Պաշտօնական Ուաշինկթըն արձագանգած է Հայաստանը զինելու մասին Ատրպէյճանի նախագահի մեղադրանքներուն՝ «Ազատութեան» յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներու անվտանգային աջակցութիւնը ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Ատրպէյճանին ուղղուած է ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի ուժերու հետ փոխգործակցութեան ամրապնդման՝ բարելաւելու բանակին արհեստավարժութիւնը, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ երկու երկիրներու սահմանի ամրապնդման։
Ռուսական պետական հեռուստաալիքներուն տուած իր վերջին հարցազրոյցին մէջ Իլհամ Ալիեւ պնդած էր, թէ Հայաստանին զէնքի մատակարարման հարցով առաջատարը Ֆրանսան է, երկրորդ տեղը Հնդկաստանն է, երրոր- դը՝ ԱՄՆ։
«Ֆրանսան ու Հնդկաստանը չեն թաքցներ, որ Հայաստանին մահաբեր զէնք կը մատակարարեն, ԱՄՆ չի խոստովանիր, բայց մենք հետեւած ենք [ամերիկեան] ռազմական բեռնատար ինքնաթիռներուն, որոնք վայրէջք կատարած են հայկական օդակայաններուն մէջ ու զինամթերք տարած»,- ըսած էր Ալիեւ։
Ո՛չ Երեւանը, ո՛չ Ուաշինկթընը երբեւէ յայտարարած են զինամթերքի մատակարարման մասին։ Ի՞նչ զինամթերքի մասին կը խօսի Ալիեւ, եւ արդեօք իրականութեան կը համապատասխանէ՞ անոր պնդումը. «Ազատութեան» այս հարցումին Պետական քարտուղարութեան խօսնակը ուղիղ չէ պատասխանած, միայն նշած է.
«Միացեալ Նահանգները Հայաստանին ու Ատրպէյճանին իր անվտանգային աջակցութիւնը այնպէս կը հաշուարկէ, որ վստահ ըլլայ, որ այն յարձակողական նպատակներով կիրառելի չէ ու չի խաթարըր կամ խոչընդոտեր կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու շարունակական ջանքերը»։
Մեթիու Միլլըր նաեւ շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգները կ’աջակցի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ շարունակական շփումներուն՝ աշխատելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։