Ըստ ռուսական կարգ մը լրատուամիջոցներու Իտալիոյ Աթալանթա ակումբը լրջօրէն հետաքրքրուած է Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեանի ծառայութիւններով: Ռաֆայելա Փիմենթա, որ Սփերձեանի գործակալն է, տեսակցութիւն ունեցած էր Աթալանթա Պերկամօ ակումբի մարզական տնօրէն Թոնի Տամիքոյի հետ` հաստատելով խումբին հետաքրքրութիւնը: 

Անցեալ տարի ալ Եուվենթուս կապի մէջ մտած էր Կրասնոտարի հետ` Սփերձեանի գծով, բայց լուրջ չէին փոխանցման առաջարկները: 

Թէ Սփերձեան կ՛ուզէ՞ կամ պիտի միանա՞յ իտալական ակումբին, օրերը կը փաստեն, թէ որքա՛ն լուրջ է Պերկամօ քաղաքի խումբին հետաքրքրութիւնը: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *