ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Աբխազիոյ հայ համայնքը (որուն թիւը, ըստ տար- բեր աղբիւրներու, 41,900էն մինչեւ 67,000ի կը հասնի, կազմելով Աբխազիոյ բնակչութեան 17.4էն մինչեւ 31 տոկոսը) սպառնալիքի տակ է: Ըստ կարգ մը լրատուական աղբիւրներու՝ այս համայնքը նոյնիսկ դիմած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, որպէսզի պաշտօնապէս դիմէ աբխազ իշխանութիւն- ներուն եւ անոնցմէ պահանջէ ապահովութեան երաշխիքներ: 

Աբխազիոյ հայերը կը պնդեն, որ տեղական կառավարութեան ընդդի- մութիւնը սերտ կապեր ունի թուրք ազգայնականներուն եւ թրքական հե- տախուզական ծառայութիւններուն հետ։ Տեղացի հայերը իշխանութեան հասնելու իրենց ջանքերուն խոչընդոտ նկատելով՝ ընդդիմութիւնը «սեւ ցանկեր» կը կազմէ եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ գրգռութիւններ կը նախա- պատրաստէ հայութեան դէմ: Հետեւաբար, հայերու դէմ ջարդերու եւ բռնու- թիւններու վտանգները չեն բացառուած: 

Ըստ Insider Abkhazia-ի՝ աբխազ ընդդիմութիւնը այս հարցին մէջ կը վա- յելէ գործօն աջակցութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մտերիմ դաշնակից Տեւլեթ Պահչելիի, որ առաջնորդն է ծայրայեղ աջակող- մեան Ազգայնական շարժում կուսակցութեան, որուն մաս կը կազմեն նաեւ ծանօթ ազգայնամոլ «Գորշ գայլերը»: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *