Ազգային Ժողովը Փետրուար 12-ի նիստին առաջին, երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց շարք մը նախագիծեր: 

Առաջին ընթերցմամբ ընդունուած նախագիծերու շարքին է «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» նախագիծը: 

Զայն ԱԺ-ին մէջ ներկայացուց նախագիծի նախաձեռնող խումբի անդամ Արտակ Զէյնալեանը: Նախաձեռնող խումբը մէկ ամսուան մէջ հաւաքած էր աւելի քան 60 հազար քաղաքացիի ստորագրութիւն, ըստ այդմ՝ կառա- վարութիւնը հաստատած էր համապատասխան որոշման նախագիծը, որ քննարկման ներկայացուած էր Ազգային Ժողովին մէջ: 

Օրէնքի նախագիծին մէջ կը նշուի՝ Հայաստանը, արտայայտելով ժողո- վուրդին կամքը, խնդիր դնելով Հայաստանը դարձնել անվտանգ, ապահով, զարգացած բարեկեցիկ երկիր, կը յայտարարէ Հայաստանի՝ ԵՄ-ին անդա- մակցելու գործընթացի մեկնարկը: 

«Հայաստան» խմբակցութիւնը մասնակցեցաւ քուէարկութեան: «Քաղա- քացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը կողմ քուէարկեց նախագի- ծին: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *