Անցեալ կիրակի օր Մանարայի մէջ գտնուող Ռիատիի ակումբին մէջ տեղի ունեցան ճատրակի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները: 

Լիբանանի 44 ակումբներէն 33 իրաւասութիւն ունեցող ակումբներ մաս- նակցեցան ժողովին, որուն առաջին բաժինին վարչական եւ նիւթական վի- ճակը քննարկելէ եւ զեկուցումները վաւերացուելէ ետք, երկրորդ բաժինը սկսաւ, ուր ընտրուեցան 11 անդամներ` Ալի Ժաուիշ, Էլի Հուլիշեան, Ժինան Խաթիպ, Ռաուատ Համմուտ, Տիգրան Զէյթճեան, Իմատ Ապու Խալիլ, Հա- պիպ Խալիլ, Էլիաս Խայրալլա, Սայէտ Շամիէ, Ապպաս Տարուիշ եւ Խալետ պատիհ: 

Ընտրութենէն ետք, ամէնէն տարեց անդամը` Էլիաս Խայրալլա ընտրուած 11 անդամները ժողովի հրաւիրեց ընտրելու դիւանը, որ ունեցաւ հետեւեալ պատկերը. 

Ռաուատ Համմուտ ընտրուեցաւ ֆետերասիոնի նախագահ, մինչ Անդրա- նիկի ճատրակի ակադեմիայի տնօրէն Տիգրան Զէյթճեան եւ Հապիպ Խալիլ ընտրուեցան փոխնախագահներ, Խալետ Պատիհ ընտրուեցաւ քարտուղար, Ալի Ժաուիշ ընտրուեցաւ գանձապահ, իսկ Իմատ Ապու Խալիլ` հաշուապահ: Էլի Հուլիշեան, Ժինան Խաթիպ, Ապպաս Տարուիշ, Սայէտ Շամիէ եւ Էլիաս Խայրալլա կ՛ամբողջացնեն ֆետերասիոնի 11 անդամները: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *