Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձ- նակատար Քայա Քալաս առաջարկած է յաւելեալ 2 տարիով երկարաձգել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական միութեան քաղաքացի- ական առաքելութեան տեղակայումը: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնա- սփիւռի կայանին յայտնած են Քալասի մամլոյ գրասենեակէն:
«Անդամ երկիրները ողջունած են առաջարկը եւ այս պահուս կը քննարկեն անհրաժեշտ օրինական աքթերը` Եւրոպական Միութեան խորհուրդի համա- պատասխան մարմիններուն հետ: Երկարաձգման շուրջ խորհուրդի որո- շումը կը սպասուի յառաջիկայ օրերուն», նշուած է «Ազատութեան» տրա- մադրուած գրաւոր պատասխանին յանցանքով:
Պաքուն շարունակ առաքելութիւնը կը մեղադրէ լրտեսութեան եւ շրջանի կայունութիւնը խախտելու մէջ: