Երուսաղէմի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» կոչուող տարածքը կը շարունակէ մնալ պայքարի եւ բախումներու կեդրոն:
Նախորդ տարուան գարնան ոստիկաններու հսկողութեամբ տարածք եկած են «Կովերու պարտէզ»-ը 98 տարիով վարձակալած իսրայէլեան ընկե- րութեան խումբ մը ներկայացուցիչներ, որոնք աւերած են հերթապահութեան երկու տնակները:
«Կովերու պարտէզ»-ը իսրայէլեան կողմին պէտք էր անցնէր վիճայարոյց պայմանագիրով մը, որ կնքուած էր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին հետ, աւելի ուշ հայկական կողմը ամբողջովին չեղեալ յայտարարած էր պայ- մանագիրը եւ իր կարգին դատարան դիմած: Պարտէզը հայկական պահելու համար` տեղւոյն հայերը կը շարունակեն պայքարիլ:
«Կովերու պարտէզ»-ը կը գտնուի հայկական թաղամասի 25 առ հարիւրին վրայ: Իսրայէլեան «Քանսա Կարտընս» ընկերութիւնը ըստ այդ վիճելի պայ- մանագիրին, կը փորձէ տիրանալ Հայոց պատրիարքարանի շինութիւն- ներուն եւ հինգ տուներու` տեղը շքեղ պանդոկ կառուցելու նպատակով:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը փաստած է, որ ինք պայմանագիրէն տեղեակ չէ եղած, ատոր կնքման համար կը մե- ղադրէ արդէն կարգալոյծ յայտարարուած միաբան մը: