Ղազախստան կ՛ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան եւ միջ- պետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի նախագիծի բնագիրին շուրջ բանակցութիւններու աւարտը: Ըստ «Սփութ- նիք» գործակալութեան ղազախական ծառայութեան՝ յայտնեց Ղազախս- տանի նախագահ Քասիմ Ժամարթ Թոքաեւ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Ըստ Թոքաեւի՝ այս նշանակալից իրադարձութիւնը պիտի ըլլայ Հա- յաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման նա- խանշան եւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը պիտի նպաս- տէ Հարաւային Կովկասի, Ղազախստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիր- ներուն միջեւ համագործակցութեան աշխոյժ զարգացման:
Ասոր կողքին, Ղազախստանի ղեկավարը յայտնեց «ներքին գործա- րարներու պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստան ապրանքներու մատա- կարարումը 350 միլիոն տոլարով աւելցնելու»: