«Եու. Էֆ. Սի.» խառն մենամարտի թեթեւ կշիռի (70 քկ) դասակարգի առաջին դիրքին համար տիտղոսի մրցումը տեղի կ՛ունենայ այս կիրակի, ուր Հայաստանը ներկայացնող Արման Ծառուկեան պիտի մրցի տիտղոսակիր իսլամ Մախաչեւի դէմ:
«Բաղձալի տիտղոսի նուաճման պարագային վերջ կու տամ իմ ասպա- րէզիս: Այդ մէկը պարզապէս պիզնըս կ՛ըլլայ… եթէ այդ մենամարտէն ետք ախոյեան դառնամ, կը մտածեմ միայն գումար բերող մենամարտերու մա- սին», ըսաւ Արման Ծառուկեան:
Իր վերջին մրցումին, Ծառուկեան «Եու. Էֆ. Սի. 300»-ի ընթացքին յաղ- թած էր պրազիլցի Չարլզ Օլիվէյրային` կէտերու առաւելութեամբ (28-29, 29- 28 եւ 29-28):
«Այս լաւագոյն մենամարտն է, որ կրնամ ունենալ: Ինչպէս կ՛ըսեն` մէկ փամփուշտով երկու նապաստակ: Որովհետեւ թէ՛ վրէժի մրցում կ՛ըլլայ, թէ՛ ալ տիտղոսային պայքար: Այնպէս որ, եթէ այս շաբաթավերջին գրաւի պիտի մասնակցիք, ինծի վստահեցէ՛ք, եւ ես ձեզ յուսախաբ չեմ դարձներ:
Յաղթելու պարագային, մենք ամբողջ գիշերը պիտի տօնենք: Կը ցան- կամ ընտանիքիս եւ խումբիս հետ տօնել: Ապա կը մեկնիմ Հայաստան, Վրաստան եւ Ռուսիա:
Կեանքիս մեծ մասը ապրած եմ այդ շրջանները: Ես պարզապէս շնորհա- կալութիւն կը յայտնեմ բոլոր այդ մարդոց, որոնք օգնեցին ինծի եւ առիթ կու տամ իրենց, որ գօտին բռնեն: Բայց գօտին կը մնայ Ռուսիա», աւելցուց Ծառուկեան:
Միւս կողմէ, այլ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Արման Ծառուկեան յայտ- նած է, որ կը ցանկար մենամարտիլ բոլոր ժամանակներու պատմական դէմք Պրուս Լիի դէմ:
