Պաքուի մէջ տեղի ունեցող տնտեսական համագործակցութեան Վրաստան- Ատրպէյճան միջկառավարական յանձնախումբի նիստին ընթացքին, Վրաս- տանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախշիծէ յայտարարեց, որ Հայաստանին ու Ատրպէյճանին կ՛առաջարկեն եռակողմ համագործակցութեան նախաձեռ- նութիւն մը, որ կը նախատեսէ Հարաւային Կովկասի բոլոր 3 երկիրներուն ներգրաւումը զանազան ոլորտներու մէջ։
«Մենք անկեղծօրէն շահագրգռուած ենք յստակ գործնական քայլերու ձեռ- նարկելու եւ խթանելու շրջանին մէջ համագործակցութիւնը», ըսաւ Քոպախ- շիծէ ՝ դիտել տալով, որ այդ ծիրին մէջ ներկայացուեցաւ Վրաստանի այդ առաջարկը։
Մինչ այդ, Քոպախշիծէ միջկառավարական տնտեսական նիստին սկիզբը յայտարարած էր հետեւեալը. «Ատրպէյճան Վրաստանի կարեւորագոյն ռազ- մավարական գործընկերներէն է։ Շրջանային համագործակցութեան ծիրին մէջ, ուժանիւթային ու երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու յաջող գոր- ծունէութիւնը ապահովելը, հակամարտութիւնները լուծելը եւ շրջանին ապա- հովութեան նպաստելը կարեւոր են»։