Օրերս հայկական պաշտօնական հրաւէրով Հայաստան այցելած խումբ մը թուրք լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Հայաստանի Հան- րապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին` մասնաւորապէս նշելով. «Մեր պաշտօնական դիրքորոշումը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանա- չումը այսօր չի գտնուիր մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնա- հերթութիւններու շարքին»: 

Այդ մասին կը յայտնէ akunq.net- ը` վկայակոչելով թրքական լրա- տուամիջոցները: 

Աղբիւրին համաձայն, Փաշինեան նաեւ յայտարարած է. «Ես թէ՛ Հայաս- տանի մէջ ելոյթ ունենալու ժամանակ եւ թէ՛ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն հետ զրոյցներու ընթացքին կ՛ընդգծեմ պատմութեան եւ ներկայի միջեւ տարբերութիւն դնելու անհրաժեշտութիւն: Մենք չենք կրնար պատմութիւնն ու ներկան նոյն ձեւով ընկալել, քանի որ ներկան ներկայ է, իսկ պատմութիւնը` անցեալ»: 

Նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործ- ընթացին անդրադարձած Փաշինեան ըսած է, որ երբ անցեալին հետ կը համեմատենք ներկայիս երկու կողմերուն միջեւ ծաւալուող երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը, կը նկատենք, որ նշանակալի զարգացում եւ որո- շակի յառաջընթաց արձանագրուած է: 

«Ես քաղաքական կամք կը տեսնեմ, սակայն կարեւորը այն է, որ այդ կամքը երկու կողմերէն ալ շարունակէ դրսեւորուիլ: Եթէ այդ գործընթացին դիտմամբ փոխադարձ կերպով վնաս չտանք, ապա ըստ իս` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը արդէն միայն ժամանակի հարց կը դառնայ»: 

Այսպիսով, ինչպէս որ սպասելի էր, Փաշինեան թուրք լրագրողներու միջո- ցով Թուրքիոյ եւ համայն աշխարհին ազդարարած է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացէն Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններու հրաժարման մասին: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *