Գրեց՝ Վեր. Դոկտ. Վահան
Յ. Թութիկեան
Հայոց Ցեղասպանութիւնը Համաշ- խարհային Առաջին Պատերազմի եւ անոր յաջորդող քանի մը տարինե- րու ընթացքին մեր ազգային պատ- մութեան ամենէն տխուր դէպքե- րէն մէկն է: Ամէն տարի ողջ հայու- թիւնըկ›ոգեկոչէ յիշատակը այն բիւ- րաւոր հայերուն, որոնք զոհ գա- ցին Օսմանեան պետութեան կող- մէ գործադրուած այս ցեղասպա- նութեան: Ամէն տարի գիտակից հա- յերու մտքին միջ հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ են մեր պարտականութիւնները Ցեղասպանութեան նկատմանբ: Ստորեւ յիշենք հետեւեալ կարեւոր պարտականութիւնները.-
Առաջին, յարգանքով խոնարհիլ մեր նահատակներուն յիշատակին առ- ջեւ: Ցեղասպանութեան պատմական տարելիցներուն առիթներով, պաշտա- մունքով եւ հանդիսութիւններով, երգով ու խօսքով եւ այլեւայլ մշակութային ձեռնարկներով կ›ոգեկոչենք անոնց յիշատակը: Այս առիթով, խոր յուզումով կը յիշենք մեր պատմութեան ամենէն եղեռական այս ողբերգութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ մտայղացուած եւ գործադրուած Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ: Յուզումով ու վրդովումով կը յիշենք մեր ժողովուրդի բռնագաղթը իր երեքհազարամեայ հայրենիքէն, մեր մէկ ու կէս միլիոն զոհերն ու նահատակները, այն նիւթական եւ մշակութային ահաւոր կորուստը, որուն տարողութիւնը ազգովին կը զգանք աւելի քան դար մը ետք, կորուստ մը որ անհաշուելի եւ անչափելի է:
Երկրորդ, մեր սրտագին երախտագիտութիւնը կը յայտնել առ Աստուած՝ Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն համար: Թէեւ մարդկօրէն հնարաւոր չէ բացատրել թէ ինչու՞ համար պատահեցաւ այս աղէտը, թէ ինչու՞ համար մեր անմեղ ժողովուրդին բաժին եղաւ այդչափ աներեւակայելի չարիք: Սակայն իրազեկ ենք այն իրողութեան որ ասիկա աստուածային պատիժ մը չէր, այլ մարդկային ոճիր մը ի գործ դրուած անգութ եւ վայրագ մարդոց կողմէ: Ի հեճուկս այս ամէնուն, հայ ժողովուրդը, ինչպէս անցեալ դարերուն, Մեծ Եղեռնի տարիներուն ալ, կառչած մնաց իր հաւատքին, եւ աստուածատուր զօրութեամբ ոտքի կանգնեցաւ ու շարունակեց ապրիլ եւ ստեղծագործել: Հայ ժողովուրդինն է եղեր նաեւ Եզեկիէլ մարգարէի չորցած ոսկորներու յարութեան տեսիլքը: Ինչպէս Գողգոթայէն անդին տեղի ունեցաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը, մենք ալ ազգովին վկայեցինք թէ Տէր-զօրներէն եւ Միջագետքի անապատներէն անդին ալ տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդին յաղթական յարութիւնը:
Երրորդ, մեր երախտագիտութիւնը յայտնել բոլոր անոնց որոնք օգնու- թեան ձեռք կարկառեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ արաբ հիւրասէր եւ հայասէր ժողովուրդները, որոնք լայնօրէն բացին իրենց դռները գաղթական հայ ժողովուրդին առջեւ եւ ջերմ ու գուրգուրոտ վերաբերում ցոյց տուին անոնց: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ ամերիկացի բարերար ժողովուրդը, որ իր «Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց»ով միլիոնաւոր տոլարներով օգնեց հայ ժողովուրդին: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ Եւրոպական բարեսիրական, մարդասիրական եւ միսիոնարական կազմակերպութիւնները, որոնք մեր վիրաւոր ու արիւնաքամ «Մնացորդաց»ին համար եղան ճշմարիտ «Բարի Սամարացի»ներ: Ամէն Ցեղասպանութեան ոգեկոչում յիշեցում մը հանդիսանալու է մեզի համար, թէ քաղցր պարտք ու պարտականութիւն համարելու ենք մեր երախտա- գիտութիւնը յայտնելու մեր անցեալի բոլոր բարերարներուն:
Չորրորդ, յիշեցնելու ենք համայն աշխարհի, որ որեւէ ցեղասպա- նութիւն՝քրէական ոճիր մըն է մարդկութեան դէմ գործուած: Օսման Երիտասարդ Թուրքերու կողմէ ի գործ դրուած ցեղասպանութիւնը ոչ միայն հայ ազգին դէմ, այլ ամբողջ մադկութեան դէմ աններելի ոճիր մըն էր: Ամէն ոգեկոչում դիպուկ յիշեցում մը ըլլալու է մեզի, դատապարտելու բոլոր այն ազգերը, որոնք ցեղասպանութեան ոճիրը կը գործեն այլ ազգերու դէմ: Եւ մենք կարեկցելու ենք բոլոր անո՛նց, որոնք անմեղ զոհեր են նմանօրինակ անմարդկային արարքներու:
Հինգերորդ, յայտարարելու թէ որպէս հայորդիներ, տէր ու պաշտպան պի- տի մնանք Հայ Դատին: Պէտք է հաւատանք որ Հայ Դատին պահանջա- տիրութեան հիմնաքարը անժամանցելի արդարութիւնն է: Այդ պատճառով շարունակելու ենք մեր պայքարը յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն: Անտարակոյս, մեր Դատի յաջողութիւնը երկար ժամանակի կը կարօտի, սա- կայն պէտք չէ յուսալքուինք: Յաճախ ազգերու իրաւունքները մէկ սերունդի ջանքերով ձեռք չեն ձգուիր: Ամէն սերունդ ունի իր դերն ու պարտքը: Մեր դատի պաշտպանութեան ծանր հրետանին հայութեան միացեալ կամքն ու հետեւողական աշխատանքն է:
Վեցերորդ, ուխտելու ենք հաւատարիմ մնալ մեր հայ քրիստոնեայ ինք- նութեան: Խորապէս կը հաւատանք որ զօրաւոր ազգ մը ըլլալու համար անհրաժեշտ է մեր քրիստոնէական եւ հայեցի արժէքները պահել եւ զօրացնել: Դարերու ընթացքին, մեր քրիստոնէական հաւատքին ու մեր մշակութային արժէքներուն շնորհիւ է, որ կրցած ենք դիմակալել ահաւոր աղէտներ, կո- տորածներ եւ ցեղասպանութիւններ եւ կրցած ենք անոնցմէ դուրս գալ եւ գոյատեւել: Պէտք է հաւատանք նաեւ որ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու նկատմամբ մեր տարած աշխատանքներէն անբաժան, ունինք ուրիշ կա- րեւոր պարտականութիւններ՝ նոր սերունդները քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեամբ թրծելու: Այդ առաջադրութեամբ անհրաժեշտ կը համարենք զանոնք մեծցնել քրիստոնէական սկզբունքներով, հայրենիքի եւ հայ մշակոյթի սիրով:
Ապահովաբար, այս ազնիւ առաքելութիւններու կոչումով ապրող նոր սերունդներ՝ համադրուած ու համակարգուած աշխատանքով՝ պիտի յա- ջողին Հայ Դատի խիզախ երթը իր յաջող աւարտին հասցնելու:
Արդ, Ցեղասպանութեան տարեդարձները դառնալու են մեզի ոչ միայն ոգեկոչումի, այլ նաեւ, եւ մանաւանդ, վերանորոգումի առիթներ՝ ապրելու այն արժէքներով եւ սկզբունքներով որոնց համար մեր նախահայրերը նահատակուեցան: