Կրասնոտարի եւ Հայաստանի ազգային խումբի կեդրոնի յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեան կրնայ տեղափոխուիլ Հունգարիոյ ախոյեանութեան մաս կազմող «Փուշքաշ ակադեմիա» խումբ, ըստ «Արմենի ֆութպոլ» կայքին: 

20 տարեկան մարզիկը բանակցութիւններ կը վարէ հունգարական ակումբին հետ: Յարութիւնեան, որ Կրասնոտարի սան է, ռուսական խումբին հետ սկսած է խաղալ 2022-2023 տարեշրջանէն ի վեր: Ան 7 ելոյթի մասնակցած է ռուսական ակումբին հետ: Անոր պայմանագրութիւնը կ՛երկարի մինչեւ այս ամառ: Ըստ «Թրանսֆերմարքեթ»-ի, անոր փոխանցման արժէքը կը կազմէ 1 միլիոն եւրօ: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *