Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի 29 Նոյեմբերի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրո- ւած «թեքսթ»ը՝ « … »։
Բացայայտումներ՝ հետազօտող լրագրողներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ:
Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն:
Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան, գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն:
YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը՝
ալիքին:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Ուրեմն անցեալ Հինգշաբթի ամբողջ Ամերիկայի տարածքին ամերիկացի ժողովուրդը, ներառեալ ամերիկահայութիւնը, տօնեցին Գոհաբանութեան օրը։ Նախ- եւառաջ շնորհաւոր ըլլայ բոլորին Գոհաբանութեան օրը։ Happy Thanks-giving!
Միայն Ամերիկայի պէս երկրի մէջ է որ մարդ կրնայ երազել եւ իր երազը իրականացնել առանց որեւէ արհեստական դժուարութիւններու եւ այս խօսակցութիւնը ես տասնամեակներէ ի վեր կը լսեմ բազմաթիւ ամերիկացիներէ, ըսելով որ «only in America».
Մենք որպէս հայ ուրախ ենք Ամերիկայի համար եւ պայքարած ենք Ամերիկայի բարօրութեան համար եւ կը շարունակենք պայքարիլ, բայց նաեւ որպէս հայ մեր առաջադրանքն է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանը դառնայ իսկական Հայաստան, պիտի չըսեմ Ամերիկա, իսկական Հայաստան։ Իսկական առողջ պետութիւն, որ ուրիշներ բաղձան Հայաստան ներգաղթել, Հայաստան ժամանեն, կայք հաստատեն, երազներու երկիր դառնայ Հայաստանը։
Բայց ինչպէ՞ս կարելի է երազներու երկիր դարձնել Հայաստանը։ Ամէնէն լաւ ճանապարհը ներքին առողջութեամբ առաջնորդուիլ եւ միշտ ուշադրութեան կիզակէտին մէջ դնել երկու տեսակ հայերը։ Կան հրէշանման հայեր եւ կան հրաշանման հայեր։ Բարեբախտաբար այս օրերուն մենք ոչ միայն ականատես ենք (մենք ըսելով` աքթիւսթներս), այլ նաեւ մասնակից ենք այն փաստի իրագործման համար, որի միջոցաւ մենք հոյակապ հեռանկարի մը առջեւ կը գտնուինք։ Եւ օրը օրին, ժամը ժամին սրտացաւ աքթիւիսթ հայերու եւ հայուհիներու թուաքանակը, շարքերը կը խտանան եւ նպատակը կը յստականայ։
Այս «վարդահեղեղ արշալոյսի» մասին, որ մեր մեծ բանաստեղծը խօսած է, ատիկա ահագին աշխատանք կը պահանջէ։ Պետութիւն մը ուժեղացնելու համար, պետութիւն մը զարգացնելու համար ահագին տնային աշխատանք պէտք է։ Եւ այդ տնային աշխատանքներէն մէկը, չըսելու համար ամէնէն կարեւորագոյններէն երեք հատէն մէկ հատը մամուլի միջոցաւ՝ ազատ մամուլի միջոցաւ ներազգային ինքնամաքրման գործընթացը առաջ տանիլն է։
Մեր հետազօտական աշխատանքներու ծիրէն ներս շատ հետաքրքրական նորութիւն ունինք այսօր։ Պիտի առաջարկէի, որ իմ զրուցակիցը, պարոն Ոսկան Մխիթարեանը այդ մասին խօսի եւ շարունակենք մեր զրոյցը։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, այսօր պիտի փափաքիմ մեր ունկնդրողներուն փոխանցել զգայացունց տեղեկութիւն մը։ Եթէ կը յիշեն մեր սիրելի հեռուստադիտողները, որ նախորդ ելոյթներուն անդրադարձանք եւ բարձրաձայնեցին ըսելով երբեք չըլլանք անտարբեր մեր կառոյցներու նկատմամբ՝ Եկեղեցի, ազգային այլ կառոյցներու նկատմամբ, եթէ կը տեսնենք այնտեղ կանոնական խախտումներ։ Երբեք չըլլանք լուսանցքի վրայ կեցող եւ ըսենք որ մեզի ի՞նչ։ Ո՛չ, սիրելիներ։ Պէտք է մայր էջին մէջ ըլլանք։ Այլ խօսքով, մաս եւ բաժին ըլլանք մեր ազգային կեանքին մէջ, ըլլայ ատիկա հայրենիքէն ներս, ըլլայ սփիւռքի տարածքին, ուր բարեբախտաբար, դժբախ- տաբար, ինչպէս որ կ҆ուզէք, հայութեան մեծամասնութիւնը կ҆ապրի։
Հետեւաբար, ես միշտ կոչ պիտի ուղղեմ իմ բոլոր ելոյթներուս, որ անպայման բարձրաձայնէք։ Բարձրաձայնելով մեզի պիտի տաք այդ հաւաստիացումը, որ դուք կը հաւատաք մեր գոյութենական պայքարին։ Անտարբեր չէք կրնար ըլլալ։ Պէտք է անպայման ըլլալ բաժին, եթէ կ҆ուզենք ջահակիրները ըլլալ։ Այլ խօսքով, փոխանցել այդ ջահերը յաջորդ սերունդին, որպէսզի մեր գոյութենական պայքարը օր մը արշալոյս տեսնէ։
Այսօր պիտի խօսիմ Ռուսաստանի մէջ գտնուող հայ գաղութի մը մասին։ Իժեսք հայկական այս գաղութը Մոսկուայի հարաւը կ҆ըլլայ։ Այդտեղ գտնուող եկեղեցին 10 տարի է կառուցուած է, սիրելիներ, բայց առաջնորդարանը, ղեկավարութեամբ Եզրաս արքեպիսկոպոսին կը մերժէ եկեղեցին օծել։ Ահաւասիկ դէմ յանդիման կու գանք նորէն նոյն խայտառակութեան։ Ասիկա խայտառակութիւն է։ Ամօթ չէ միայն, ուղղակի խայտառակութիւն է։ Կ҆ըսուի նաեւ մեր կապերու միջոցաւ, որ այդ շրջանի մէջ ապրող հայերը, որովհետեւ հայ եկեղեցին տակաւին չէ օծուած, կ҆երթան իրենց խորհրդակատարութիւնները կատարելու քոյր եկեղեցւոյ մէջ։ Ես այդպէս կը կոչեմ՝ ռուսաց եկեղեցւոյ մէջ։
Ո՞ւր մնաց հայ եկեղեցին։ Ո՞ւր մնաց հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։ Գիտէ՞ք ինչու եկեղեցին չէ օծուած 10 տարի է։ Որովհետեւ Եզրաս արքեպիսկոպոս գաղութէն կը պահանջէ 200 հազար տոլար։ Սիրելիներ, չէք կրնար անտարբեր մնալ այսպիսի երեւոյթներու առջեւ։ Թէկուզ մենք հոն չենք ապրիր, բայց պարտաւոր ենք որպէս հայ բարձրաձայնելու այս խայտառակութիւնները, որպէսզի վերջ տրուի։ Չի կարելի յօդս զրկել իր հոգեւոր առաքելութենէն, որովհետեւ մենք ընչաքաղցութենէն կը տառապինք։ Քանի՞ անգամ պիտի կրկնենք, որ հայ եկեղեցին աղօթատուն է, վաճառատուն չէ։ Հետեւաբար, կը դատապարտենք այն, ինչ որ տեղի կ҆ունենայ այսօր Իժեսքի մէջ, ղեկավարութեամբը Եզրաս արքեպիսկոպոսին, որուն ականջ եւ աչք փակած են միւս բարձրաստիճան եկեղեցականները, ըլլան նաեւ այսպէս ըսուած անվաւեր Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը։
Նորութիւն մը չէ սիրելիներ եւ առաջին անգամ չէ։ Եթէ լուռ մնանք, պիտի շարունակուի այս խայտառակութիւնը։ Տակաւին ոչ շատ ուշ անցեալին այստեղ, Լոս Անճելըսի մէջ, Փասիֆիք փողոցին ******** անկիւնը Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կայ, Յովնան արքեպիսկոպոս մերժեց այդ եկեղեցին օծել, որովհետեւ Տէր Պետրոս Բաղրամեան, որ 30 տարուայ ծառայութիւն ունէր հայրենիքի եւ մասնաւորաբար Ռուսաստանի մէջ, այստեղ ծառայելէ ետք յաջողեցաւ այդ եկեղեցին կանգնեցնել։ Բայց երբ որ դիմեց Յովնան արքեպիսկոպոսին, որպէսզի գայ եւ այդ եկեղեցին օծէ, մերժեց Յովնան սրբազան, ըսելով, որ այդ կալուածը Առաջնորդարանին պիտի փոխանցէ։ Ե՞րբ վերջ պիտի տրուի այս ընչաքաղցութեան։
Միշտ կը կրկնենք. եկեղեցին ժողովուրդն է։ Մեր եկեղեցին ժողովրդավար է։ Առաջնորդարանն ալ ժողովուրդին կը պատկանի։ Կարելի չէ այսպէս շարունակել, սիրելիներ։ Բարձրաձայնեցէք, բողոքեցէք, հեռուստատեսիլէն ըլլայ, ազատ մամուլի մէջ գրեցէք, որ վերջ տրուի այս խայտառակութեան։ Չի բաւեր Սուրբ Սարգիս եկեղեցին։ Կայ երկրորդ եկեղեցին Ափլէնտի մէջ։ Սուրբ Խաչ եկեղեցին։ Նոյնն է պարագան։ Յովնան արքեպիսկոպոս կը մերժէ այդ եկեղեցին օծել, որովհետեւ տեղւոյն հոգաբարձութիւնը եւ հովիւը կը մերժեն այդ բոլորը ափսէի վրայ իրեն հրամցնել։ Վերջ, սիրելիներ։ Այս ընչաքաղցութեան վերջ։ Եթէ չխօսիք, այս խայտառակութիւնները պիտի շարունակուին։
Անցեալին խօսեցանք նաեւ Փաունտէլի եկեղեցւոյ մասին։ Այսօր եկեղեցի չկայ Փաունտէլի մէջ։ Հոն ալ կողոպտեցին ժողովուրդը։ Ժողովուրդին քրտնաջան աշխատանքով հաւաքուած գումարները եւ գնուած կալուածը Առաջնորդարանը ծախեց։ Չի կարելի։ Մեր եկեղեցին մենատիրական հաստատութիւն չէ։ Մեր եկեղեցին ժողովրդավար հաստատութիւն է։ Եւ ոչ առաջնորդ, ոչ ազգային իշխանութեան անդամներ իրաւունք ունին կեղեքելու մեր ժողովուրդին ազնիւ զգացումները։ Ահաւասիկ վերջին օրինակը Ռուսաստանի մէջ։ Ո՞վ պիտի բողոքէ, սիրելիներ։
Ռուսաստանի մէջ շատ դժուար է որ ռուսահայերը ոտքի կանգնին եւ բողոքեն այս բոլորի դէմ։ Պէտք չունիմ մանրամասնութիւններու մէջ մտնել, որտեւ գիտէք, որ պետութիւնը իր արբանեակներով ի՞նչ կրնայ ընել այդ տեղը։ Շատ բան չէ փոխուած նախկին ռեժիմէն։ Բայց մենք արտասահմանի մէջ ապրողներս, սփիւռքի մէջ ապրողներս կրնանք բարձրաձայնել եւ մեր ցասումը, բողոքը հասցնել Մայր Աթոռ։ Գարեգին կաթողիկոս պէտք է իմանայ, որ մենք սփիւռքահայերս դէմ ենք այս յափշտակութեան։ Մենք կ҆ուզենք եկեղեցին վերագտնէ իր վարկը, ինչ որ էր անցեալին։ Չմոռնաք, եկեղեցին ողնասիւնն է մեր ինքնութեան։ Մեր գոյութիւնը պահպանող այդ հաստատութիւնը դարերու ընթացքին այսօր, դժբախտաբար, վատ վիճակի մէջ է։ Բայց մենք բոլորս միասնաբար, ձեռք ձեռքի, համախոհ պիտի աշխատինք, որ հայ եկեղեցին փրկենք դէպի անդունդ երթալէն։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Պարոն Մխիթարեանի մատնանշած այդ երեւոյթը որ Մոսկուայի չարքեպիսկոպոս Եզրաս կոչեցեալը, որ 200 հազար տոլար կը պահանջէ եկեղեցին օծելու համար, շատերուս համար հարց կը յառաջանայ մեր միտքին մէջ, որ արդեօ՞ք ինքն ալ կարիք ունի այդ խոշոր գումարներուն, քանի որ ինքը արդէն ճանչցուած է որպէս մանկապիղծ, եւ իր մանկապղծութեան առթիւ զոհերը արդեօք մեծ փողեր կը պահանջեն եւ այդ թաքուն փողերը փոխանցելու համա՞ր ինքը պէտք ունի այդ 200 հազարը։
Մէկ այլ պարագայի մասին ալ խօսելով, ես իմացած եմ, որ Ռուսաստանի տարբեր շրջանի մէջ այլ հայկական համայնք մը եկեղեցւոյ օծումին համար դիմած է։ Պէտք է այդ մասին մանրամասնութիւններ ունենանք։ Բայց մօտաւորապէս այս է միտքը, որ այնտեղէն ալ պահանջած է 500 հազար տոլար։ Իհարկէ սա դեռ վաւերագրուած չէ։ Կը սպասենք հաստատ տեղեկութիւններուն եւ հետագային բացայայտում կը կատարենք այդ մասին։
Ինչպէս որ քիչ առաջ կը նշէի, մենք ունինք հրէշանման եւ հրաշանման հայեր։ Հրաշանման հայերը, ձեզմէ սկսած, բազմատասնեակ հազարներ են եւ ի պատիւ ձեզ Youtube-ի միջոցաւ, Facebook-ի միջոցաւ, տպագիր տարբերակի միջոցաւ, USA Armenian Life-ի եւ հայերէն լեզուով հրատա- րակուող Հայ Կեանք շաբաթաթերթի կայքէջի միջոցաւ, մենք մեծ ոգեւորուածութիւն կ҆ապրինք եւ երախտապարտ ենք ատոր համար, այս Գոհաբանութեան տօնի օրերուն մենք նաեւ մեր գոհունակութիւնը պէտք է յայտնենք, որ օրըստօրէ ազատ մամուլը կ҆ուժեղանայ։ Եւ ինչո՞ւ ազատ մամուլը առանձինը կ҆ուժեղանայ, ինչպէս Քանատայի Keghart.org-ը, Ամերիկայի մէջ Հայ Կեանք եւ USA Armenian Life շաբաթաթերթերը, Ֆրանսայի մէջ Նոր Յառաջը, եւ այլ աշխարհամասերու մէջ, որտեղ հայկական համայնքներ կան, կան իսկական ազատ մամուլի լրատուամիջոցներ, եւ ոչ միայն թեր- թեր կամ կայքէջեր, այլ նաեւ Youtube-եան ալիքներ։ Օր մը հետագային համապարփակ ցանկը կը ներկայացնենք եւ կ҆առաջարկենք մեր հեռուստադիտողներուն եւ ընթերցողներուն, որ ամէն կերպ աջակցին հայկական ազատ մամուլին։
Քիչ առաջ հրաշանմանի թեմայով շարունակելով, մենք նաեւ ականատես ենք եւ բարձրաձայնող ենք այն տխուր մշակոյթի առթիւ, երբ Անկլիքան եկեղեցւոյ մէջ Նիւքէսըլի արքեպիսկոպոսը բարձրաձայնեց եւ իր սըրտցաւ ըլլալու փաստը ներկայացուց, որ ինչքան դատապարտելի է Անկլի- քան եկեղեցիէն ներս վախեցման, վախի եւ կարիերիզմի մթնոլորտի առկայութիւնը։
Պէտք է ըսել, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ յատկապէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գահակալը, որ այսօր անարժանաբար բռնազաւթած է այդ սուրբ գահը, Գարեգին բ.ը եւ իր մաֆիան, ոչ միայն վախեցման մշակոյթ ստեղծած է, որ վախեցման ենթարկեն եպիսկոպոսները, վախեցման ենթարկեն աշխարհականները, վախեցման ենթարկեն վարդապետները եւ այլ մարդիկ, նաեւ Գարեգին Բ.ի առթիւ պէտք է ըսել, որ շանթաժի մշակոյթ ստեղծած է ան։ Շանթաժի մշակոյթ, որ քակէպէյշնիկ մշակոյթի շարունակութիւնն է եւ այդ շանթաժի մշակոյթով կը փորձէ ամրացնել իր դիրքերը։
Բարեբախտաբար ուժեղ նկարագրի տէր մարդիկ, առողջ նկարագրի տէր մարդիկ սկսած են բարձրաձայնել ճշմարտութիւնը եւ պիտի չզարմանանք, որ բարձրաձայնողներուն թիւը, որ արդէն կազմած է բանակ մը, աւելի պիտի ուռճանայ, եւ այս բարենորոգման շարժումը անզսպելի պիտի դառնայ։ Եւ մենք ոչ միայն ականատեսը պիտի ըլլանք բոլորս միատեղ, այլ նաեւ կերտողները պիտի ըլլանք փայլուն ապագայի։ Եւ փայլուն ապագան կը սկսի հիմա։
Վերջերս ես իմացայ, պարոն Մխիթարեան, թէ Գարեգին բ.ն նաեւ թաղ- մանական ծառայութիւն մատուցա՞ծ է։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, ինծի համար անակնկալ մըն էր. ամերիկահայ բարերար մը կը թաղուի Մայր Աթոռի մէջ, որուն ներկայ եղած է նաեւ թեմիս Յովնան արքեպիսկոպոսը։ Թաղման կը նախագահէ Գարեգին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը։ Եւ ասկէ առաջ արդէն յայտարարուած էր, Գարեգին կաթողիկոս շատ յստակ կերպով յայտարարած էր այդ մէկը, եւ իր արբանեակներու միջոցաւ տարածուած էր այս լուրը, որ ազգային բարերարներ, որոնք կոկիկ գումար մը կը յատկացնեն Մայր Աթոռին, որպէս եկեղեցասէր անձինք պիտի թաղուին Մայր Աթոռին շրջապատէն ներս։
Շատ տարօրինակ է։ Գոնէ իմ ծառայութեանս վերջին 60 տարիներուն երբեք չեմ տեսած, որ աշխարհականի մը թաղման ներկայ ըլլայ կաթողիկոսը։ Կաթողիկոսը միայն ներկայ կ҆ըլլայ, երբ որ բարձրաստիճան թեմական առաջնորդ մը հոն մահացած է, բայց վերջին շրջանին չտեսանք այդ բոլորը։ Մահացող բարձրաստիճան արքեպիսկոպոսները թաղուեցան իրենց միաբանակից եղբայրներու կողմէ։ Յամենայն դէպս, կարեւորը այն է որ անձինք գնահատուին, աշխարհական կամ եկեղեցական, գնահատուին իրենց ողջութեան եւ ոչ մեռնելէն ետքը։
Այս առիթով, կ҆ուզեմ նաեւ ակնարկել, որ տակաւին երկու օր առաջ թաղուեցաւ Գերմանիոյ նախկին առաջնորդ, Գարեգին արքեպիսկոպոս, որ երկար տարիներու ծառայութիւն ունէր Գերմանիոյ մէջ. դժբախտաբար վատառողջ վիճակով գնաց ծերանոց Գերմանիոյ մէջ, ու ապա, վատթարանալէ ետք զինք փոխադրեցին Պոլիս՝ իր ծննդավայրը, Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոց, ուր աւանդեց իր հոգին։ Կրնանք ըսել՝ Աստուած հոգին լուսաւորէ։ Այս նոյն Գարեգին արքեպիսկոպոսը, որ թեկնածու էր պատրիարքական աթոռին, բայց որովհետեւ թուրք պետութիւնը զինք յարմար չէր նկատեր այդ աթոռին, կամաց մը ճամբեցին եւ Գարեգին արքեպիսկոպոս վշտացած վերադարձաւ իր աթոռը Գերմանիոյ մէջ։ Հիմա գովասանքները լսեցէք Գարեգին արքեպիսկոպոսի մասին։ Բացէք Պոլսոյ պատրիարքութեան էջերը եւ կը տեսնէք այնտեղ ինչ գովասանքներ։
Սիրելիներ, կը կրկնեմ, անձի մը գովասանքը ըրէք իր ողջութեան, եթէ իր մէջ արժանիքներ կը գտնէք, եւ ոչ թէ իր մահէն ետք։ Հայ ժողովուրդը շատ խելացի ասացուածք մը ունի. «Գնա մեռիր, եկուր սիրեմ»։ Ինծի կը յիշեցնէ իմ հին օրերս, երբ Զարեհ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, այդքան հալածուեցաւ, արհամարհուեցաւ, դժբախտաբար, իր սիրելի ժողովուրդին կողմէ, որուն միայն սէր քարոզեց։ Իր թաղման, ես որպէս ականատես մի քանի հարիւր հազար հոգի անձրեւի տակ քալեց եւ զինք քաղաքի կեդրոնէն մինչեւ Մայր Աթոռ, որ մօտաւորապէս 25 քիլոմեթր է, այդ փողոցը քալելով գնաց։ Նոյնիսկ արաբները մերժեցին հրաժարիլ այդ տողանցքէն, եւ ըսին. «Թէկուզ անձրեւ, ճամբուն կէսէն մենք պիտի շալկենք Զարեհ կաթողիկոսը դէպի իր վերջնական տուն»։
Սիրելիներ, այյդ առիթով ալ շատ խօսած ենք։ Մարդու մը յարգը, աշխարհական թէ եկեղեցական, բարձրաստիճան թէ փոքր աստիճան, գիտցէք իր ողջութեան, գնահատեցէք իր ողջութեան եւ ոչ իր մեռնելէն ետք։ Այս բոլորը կ҆ըսեմ, որովհետեւ մեր միակ ուզած բանը արթնութեան կոչն է սիրելիներ։ Կ҆ուզենք որ մեր ժողովուրդը արթննայ։
Նայեցէք հայրենիքը ինչ վիճակի մէջ է, որուն մէջ կարեւոր դեր ունի հայ եկեղեցին։ Ունեցած է եւ պէտք է ունենայ։ Մենք այս բոլոր դժուարութիւնները, չեմ ուզեր ուրիշ բառ գործածել, տեսնելէ ետքը անտարբեր չմնանք։ Մեր փափաքը այդ է։ Բարձրաձայնենք, որ բան մը փոխուի։ Եկեղեցին դէպի անդունդ կ҆երթայ։ Նայեցէք հայրենիքի մէջ, նայեցէք պետական շրջանակներու մէջ։ Մեր Ազգային ժողովը երբեմն կրկէսի կը վերածուի։ Մենք որ կը ժպտայինք, կը խնդայինք այն ինչ որ կը պատահէր այլ երկիրներու մէջ, երբ տգիտութեան կը վերագրէինք այդ բոլորը, նոյն բանը այսօր մեր ազգային ժողովի մէջ կը պատահի։ Չունինք իրարու հանդէպ յարգանք։ Սէր չունինք՝ հասկցանք։ Լաւ, յարգա՞նք ալ չունինք իրարու հանդէպ։ Չունի՞նք հանդուրժողութիւն։ Հայրենիքն է որ ի վերջոյ պիտի տուժէ։ Ե՞րբ պիտի սորվինք զիրար յարգել, սիրել, յանուն հայրենիքի, յանուն հայ եկեղեցւոյ։ Հետեւաբար կը կրկնեմ, սիրելիներ, անտարբեր մի գտնուիք, բարձրաձայնեցէք։ Հոն, ուր որ նեխածութիւն կայ, հոն պէտք է հասնինք բուժումի։ Ատիկա ընելու համար ես ու դուն ձեռք ձեռքի պիտի աշխատինք։ Մեր անտարբերութեամբ ներկայ կացութիւնը աւելի վատթարացնենք։ Հետեւաբար իմ պատգամս է, սիրելի դիտողներ, սիրեցէք զիրար, յարգեցէք զիրար, յանուն հայրենիքի, յանուն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ի հարկէ առողջ մարդիկ են, որ իրար կրնան սիրել, իրար հանդուրժել եւ իրար հանդէպ ակնածանք զարգացնել։ Սակայն կայ հատուած մը, որ ապառողջ են։ Եւ այդ հատուածը, որ ապառողջ է, երբ որ քննադատութեան թիրախ կը դառնան եւ իրենք հասարակական կազմակեր- պութեան կամ կուսակցութեան կամ կրօնական կազմակերպութեան ղեկավար դիրքերու վրայ կը գտնուին, անմիջապէս կը փորձեն առողջ քննադատութիւն, սրտցաւութիւն արտայայտող մարդուն սխալ պիտակաւորել, ըսելով՝ «սա հակադաշնակցական է, սա հակահայ է, սա հակաեկեղեցի է»։ Եղբայր, չի՞ կարելի մէկը առողջ կերպով քննադատէ եւ այդ մարդուն ընդունիլ որպէս առողջ քննադատութեան հեղինակ եւ իր պատգամին մէջէն ամէնէն լաւ պատգամը վերցնենք եւ գործադրենք, որպէսզի հասարակական, կամ կրօնական կամ նոյնիսկ պետական կազմակերպութիւնը բարելաւուի։
Անցնող շաբաթներուն ընթացքին Անկլիքան եկեղեցւոյ մասին բարձրա- ձայնեցին աշխարհահռչակ խոշոր լրատուամիջոց Sky News-ը, CBS Television-ը, Los Angelos Times-ը, քանատական, եւրոպական, անգլիական բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, եւ ոչ մէկը այդ լրատուամիջոցներուն չպիտակաւորեց որպէս հակա-անկլիքան եկեղեցւոյ, չպիտակաւորեց որպէս թշնամի Անկլիքան եկեղեցիին, այլ կեդրոնացան փաստի վրայ. եւ պէտք է գնահատանքի խօսք ըսել Անկլիքան եկեղեցւոյ հոգեւոր ղեկավար Քէնթրպրի արքեպիսկոպոս Ճասթըն Ուէլպիին, որ մանկապղծութեան խոշոր թուաքանակի մը բացայայտման առթիւ (ինքը 2013 թիւէն սկսեալ տեղեակ էր, սակայն մերժած էր իր ուշադրութեան կիզակէտին դնել այդ փաստը, որ կրօնական անդամներ 100է աւելի երեխաներ՝ տղաներ պղծած են) հրաժարական տուաւ։ Ան ի վերջոյ, մտքի եւ հոգւոյ լուսաւորութիւնը ունեցաւ մետիայի քննադատութիւններու առթիւ, ի վերջոյ յանգելու այն եզրակացութեան, որ ինքը պէտք է հրաժարի եւ իր հրաժարականը ներկայացուց։
Իսկ իրեն որպէս հակապատկեր մենք ունինք հրէշանման, ոչ թէ հրաշանման եկեղեցականներ. Անկլիքան եկեղեցին ունեցաւ հրաշանման ղեկավար մը, որ հրէշանման գործունէութիւն ունեցած է, բայց յետոյ անդրադարձաւ, որ հրէշանման գործունէութիւն ունեցած է, հրաժարեցաւ։ Ուրեմն դարձաւ հրաշանման, փրկելով Անկլիքան եկեղեցին։ Իսկ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ պարագային պէտք է ըսել, որ մենք կը շարունակենք ունենալ հրէշանման ղեկավարներ, յանձինս Գարեգին Բ.ին, մանկապիղծ եղբօր Եզրասին եւ նաեւ հրէշանման պետական նախկին գործիչներուն։ Թէկուզ, կրնայ ըլլալ նոյնիսկ Փաշինեանի վարչակազմի մէջն ալ օրը գայ եւ բացայայտուին հրէշանման պետական գործիչներ։ Ուրեմն, ազատ մամուլի աշխատակիցներուն պարտականութիւնը չէ սիլիպիլի ընել, այլ մեր պարտականութիւնն է բացայայտում ընել, որպէսզի րոպէ առաջ առողջանայ հայ ազգը իր ամբողջականութեամբ, իր հասարակական, կուսակցական, կրօնական եւ պետական կառոյցներով։ Ուրեմն, կը շարունակենք մեր երթը, կը շարունակենք մեր բարի առաքելութիւնը, յօգուտ հայ ազգին եւ հայոց պետականութեան։