոր զարգացում մը տեղի ունեցած է վերջին ամիսներուն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ թեմէն ներս։ Այդ մասին պիտի առաջարկեմ որ իմ զրուցակիցը՝ յայտնի հրապարակախօս պարոն Մխիթարեանը զեկուցէ մեզի եւ շարունակենք մեր զրոյցը։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Սիրելիներ, կ҆ուզեմ շատ գեղեցիկ ոգեշնչող լուր մը փոխանցել մեր հասարակութեան ոչ միայն այստեղ, ի սփիւռս աշխարհի եւ ի Հայաստան աշխարհի։
Պուլկարահայ գաղութը բաւական հին գաղութ է։ Վստահ եմ ձեզմէ շատերը ծանօթ են։ Դժբախտաբար վերջին տարիներուն դժուար կացութեան մատնուած էին, որովհետեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը չէր արտօներ, որ քահանաներ տրամադրուին այդ գաղութէն ներս ծառայելու եւ հոգեւոր սպասաւորութիւն մատուցելու։ Եկած էր ժամանակը, որ անգամ մը եւս ժողովուրդը իր կամքը ցոյց տար եւ պարտադրէր։
Հաւանաբար ձեզմէ ոմանք ծանօթ են, բայց ոմանք ծանօթ չեն, վստահ եմ, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ նոր եկեղեցի մը կառուցուեցաւ, այս ալ փոխանցեմ ձեզի, որ 1924էն պուլկարահայ գաղութը իր կանոնադրութիւնը ունի, վաւերացուած Ամենայն Հայոց հայրապետութեան կողմէ, եւ այդ կանոնադրութեան համաձայն հաւատարմօրէն մինչեւ հիմա կը գործէր.հասաւ հոն, երբ որ ներկայի Հայոց Հայրապետ Գարեգին կաթողիկոս մերժեց ժողովրդավար այդ սկզբունքները եւ ուզեց սեփականացնել ամբողջ գաղութը։ Աւելի յստակացնելու համար՝ Սոֆիայի մայր եկեղեցին որ կառուցուեցաւ, սիրելիներ, տակաւին չէ օծուած։ Անշուշտ պուլկարահայ գաղութը աւելի մօտէն կը ճանչնայ, երբ Աբգար վարդապետ, այսօր՝ եպիսկոպոս եւ Քանատայի առաջնորդ, հովիւ էր այդտեղ եւ կը վերահսկէր եկեղեցւոյ շինութեան։ Այդ առիթով տեղւոյն գաղութը շրջաբերական մը հրապարակեց, յստակօրէն յայտնելով, որ եկեղեցու անունով հաւաքուած գումարները կորզուեցան վարդապետին կողմէն, մնացեալ գումարներն ալ ղրկուեցան Էջիմածին։
Չէ՞ք կարծեր սիրելիներ, որ ժողովուրդը իրաւունք ունի ըսելու, որ Աբգար վարդապետ իր կատարած ծառայութեան համար արժանացաւ ոչ միայն եպիսկոպոսութեան կարգի, այլ նաեւ դարձաւ Քանատայի առաջնորդ։ Այսօր Սոֆիայի մայր եկեղեցին տակաւին օծուած չէ։ Հաւանաբար ձեզմէ շատեր պիտի ըսեն՝ ինչո՞ւ, հակառակ որ Ռումանիա եւ Պուլկարիա մէկ առաջնորդ ունին եւ այդ առաջնորդի մնայուն կեցութիւնը Պուքարեսթի մէջ է, Ռումանիոյ մէջ է։ Բայց ափսոս որ այդտեղ նստող եպիսկոպոսը կամ արքեպիսկոպոսը՝ Տաթեւ, կը մերժէ նոյն ձեւով բոլոր խնդրանքները, որ կու գան թեմական ժողովէն։
Ուրեմն ես նամակներուն անձնապէս ծանօթ եմ, պատմութիւն չէ, որ կը պատմեմ ես այստեղ, յստակ կերպով կարդացած եմ այդ նամակները եւ նաեւ կարդացած եմ այդ բոլոր պատասխանները, որ եկած են Մայր Աթոռէն։ Ամենայն Հայոց հայրապետութիւնը կը մերժէ այդ եկեղեցին նախ օծել, ու ապա, քահանաներ տրամադրեր այնքան ատեն, որ թեմական մարմինը չի հրաժարիր իր կանոնագրութենէն եւ Ամենայն Հայոց հայրապետութեան չի յանձներ իր կալուածները։ Բան մը որ անհանգստացնող է։ Բացի այդ, որ հակականոնադրային է այս բոլորը։
Չմոռնաք սիրելիներ, մեր բոլոր եկեղեցիները կը պատկանին ժողովուրդին, մեր ժողովուրդի քրտինքով շահուած գումարներէն շինուած են այդ եկեղեցիները։ Եւ հետեւաբար, Ամենայն Հայոց հայրապետութիւնը իրաւունք չունի պահանջելու այդ կալուածները, որպէսզի սեփականացնէ։ Նոյն բանը փորձեց Գարեգին կաթողիկոս Ամերիկայի Արեւելեան եզերքին, բայց ամերիկահայեր ոտքի կանգնեցան, ըսելով՝ ո՛չ Վեհափառ, այդ բոլորը կը պատկանին ժողովուրդին։ Այսօր պուլկարահայ գաղութը այս խնդրի առջեւ կը կանգնի եւ ուրախութեամբ կ҆ըսեմ այս մէկը, որ կրցաւ ոտքի կանգնիլ եւ ըսել՝ ոչ, թէկուզ դուք մեզի պիտի չտրամադրէք քահանաներ, բայց մենք պիտի աշխատինք եւ գտնենք քահանաներ։
Ուրախութեամբ կ҆ուզեմ ձեզի ծանուցել՝ Ֆէյսպուքի վրայ նկարներ կան, սիրելիներ, Վառնայի մէջ, ուր պատարագ չէ եղած վերջին տարիներուն, Սուրբ Սարգիս եկեղեցին 120
տարուայ եկեղեցի է, այս գաղութէն ներս ահագին զոյգեր կան, որ այդ եկեղեցւոյ մէջ պսակուած են։ Այդ եկեղեցին հայրապետութեան հրահանգով ձգուած էր անտէր, անտիրական եւ թեմական ժողովը իմանալով իմ կապերս պուլկարահայ գաղութին հետ, խնդրեցին որ իրենց քահանայ մը ապահովեմ։ Եւ ուրախութեամբ կրնամ ըսել, որ կրցայ համոզել 30 տարիներու բացառիկ փորձառութիւն ունեցող, պատրաստ հոգեւորական, վերջին 25 տարիներուն Հոլանտայի մէջ, Պելճիքայի մէջ, ամենուր ձրի ծառայող Տէր Արմէն Մելգոնեանին կրցայ համոզել, որ երթայ իր ծառայութիւնը այդտեղ մատուցէ, որովհետեւ Վառնայի ժողովուրդը այդ ծարաւը ունէր։
Քահանայ Հայրը գնաց, ծանօթացաւ թէ թեմական մարմնի հետ եւ թէ տեղւոյն հոգաբարձական մարմնի հետ։ Եւ այդ սիրոյ կապը անմիջապէս ստեղծուեցաւ։ Չէք կրնար երեւակայել այդ գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքերը, որ լսեցի ես Պուլկարիայէն, որ իրենց ծանօթացուցած եմ Տէր Արմէն Մելգոնեանը։ Անցնող Կիրակի, Նոյեմբեր 3ին առաջին Պատարագը տեղի ունեցաւ Վառ-նայի մէջ։ Վառնան ծովեզերեայ շատ գեղեցիկ քաղաք մըն է Պուլկարիոյ մէջ, Սեւ ծովու եզերքին եւ շատ հին գաղութ, ինչպէս որ ըսի, 120 տարուայ եկեղեցի է: այդտեղ ինչ ազգային հերոսներ գործունէութիւններ ունեցեր են`ըլլան ատոնք հնչակեաններ, ըլլան անոնք դաշնակցականներ։ Եռուզեռ կեդրոն մը եղած է հայութեան համար։ Եւ այսօր Ամենայն Հայոց հայրապետութիւնը կը զրկէ իրենց հոգեւոր սնունդէ։
Ուրախ ենք, որ Տէր Արմէն ընդառաջեց թէ՛ մեր փափաքին, եւ թէ՛ մանաւանդ տեղւոյն հոգաբարձական մարմնին, գնաց հաստատուեցաւ Վառնա եւ իր առաջին Սուրբ Պատարագը մատուցեց խուռներամ ժողովուրդի ներկայութեամբ։ Բոլոր անոնք, որոնք առիթ ունին, դիտեցէ՛ք Տէր Արմէնի ֆէյսպուքի վրայ նկարները։ Անհաւատալի երեւոյթ. իր քարոզի աւարտին, ժողովուրդը խուռներամ կը ծափահարէ։ Կրնա՞ք երեւակայել, երբ եկեղեցւոյ մէջ կը ծափահարեն։
Տեսանիւթ. Շնորհակալութիւն ձեզ, բոլորիդ։ Ամէն Կիրակի կը սպասեմ ձեզ Պատարագի։ (Ծափահարութիւններ)
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Այս ուրախ լուրը մեզ կ҆ոգեւորէ, բայց բարոյական մեծագոյն ապտակն է Մայր Աթոռին, գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին եւ ամենայն հայոց հայրապետութեան, որ կը հանդգնի գաղութներէն ներս սեփականացնել ազգային կալուածները։
Վեհափառ Հայր, կանոնագրութիւն կայ։ Ո՞ւր պիտի հասնի այս յափշտակութիւնը։ Չէք կրնար կղերապետութիւն հաստատել։ Մենք կաթողիկէ եկեղեցի չենք։ Մենք ժողովրդավար եկեղեցի ենք։ Դուք եկեղեցւոյ սպասաւորներն էք եւ ոչ սեփականատէրը։ Կաթողիկոսներ կու գան, կ҆անցնին։ Այս ժողովուրդը կը մնայ։ Մի ափսոսանքի ենթարկէք ժողովուրդը, որ խոր սէր եւ յարգանք ունի հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Ահաւասիկ փաստ մը եւս։ Տէր Արմէն այդտեղ պիտի մնայ եւ շարունակէ։ Ընտանեօք փոխադրուեցաւ։ Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է, որ ընդառաջեց։ Ժողովուրդը ձեռնաբարձ ընդունեց իր նոր հովիւը եւ երբ որ յայտարարեց որ այսուհետեւ եկէք, ամէն կիրակի Պատարագ կայ եւ շաբթուան մէջ Սուրբ Գրոց սերտողութիւն պիտի ըլլայ, միայն տեսնէք ժողովուրդին խանդավառութիւնը։ Որովհետեւ տեսան արդար, յօժարակամ, սիրայօժար հովիւ մը, որ պատրաստ է հոգեւոր սնունդ մատակարարել։
Ի տես այս բոլորին, կոչ կ҆ուղղենք նաեւ թեմական ժողովին Սոֆիայի մէջ, որ ամուր կենան եւ շարունակեն իրենց վազքը դէպի անկախութիւն։ Պուլկարիոյ թեմը, որ այդքան հին թեմ է, իրաւունք ունի նաեւ դառնալու թեմ։ Պուլկարիոյ մէջ շատ աւելի հայ կայ, քան Ռումանիոյ մէջ։ Հետեւաբար աւելորդ է մտածել կամ անհեթեթ է մտածել, որ Ռումանիոյ մէջ, Պուքարեսթի մէջ նստող Տաթեւ արքեպիսկոպոս նաեւ ըլլայ առաջնորդը Պուլկարիոյ, ուր հսկայ, հոծ գաղութ մը կայ հայկական։ Չմոռնաք նաեւ, յիշեցնեմ ձեզի, որ 16 հատ եկեղեցի կայ Պուլկարիոյ մէջ, բայց չկան քահանաներ, որովհետեւ Մայր Աթոռը կը պարտադրէ, որ բոլոր կալուածները իրեն փոխանցուին, ապա թէ ոչ, զիրենք պիտի զրկէ հոգեւոր սնունդէ։
Մեր կոչը բարձրագոյն կղերապետութեան, որ դադրին քինախնդրութենէ իրենց ժողովուրդին դէմ։ Եկած է ժամը, որ այս ժողովուրդը ոտքի պիտի կանգնի եւ հեռացնէ ամոնը Ամենայն Հայոց Հայրապետը այդ աթոռէն, որովհետեւ կ҆ապականէ հայ եկեղեցին իր բռնատիրական ռեժիմով եւ իր կողքին ունենալով մանկլաւիկ եպիսկոպոսներ եւ արքեպիսկոպոսներ, որոնք քաջութիւնը չունին ըսելու, Վեհափառ, ի՞նչ կ҆ընէք։ Այս ժողովուրդը դուք չէք կրնար զրկել հոգեւոր սնունդէ։ Ահաւասիկ օրինակ մը։ Մենք պիտի ուզենք այդ օրինակէն դարձեալ խանդավառուին Պուլկարիոյ միւս բոլոր եկեղեցիները եւ համագործակցաբար թեմական խորհուրդին հետ, որ Սոֆիայի մէջ է, հաստատեն անկախ թեմական աթոռ եւ իրենց եկեղեցիներէն ներս ունենան արժանաւոր քահանաներ։ Մենք սատար պիտի հանդիսանանք։ Հայութիւնը ի սփիւռս աշխարհի սատար պիտի հանդիսանայ բոլոր պուլկարահայութեան, որպէսզի պուլկարահայ գաղութը երբեք եւ երբեք չզրկուի իր հոգեւոր սնունդէն եւ պիտի գայ ժամանակը Սոֆիայի Մայր եկեղեցին, ամենայն հայոց հայրապետութիւնը ուզէ, չուզէ, պիտի օծուի, որովհետեւ ժողովուրդը կը պահանջէ։
Մեր եկեղեցին ժողովրդավար է, ժողովրդավար պիտի մնայ եւ պիտի տապալուին ամէն իշխանական այդ արարքները, մենատիրական այդ աշխա- տանքները, բռնատիրական այդ աշխատանքները, որ ամենայն հայոց հայրապետութիւնը կը փորձէ պարտադրել իր եկեղեցասէր ժողովուրդին։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Գարեգին Բ. չկաթողիկոսը, եթէ ՔԿՊի գործակալ չըլլար, հաւանաբար աւելի լաւ կաթողիկոս մը ըլլար։ Բայց այս մարդը՝ Գարեգին կտրիճ Ներսէսեանը, որ գիժ Գիգորին տղան է, իր հերթին գործակալ ըլլալով եւ իրեն համար սովետական վարդապետութիւնը շատ աւելի գերադաս ըլլալով, ինչպէս կարելի է ակնկալել, որ Գարեգին Բ. չկաթողիկոսը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ պատմական առաքելութեան պահապան հրեշտակը ըլլայ։ Ինչո՞ւ համար Գարեգին Բ.ն եւ իր կցորդները, պարոն Մխիթարեանը ըսաւ՝ մանկլաւիկ եպիսկոպոսներն ու արքեպիսկոպոսները (բայց ըստ երեւոյթին մեր ժողովուրդի լայն զանգուածները սկսան օգտագործել այդ բառապաշարը)։
Գարեգին Բ.ը եւ իր կցորդները եւ մեղսակիցները եւ ոչ միայն Հայաստանէն ներս, այլ նաեւ զանազան թեմերէն ներս, խելքերնին, միտքերնին դրած են որ անպայման ամէն կերպ տիրանան իւրաքանչիւր թեմի անշարժ գոյքի եւ նաեւ ֆոնտերու վրայ իրենց ձեռքը դնելու, որ հաւանաբար միլիար տոլարը կ҆անցնի համախառն գումարը։ Մարդ տեղին է որ հարց տայ. արդեօք ինչքա՞ն ագահ է Գարեգին Բ.ի կողմէ գլխաւորուած մաֆիան, որ այսքան մեծ աչքածակութիւնը կ҆ընէ ամէն կերպ տիրանալու Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հարստութեան։ Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ այսքան (անգլերէն կ҆ըսեն obsessed) ֆիքսուած է ինչու այսքան խորապէս կեդրոնացած է այս կէտի վրայ եւ ամէն կերպ կ҆ուզէ իր նպատակին հասնիլ տիրանալու ամբողջ աշխարհով մէկ տեղակայուած թեմերու հարստութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի հարստութիւնը իւրացնելու վրայ։ Ինչո՞ւ։ Արդեօք ինչպէս որ կաթողիկէ եկեղեցին վերջերս մօտաւորապէս 1.5 միլիար տոլար հատուցման ֆոնտ ստեղծեց հազարաւոր երեխաներու մանկապղծութեան զոհ դառնալու առթիւ։ Միասին դիտենք այս կարճ տեսանիւթը որտեղ կը նկարագրուի Ամերիկայի զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ եւ որոնց հերթին Los Angeles Timesը որ ի նչպէս աւելի քան 1300 ամերիկացի երեխաներ, քրիստոնեայ երեխաներ զոհ դարձած են մանկապղծութեան։
Տեսանիւթ. CBS News – Los Angeles
Լրագրող. Այս զգացումը կը բաժնեկցի Տքթ. Հեթըր Պանաս, Լոս Անճելըսի Թեմի Զոհերու օգնութեան ծառայութեան համակարգողը:
Տքթ. Հեթըր Պանաս .- Կը քաջալերուիմ ասով, նոյնիսկ երբ սիրտս կը ցաւի՝ մտածելով բոլոր ցաւին եւ վնասին մասին որ պատահած է:
Լրագրող. – Դատական բողոքները ներկայացուեցան Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի թիւ 218 Օրինագիծին ներքեւ, որ վաւերացուեցաւ 2019-ին: Այս օրէնքը նշանակալիօրէն ընդարձակեց մանկական սեռային բռնութեան վերապրողներուն իրաւունքները՝ քաղաքացիական դատավարութիւններու ճամբով արդարութիւն փնտռելու: Ասիկա կը ներառէ երեք տարուան ժամա- նակամիջոց մը՝ նախապէս ժամկէտանց եղած բողոքներու համար:
Պաշտօնատար. Եթէ դուք վերապրող մըն էք՝ 60 կամ 70 տարեկան, եւ բռնութեան ենթարկուած էք 1970-ական կամ 80-ական թուականներուն հոգեւորականի մը կողմէ, այս օրէնքի գոյութենէն առաջ դուք չէիք կրնար բան մը ընել ատոր վերաբերեալ:
Լրագրող. Վերջին համաձայնութիւնը հաստատուեցաւ Արքեպիսկոպոս Խոսէ Հ. Կոմէզի կողմէ, որ այսօր հրապարակուած նամակի մը մէջ յայտնեց թէ այս գումարները պիտի գան պահեստային ֆոնտերէ, թեմական ներդրումներէ, փոխառութիւններէ եւ այլ միջոցներէ:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Դժբախտաբար Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ալ իր մասշտաբով ետ չի մնար։ Դժբախտաբար փաստեր սկսած են մէջտեղ ելլել, որ շատ հաւանաբար ոչ միայն տասնեակ երեխաներ զոհ գացած են մանկապղծութեան, եւ որոնց հերթին աշխարհահռչակ դարձած է արդէն, Գարեգին Բ.ի արիւնակից եղբայրը, որ Մոսկուայի չառաջնորդ, Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմական առաջնորդ տիտղոսը կը կրէ, ինքն ալ իր հերթին մանկապիղծ եղած է եւ բազմաթիւ երեխաներ իրեն Կազմակերպութեամբ «Մասիս» շաբաթաթերթին եւ հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի ՍԴՀԿ շրջանի վարիչ մարմինին, հինգշաբթի, 7 նոյեմբեր 2024, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԿԲՄ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» եւ նոյնին անգլերէն թարգմանութեան՝ «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows» հատորներուն շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց եւ ամբողջ ձեռնարկը վարեց օրդ. Սօսի Լաչինեան, որ նախ գրականասէր ներկաներուն ներկայացուց ձեռնարկին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ օրուան բանախօսներուն եւ ընդհանրապէս բոլոր ելոյթ ունեցողներուն համառօտ կենսագրութիւնները։ Ապա ան բեմ հրաւիրեց ծանօթ իրաւաբան տիար Ռուբէն Աւշարեանը, որ ստանձնած էր ներկայացնել առկայ հատորները։
Իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան արդի արհեստագիտութեան լաւագոյն միջոցներով պաստառի վրայ ներկայացուց գիրքերուն բովանդակութիւնը եւ անոնց մասնագիտական առանձնայատկութիւնները։ Ան շեշտեց, որ հատորները իրենց պատմագիտական որակով միանշանակ կը տարբերին Հնչակեան կուսակցութեան վերաբերեալ ցարդ հրատարակուած աշխա- տութիւններէն, որովհետեւ անոնք ամբողջապէս հիմնուած են Զիուիցերիոյ քանթոնալ զանազան արխիւներուն մէջ պահպանուած ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով բազմաթիւ փաստաթուղթերու վրայ։ Աշխատասիրութիւնը ոչ միայն կը պարզէ Հնչակեան կուսակցութեան Ժընեւի մէջ ձեւաւորման ակունքները, կը ճշդէ համապատասխան իրադարձութեանց թուականները, այլեւ մանրամասնութեամբ կը պարզէ յեղափոխական մայր կուսակցութեան հիմնադիրներուն ինքնութիւնը։ Հոս կարելի չէ անտեսել այն բոլոր մարտահրաւէրները, որոնք դիմագրաւած են այն վեց երիտասարդ հայ յեղափոխականները,. Աւետիս Նազարբէկեան, Մարօ Վարդանեան-Նա- զարբէկեան, Ռուբէն Խան-Ազատ, Գաբրիէլ Կաֆեան, Գէորգ Ղարաջեան եւ Քրիստափոր Օհանեան,. իրագործել կարենալու համար իրենց գերազանց առաջադրանքը՝ Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութեանց լուծէն ազատա- գըրելու համար հայ ժողովուրդը՝ ստեղծելով ինքնավար Հայաստան մը։ Այս առնչութեամբ կարեւոր էր հետագայ Հնչակեան կուսակցութեան ծրագրին կազմութիւնն ու հուսկ անոր հրապարակումը կուսակցութեան նորաստեղծ պաշտօնաթերթ «Հնչակ»-ի փետրուար 1888 թիւին մէջ։
Իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան նաեւ լայնօրէն անդրադարձաւ Քսան կախաղաններու տխուր իրադարձութեան, որ լայն արձագանգ գտած էր Զուիցերիոյ եւ Իտալիոյ սոցիալիստական մամուլի էջերուն մէջ։ Առկայ հատորները փաստացի տուեալներով եւ գիտական յղումներով ցոյց կու տան երիտթուրքերու իրագործած քաղաքական ոճիրին դէմ բողոքող ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով յօդուածները, որոնց գլխաւոր հեղինակներէն մին եղած էր հայ քաղաքական եւ հասարակական ականաւոր գործիչ Արշակ Զուրաբեանը կամ Զոհրաբեանը։ Ասկէ բացի, հնչակեան Քսան կախաղաններուն վերաբերեալ ոչ-պակաս անդրադարձ կատարուած է ուղղակի Կայսերական Գերմանիոյ աւետարանական եկեղեցիներու մամուլին մէջ։ Այս բոլոր տուեալներուն առկայութիւնը եւ վերլուծումը մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ընդհանրապէս հայոց պատմագիտութեան եւ Հայ դատի ու պահանջատիրութեան հեռանկարով։
Աւշարեան առանձնայատուկ կարեւորութեամբ նշեց նաեւ հատորներուն մէկ այլ արժանիքը, որ առաջին անգամ ըլլալով հոն ուսումնասիրուած է դիւանագիտական այն կարեւորագոյն թղթակցութիւնը, որ փոխանակուած է Կայսերական Գերմանիոյ Կ.Պոլսոյ այդ ժամանակի դեսպան Հանս Ֆոն Վանկենհայմի եւ վարչապետ Թէոպալտ Ֆոն Պեթման Հոլվեկի միջեւ։
Օրուան գլխաւոր բանախօս իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանի ելոյթը արժանացաւ գրականասէր ներկաներու բարձր գնահատանքին եւ անկեղծ երախտագիտութեան։
Հուսկ բեմ հրաւիրուեցաւ լիբանանահայ յայտնի ասմունքող տիկ. Անի Եփրեմեան, որ Մեծ եղեռնի նահատակ բանաստեղծ Սիամանթոյէն արուեստի ուրոյն մեկնաբանութեամբ եւ ներշնչումով կատարեց «Կախաղաններու կատարէն» խորագրով քերթուածը։
Խօսք առաւ նաեւ գիրքերուն հեղինակը՝ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Հնչակեան կուսակցութեան Ժընեւի մէջ ձեւաւորման պատմութեան արխիւային նիւթերու աշխատանքին ձեռնարկելուն դրդապատճառները։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհահանդէսը կազմակերպող բոլոր անձերուն, «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագրութեան, օրուան հանդիսավարուհի օրդ. Սօսի Լաչինեանին, ընկ. Ռուբէն Մուղալեանին, հատորները մասնագիտական լաւագոյն մակարդակով ներկայացնող իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանին, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենա- պետ ընկ. տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանին, բայց մասնաւորապէս գրականասէր բոլոր ներկաներուն՝ իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ հոծ ներկայութեան համար։ Առաւելագոյն գնահատանքի արժանի են հատորներուն մեկենասները՝ Պաթոն Ռուժ, ԱՄՆ-ի Լուիզիանա նահանգի բնակիչներ տէր եւ տիկ. Վազգէն եւ Հայկուհի Գալթաքճեանները, որոնք յօժարակամ հոգացած էին հատորներուն հրատարակութեան բոլոր ծախսերը։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանը, որ հանդէս եկաւ եզրափակիչ խօսքով։ Ան կարեւորեց Հնչակեան կուսակցութեան պատմութիւնը վերարժեւորելու եւ վերագնահատելու անհրաժեշտութիւնը, որուն ձեռնարկած էր հատորներուն հեղինակը դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանը։
Շնորհահանդէսը իր աւարտին հասաւ ճոխ հիրասիրութեամբ՝ հայաշունչ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, բարեկամական զրոյցներով, ինչպէս նաեւ հեղի- նակին կողմէ գիրքերու մակագրութեամբ։ Հատորներու սպառումին ամբողջ հասոյթը տրամադրուեցաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան հայրենական ծրագրերուն։
Հատորները կարելի է ստանալ դիմելով հետեւեալ հասցէներուն՝
abelhratch@gmail.com, cilprint@gmail.com
Ներկայ մը