Ուաշինկթըն Հայաստանի հետ ռազմավարական գործընկերութեան մասին փաստաթուղթի ստորագրման վերաբերեալ «այս պահուս դիտարկելու կամ յայտարարելու որեւէ բան չունի»: Այս մասին «Ամերիկայի ձայն»-ի հարցումին ի պատասխան յայտարարած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն: 

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան չորեքշաբթի օր չէր հերքած այն տեղեկութիւնը, թէ յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Միացեալ Նահանգները պիտի ստորագրեն ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր: 

Առանց փակագիծեր բանալու` Հայաստանի դիւանագիտութեան պետը ըսած էր, որ հայ-ամերիկեան նախկին համաձայնութիւնները կ՛ենթադրեն նման փաստաթուղթի ստորագրում: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *