ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այս վերջին մի քանի օրերուն Հայաստանէն ներս եւ ամբողջ սփիւռքի տարածքին վերարծարծուեցաւ այն խիստ կարեւոր փաստը, որ արդեօ՞ք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, որ հայկական պետականութեան եւ հայ ազգի անբաժան մասնիկը եղած է դարերու ընթացքին եւ ծառայողական ոգիով իր առաքելութիւնը հետապնդած է, առեւանգուած է եւ ովքե՞ր առեւանգած են։ Արդեօք այսօրուայ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան Աթոռը բռնազաւթած աշխարհական անունով Կտրիճ Ներսէսեան, որ կոչուեցաւ, դժբախտաբար, Գարեգին Բ. չկաթողիկոս, իրօք, ինքը իր կուսակը- րօնութեան ուխտը խախտած է, ապօրինի կենակցելով Լոլա անունով, հայ կնոջ մը հետ եւ անկէ զաւակ կամ զաւակներ ունենալով։ 

Ըստ բազմաթիւ արժանահաւատ աղբիւր- ներու, շատ օրինախախտումներ կան, որ կատարած է, ուր իւրաքանչիւր խախտում, որ կատարած է, Գարեգին Բ. չկաթողիկոսը, արդէն ինքնին արդարացի պատճառ է կամ կրնայ ըլլալ իր գահազրկման համար։ Վերջերս վարչապետ Փաշինեան իր հերթին, ոչ թէ որպէս պետական գործիչ, այլ որպէս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներէն մէկը, բարձրաձայնելու սկսաւ եւ արդարացի է։ Եթէ մեր հայրենակիցներէն ոմանք կ҆ըսեն «պրաւօ, կը միջամտէ», սխալ է։ Ուրիշներ կ҆ըսեն պէտք չէ միջամտէ, պէտք չէ պետութիւնը միջամուխ ըլլայ եկեղեցիի կեանքէն ներս։ Այդ ալ սխալ է։ Ինչո՞ւ։ Ըսեմ։ 

Որովհետեւ միջնադարէն ետքը հաւաքական արեւմուտքը եւ յատ- կապէս կաթողիկէ եկեղեցին եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ աշխարհը, կազմակերպուած պետականութիւններու յարկէն ներս, բոլորն ալ, առանց բացառութեան, սկսած՝ Ամերիկայէն, մինչեւ ամենափոքր ժողո- վըրդավարական պետութիւնը Եւրոպայի մէջ, բոլորն ալ, նովին գործով պարտականութիւն ունին քաղաքացիներուն իրաւունքները պաշտպանելու։ 

Երբ որ վերջին տասնամեակներուն Ամերիկայի մէջ մանկապղծութեան խնդիր առաջացաւ, բացայայտումներ եղան եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ անդամ ընտանիքներու զաւակները պղծուեցան կաթողիկէ քահանաներու կողմէ, Ամերիկայի պետութիւնը բարիք չըրաւ այդ ընտանիքներուն դատական գործընթացը իր վրայ վերցնելու եւ ամերիկեան դատարաններէն ներս արդար վճիռ կայացնելու։ Բարիք չըրաւ։ Պարզապէս իր պարտականութիւնը ըրաւ։ Այնպէս որ, մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ բաժակ մը ջուրին մէջ փոթորիկ ստեղծեն գարեգինապաշտները եւ ռսաստրուկները, որովհետեւ մենք շատ լաւ գիտենք, արդէն հիմա իրազեկուած ենք, որ Ռուսական Դաշնութիւնը, որ իրաւայաջորդն է ցարական Ռուսաստանին, նոյն քաղաքականութիւնը կը վարէ եւ Հայաստանէն ներս Պոլոժենիյա անունով այդ տխրահռչակ հասկացողութիւնը կամ փաստաթուղթը կամ գործելաձեւը մէջտեղ բերած են, դեռեւս 1800 թուականներուն, եթէ չեմ սխալիր, եւ այն ժամանակուընէ արեւելահայոց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իրաւազրկուած է, ի հակապատկեր արեւմտահայ մեր եղբայրներու եւ քոյրերու, որոնք մինչեւ այսօր ազատ աշխարհի մէջ կը բանեցնեն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Օրէնսդրութիւնը։ 

Հիմա, ամէնէն կարեւոր հարցը, որ ես պիտի փափաքէի ներկայացնել իմ զրուցակիցին՝ պարոն Մխիթարեանին, որպէսզի այս խնդիրը շատ չերկարի եւ մեր ներքին դաւաճանները չկարողանան հասնիլ իրենց նպատակին, Հայաստանը ապակայունացնելու՝ ի՞նչն է հարկաւոր։ 

Հարկաւոր է, ըստ բազմաթիւ սրտցաւ հայերու, որ րոպէ առաջ օրէնքը նաեւ գործէ Հայաստանի մէջ եւ նախկին Սովետի տարածքին։ Հիմա քանի որ Հայաստանի վարչական վերահսկողութենէն դուրս է նախկին Սովետի տարածքը, իրատեսական չէ, որ մենք ակնկալենք օրինակի համար Պելառուսի մէջ, կամ Ռուսաստանի մէջ կամ որեւէ այլ նախկին սովետական երկրի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Օրէնսդրութիւնը լիակատար կերպով գործէ։ Սակայն այստեղ մենք ունինք խիստ կարեւոր առաջադրանք, որ րոպէ առաջ Հայաստանի մեր հաւատացեալ քոյրերը, եղբայրներն ալ համակարգային ձեւով միանան, ինչքան շուտ որ հնարաւոր է ազատ աշխարհի մէջ արդէն գործող, կազմակերպուած եկեղեցական կեանքին։ Ինչպէ՞ս, պարոն Մխիթարեան։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, այս բեմադրութիւնը երկու ճակատ ստեղծեցին՝ իշխանութիւն եւ եկեղեցի։ Զիրար մեղադրեցին։ Եկեղեցին քաղաքականութիւն փորձեց ընել, անոնք որոնք եկեղեցի կ҆ուզէին պաշտպանել, եկեղեցւոյ կողքին կանգնեցան, անոնք, որոնք իշխանութիւն կ҆ուզէին պաշտպանել՝ իշխանութեան կողքին։Հարցը հոն չէ, սիրելիներ։ Նախ, պայքար չկայ եկեղեցւոյ դէմ։ Ժողովուրդը պէտք է յստակ հասկնայ։ Պայքարը եկեղեցականներու դէմ է։ Բոլոր անոնք, որոնք կ҆ըսուի յստակ կերպով, իրենց ուխտը ուխտադրուժ եղած են ձեւով մը։ Հետեւաբար, չմեծցնենք հարցը։ Եկեղեցին լուրջ հարց ունի այստեղ եւ այդ հարցը մենք ինչպէ՞ս կրնանք լուծել։ Անոր համար այստեղ հաւաքուած ենք, որպէսզի մեր ժողովուրդը յստակ կերպով իրազեկ դառնայ։ 

Սիրելիներ, եկեղեցին եկեղեցականութիւնը չէ։ Եկեղեցին դուն ես, ես եմ, ան է։ Ժողովուրդն է եկեղեցին։ Հետեւաբար վերջին խօսքը միշտ եկեղեցիին է։ Հետեւաբար այս պարագային եթէ ժողովուրդը դժգոհութիւն ունի, իր ձայնով իրաւունք ունի իր պատգամաւորներու միջոցաւ եկեղեցւոյ հեղինակութեան պարտադրել, որպէսզի Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով տեղի ունենայ, որովհետեւ ի վերջոյ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովին իրաւասութիւնն է կաթողիկոսը վաւերացնել եւ կամ կաթողիկոսը իր աթոռէն հեռացնել։ 

Այս պարագային, կը տեսնէք, միշտ կը խօսինք։ Այո, եկեղեցին ճահիճի մէջ է։ Այո, եկեղեցականներ կը փորձեն իրենք զիրենք պաշտպանել։ Տակաւին երէկ էր, Աջապահեան սրբազան կ҆ըսէր՝ «ի՞նչ գործ ունիք դուք մենք կուսակրօն ենք, թէ ոչ»։ 

Այ սրբազան, եկեղեցին դուք չէք, դուք եկեղեցւոյ սպասաւորներն էք։ Դուք օրինակ պիտի ըլլաք ժողովուրդին։ Չէք կրնար ժողովուրդին ըսել «մեզի հետ գործ չունիք, մենք ինչ որ ուզենք կ҆ընենք»։ Սիրելիներ, եկեղեցին սահմանադրութիւն, կանոնագրութիւն ունի։ Եւ իւրաքանչիւր եկեղեցական, բարձրէն մինչեւ փոքրը, պարտաւոր է ատոր ենթարկուիլ։ Ի վերջոյ, կը կրկնեմ, եկեղեցին դուք էք, եկեղեցականները չեն։ 

Այս տակնուվրայութիւնները կային, բայց եկած է ժամանակը, որ չշարունակենք։ Մէկը ձեզի չպարտադրեց, որ կուսակրօն ըլլաք։ Եթէ չէիք ուզեր կուսակրօն ըլլալ, քաղաքական ասպարէզ կ҆ուզէիք մտնել, քաղաքական ասպարէզ մտնէիք։ Բայց երբ որ ընդունած էք, ծունկի եկած էք կուսակրօն ըլլալու, այլեւս պարտաւոր էք այդ ուխտը կատարել, որովհետեւ այդ ուխտին մէջէն դուք ժողովուրդին օրինակ պիտի դառնաք ձեր կենցաղովը։ Չէք կրնար ըսել, որ «ես ուզածս կրնամ ընել, ձեզի ի՞նչ»։ «Ես խորհրդակատարութիւնները կ҆ընեմ եւ կը վերջանայ», Ոչ, սիրելիներ։ 

Եկեղեցին խորհրդակատար եկեղեցականներու չէ որ պէտք ունի։ Եկեղեցին պէտք ունի բարոյական տիտաններու։ Բոլոր անոնք, որոնք կրնան սէր տարածել ժողովուրդին մէջ։ Այդ կ҆ակնկալէ ժողովուրդը ձեզմէ։ Այսօր մոռցած էք այդ բոլորը եւ ձայն չէք հաներ, երբ որ եկեղեցին հարուածի տակ է, ոչ թէ իշխանաւորներու կողմէ, օտար եկեղեցիներու կողմէ՝ ձայն չէք հաներ։ 

Այսօր 25 տարի է աթոռի վրայ ես, Գարեգին կաթողիկոս։ Ինչեր պատահեցաւ նախորդ իշխանութիւններու օրով։ Արդեօք պէ՞տք է թուել։ Ձայն չհանեցիք։ Մեր ազնիւ եղբայրները Երեւանի փողոցներուն վրայ գնդակահարուեցան։ Ձայն չհանեցիք։ Երկիրը պարպուեցաւ, ձայն չհանեցիք։ Տակաւին երէկ Ատրպէյճանը յայտարարեց Վատիկանի մէջ, որ Արցախի մէջ գտնուող բոլոր հայկական կոթողները ալպանական են։ Ձայն չհանեցիք։ Կիրիլ պատրիարքը ձեզի շքանշան տուաւ, Գարեգին կաթողիկոս։ Ընդունեցիք։ Այդ նոյն Կիրիլ պատրիարքը Ատրպէյճանի բռնակալի կնոջ շքանշան տուաւ։ Պաքուի արքեպիսկոպոսը՝ Կիրիլի ներկայացուցիչը, ըսաւ որ Բարթուղիմէոս առաքեալ հայերուն առաքեալը չէ։ Նորէն ձայն չհանեցիք։ Ե՞րբ պիտի հանէք ձայն։ Հիմա փողոց ելեր էք, իշխանութեան տապալումը կ҆ուզէք։ Յանուն որո՞ւ։ Որո՞ւ համար կ҆աշխատիք։ 

Տակաւին նախորդ ելոյթներէն մէկուն ձեզի հարց տուի, Գարեգին կաթողիկոս․ Փութինը ձեզի շքանշան տուաւ, գացիք ռուսական դեսպանատունէն առիք, ձեզի չբերին ատիկա։ Ձեր ո՞ր արժանիքի համար, չըսի ես, ո՞ր ծառայութեան համար ձեզի տրուեցաւ այդ շքանշանը։ Ժողովուրդը այս բոլորը կը տեսնէ։ Այս բոլորէն յետոյ տակաւին կ҆ակնկալէք, կը սպասէք, որ ժողովուրդը յարգանք ունենայ ձեզի հանդէպ։ 

Ցոյց տուէք ձեր կենցաղով, կեանքի օրինակով, որ դուք կը հաւատաք Աւետարանի ուսուցումներուն։ Այդ չէ, որ ցոյց կու տաք։ Այսօր 25 տարի է որեւէ ձեւով չէք քաջալերած, որ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով ըլլայ, հակառակ բոլոր խախտումներուն։ Պայման էր։ Օրէնքը կը պարտադրէ, որ ատենը մէյ մը Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով ըլլայ, որ վերատեսութեան ենթարկուի եկեղեցւոյ կեանքը, որպէսզի այս խայտառակութեան չհասնինք։ Բայց դուք մենատէրը դարձած էք եկեղեցիին։ Մոռցած էք, որ ժողովուրդն է եկեղեցին, դուք չէք։ Դուք պարզապէս սպասաւորներն էք։ Պիտի փորձէք ձեր կենցաղով միջնորդ ըլլալ ժողովուրդին եւ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան։ Այն ալ չէ։ Եւ այսօր կը յայտարարէք մեր գործն է, մենք ինչ կ҆ուզենք, կ҆ընենք։ Մի՛ խառնուիք մեր գործին։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Որոշ ժամանակ առաջ պարոն Մխիթարեանը նկարագրեց մանրամասն կերպով թէ ինչպէս յայտնի ամերիկահայ փաստաբան Վարդգէս Եղիայեանը ականատես եղած է Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսէսեանի Արարատեան թեմի առաջնորդ եղած ժամանակ, Գարեգին Բ կենակցած է Լուիզ Սիմոնին հետ, եւ Լուիզ Սիմոնի միջոցով Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 20 միլիոն տոլարը օգտագործուեցաւ որպէս կաշառք, որպէսզի այդ օրը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան առթիւ, Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովը, որ լիագումար նիստ գումարելու համար ժամանած էր աշխարհի չորս վայրերը, առեւանգուեցաւ։ 

Այդ hանգամանքը ինքնին արդէն ցոյց տուաւ, որ օրէնքը առեւանգուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն ներս, նախկին Սովետական Հայաստանի մէջ։ Շատերուս համար հիմակուայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, դժբախտաբար, կը շարունակէ դեռեւս ցարական, սովետական եւ ինչու չէ, նաեւ օսմանական Հայաստան որակաւորում ստանալ։ 

Ատիկա ուրիշ թեմա է։ Շատ պիտի չխորանանք, որտեւ մեր հիմնական թեման այսօր մեր պարտականութիւնն է, միանալ մեր նման հետազօտող լրագրողներուն աշխարհի չորս կողմը, որպէսզի մեր ժողովուրդին, հաւատացեալ ժողովուրդին անընդհատ զգուշացնենք, յիշողութիւնները թարմացնենք իրենց եկեղեցական ծնեալ իրաւունքին մասին։ 

Այս պարագային, շատ պարզ է, Հայաստանի ժողովուրդը իրաւունք ունի ինքնակազմակերպուելու, եւ քանի հատ որ թեմ կայ, իւրաքանչիւր թեմի հաւատացեալ ժողովուրդ իրաւունք ունի ներեկեղեցական կառոյց ստեղծելու, որտեղ այդ իւրաքանչիւր թեմի հաւատացեալները իրենց հերթին իրե՛նք ընտրեն պատգամաւորները եւ ոչ թէ օրուան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռը բռնազաւթած Գարեգին Բ.ն նշանակէ։ 

Ես ուրախ եմ, որ ներկայ իշխանութիւնները վերջապէս ժամանակը կարողացան ստեղծել եւ ականջալուր ըլլալ, եւ պատրաստակամութիւն յայտնել, որ օրէնքը բանեցնեն Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս։ Բարիք չեն ըներ։ Եւ մեր ժողովուրդը բարիքի պէտքը չունի։ Ինչպէս որ Ամերիկայի կամ Եւրոպայի մէջ հասարակութիւնը բարիքի կարիք չունի։ Օրէնք կայ, իւրաքանչիւր պետութիւն ունի իր գերագոյն օրէնքը, որ սահմանադրութիւնն է, այդ սահմանադրութեան տրամադրութիւններէն ելլելով, իւրաքանչիւր քաղաքացի, իւրաքանչիւր հասարակական կամ կրօնական կազմակերպութեան անդամներուն իրաւունքները կը պաշտպանուին։ 

Ճիշդ է, Ամերիկայի կառավարութիւնը կ҆ըսէ, դուք, օրինակի համար, քրիստոնէական հաստատութիւն էք, գացէք, դուք ձեզի կառավարէք։ Բայց, եթէ անարդարութիւն մը եղաւ, ընդհանուր դատախազը, եթէ ըսենք Քալիֆորնիոյ մէջ է, Քալիֆորնիոյ Ընդհանուր Դատախազը ստիպուած պէտք է միջամտէ։ 

Շատ կարճ օրինակ մը. ասկէ քանի մը տարի առաջ գարեգինապաշտներու Լոս Անճէլըսեան մաֆիայի ճիւղը, փորձեցին առեւանգել «Արարատ» Տարեցներու Տունը, անդամներու քուէարկութեան իրաւունքը ջնջելու փորձ կատարելով «Արարատ» Տարեցներու Տան սահմանադրութիւնը ուզեցին չարափոխել եւ երբ որ իմացան, որ անդամները արդէն պատրաստ են Քալիֆորնիոյ Ընդհանուր Դատախազութեան դիմելու, որպէսզի իրենց զեղծարարութիւնը վերահսկողութեան տակ դրուի, անմիջապէս ետ կանգնեցան։ Հիմա, Քալիֆորնիոյ կառավարութիւնը բարի՞ք ըրաւ։ Ոչ։ Իր պարտականութիւնը ըրաւ։ Սա տարրական պարտականութիւն է պետութեան մը կողմէ հանդէպ իր քաղաքացիներուն։ 

Պարոն Մխիթարեանը եւ ես անցնող քանի մը օրերու ընթացքին բազմաթիւ սրտացաւ հայորդիներու եւ հայուհիներու հետ զրոյց ունեցած ենք եւ հասարակաց յայտարարը հետեւեալն է. որպէսզի Հայաստանէն ներս կացութիւնը վերահսկողութենէ դուրս չելլէ, որովհետեւ ռսաստրուկներուն, յանձինս Գարեգին Բ.ին, Ռոպերթ Քոչարեանին, Սերժ Սարգսեանին եւ սովետականացած դաշնակցութեան ղեկավար Հրանդ Մարգարեանին երազանքն է եւս մէկ հոկտեմբեր 27 իրականացնել, որպէսզի Հայաստանը ինչպէս որ 1999ի 27 հոկտեմբերին, երբ հայկական ինքնիշխանութեան ճանապարհը բռնած պետութեան ղեկավարներուն գլուխը թռցուեցան, այդ մասսայական սպանութիւնները եղան, սպարապետ Վազգէն Սարգսեան, խորհրդարանի նախագահ Կարէն Տեմիրճեան եւ այլ պետական գործիչներ իրենց կեանքը կորսնցուցին, ոչ միայն իրենց կեանքը, այլ հայկական պետականութիւնը իր պետականութեան ծնեալ իրաւունքը կորսնցուց եւ մենք այդքան տարի ետ ինկանք: Հիմա մենք այլեւս ի վիճակի չենք թոյլ տալու, որ եւս մէկ հոկտեմբեր 27 կայանայ, որովհետեւ Փութինին, Լուքաշենքոյին, 

Քոչարեան, (նկար) Ալիեւ, Սերժ Սարգիսեան, Գարեգին Բ., որ Գարեգին Բ.ն նաեւ, ի միջիայլոց էքրանի վրայ պիտի տեսնենք ինչ ամօթալի (նկար է, տեսնենք միասին)։ Թրքական «գորշ գայլերու» ղեկավարին հետ լուսանկար ունի եւ իր հոգեբանութիւնը, շատերս արդէն քաջատեղեակ ենք, իր հոգեբանութիւնը շատ պարզ է, երբ որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին բազմած է անարժան, ամբարտաւան, դաւաճան եւ մութ ուժերու գործակալ Կտրիճ Ներսէսեանը, մենք այս օրերուն կը հասնինք։ Տեսէք այս լուսանկարը, ինչպէս ինքը հպարտութեամբ Մայր Աթոռի, Սուրբ Էջմիածնի հողի վրայ, թրքական «գորշ գայլերու» ղեկավարի հետ նկարուած է եւ ուրախութեամբ նկարը շրջանառութեան մէջ դրած է, ոչ թէ որովհետեւ ինքը միայն հպարտ է, այլ վախեցնելու համար իր սեփական ժողովուրդին, որ տեսէք, եթէ շատ գլուխ ցաւացնէք, մենք թրքական «գորշ գայլերու» տեռորիստական կազմակերպութեան հետ սերտ կապեր ունինք, ձեր գլուխը կը ջարդենք։ Այս հոգեբանութեամբ, այս լուսանկարը ինքը շրջանառութեան մէջ դրած է։ 

Նաեւ շատերս գիտենք, որ ինքը FSB է, ռուսական գործակալ է։ Նաեւ գիտենք իր եղբայրն ալ, Եզրաս կոչեցեալը, որ իր հերթին երեխայ մանկապղծած է, սոցիալապէս խոցելի, որբ դարձած արժանթինահայ երիտասարդ տղայ մը, որ մայրը, հայրը կորսնցուցած է ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով, եւ իր անմիջական մօտիկները զինք ուղարկած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, որպէսզի կուսակրօն քահանայ դառնայ եւ իր կեանքը առաքելութեան ճամբով առաջ տանի եւ այս սրիկայ, այս թալանչի, վաշխառու, շառլաթան երկու եղբայրները իրենց ոճիրներուն շարքը անծայրածիր է, վերջ չունի, շղթան երկար է։ 

Ես այս մասին հրապարակումներ ըրած եմ բազմաթիւ, տպագիր եւ առցանց տարբերակներով, USA Armenian Life անգլերէն լեզուով եւ Հայ Կեանք`հայերէն լեզուով եւ ոչ մէկ տեսակի դրժումի կամ հերքումի, ոչ մէկ տեսակի արձագանգ չենք ստացած, որ ասիկա սխալ է, ճշմարտութեան չի համապատասխաներ, ուրեմն դուք եղէք դատաւորը, դուք դատեցէք եղելութիւնները ինչպէս որ կան։ 

Ետ նիւթին վերադառնալով, մեր բազմաթիւ զրոյցներու որպէս արդիւնք, եկանք այն եզրակացութեան, որ, յաջորդ 60 օրուայ կամ 90 օրուայ ընթացքին անմիջապէս կազմակերպիչ յանձնախումբ մը մէջտեղ գայ, ազդեցիկ հայերու կողմէ, որոնք իրենց հերթին Ad Hoc Committee կը կազմեն եւ որպէսզի նախապատրաստական աշխատանքները ընեն Արտակարգ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով կազմակերպելու եւ այդ ժողովը կայացնելու յաջորդ 60-90 օրուայ ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, այո, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, որովհետեւ Էջմիածինը հաւատացեալներուն տունն է։ Ասիկա Գարեգին Բ.ի եւ իր կլանի պապային տունէն բերուած հողատարածք չէ։ Ասիկա Ազգային Եկեղեցական հողատարածք է եւ այդ հողատարածքի վրայ հաւատացեալ հայ ժողովուրդը, անոնք որոնք Սուրբ Միւռոնով մկրտուած են եւ Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ դարձած են, մկրտութեան պահէն սկսեալ, իրաւունք ունին այս գործընթացին մասնակցելու եւ թող գան մեզի կոչեն աղանդաւորներ։ Տեսնենք ովքեր են իսկական աղանդաւորները եւ ովքեր են իսկական Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տէրերը։ Ուրեմն ճանապարհային քարտէսը ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք, պարոն Մխիթարեան։ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, նկատի ունենալով, որ ինչպէս ակնարկեցինք Գարեգին կաթողիկոս որեւէ ատեն կոչ պիտի չուղղէ, որ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով ըլլայ, որպէսզի եկեղեցին բարեկարգուի, եւ կամ վերանորոգուի, դժբախտաբար երկրորդ քայլը եպիսկոպոսական ժողովն է։ 

Այսօր իր շուրջ համախմբուած եպիսկոպոսները, ցաւ ի սիրտ կրնամ ըսել, ստրկացած են։ Իսկ բոլոր անոնք, որոնք արժանաւորներ էին, որոնք 120էն աւելի էին, ըլլան անոնք քահանայ, վարդապետ, եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոս, արդէն արձակուած են, այսինքն հեռացուած են Մայր Աթոռէն։ Հետեւաբար, կարգը այստեղ կամայ թէ ակամայ պիտի խախտի հետեւեալ ձեւով. ինք պիտի չառաջարկէ, Եպիսկոպոսական Ժողով ալ պիտի չըլլայ։ Հետեւաբար ժողովուրդինն է իրաւունքը։ Ի վերջոյ, կը կրկնենք, չէ՞, եկեղեցին ժողովուրդն է։ Ժողովուրդը իր ներկայացուցիչները պէտք է անպայման հրաւիրէ, յայտարարելով, որ հայ եկեղեցին տագնապի մէջ է, եւ մենք բոլորս`ազգովին պէտք է փրկենք եկեղեցին եւ պարտադրենք Մայր Աթոռին, որ անպայման Ազգային Եկեղեցական Ժողով տեղի ունենայ։ Չենք ուզեր, որ պետութիւնը միջամտէ այս պարագային, բայց երբ որ «տէր ի հարկ լուծէ զօրէնս»։ Այս պարագային պիտի պատահի այդ մէկը։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Հարցում, պարոն Մխիթարեան։ Ի՞նչ կը պատահի, եթէ հաւատացեալները աշխարհով մէկ այդ Կազմակերպիչ Յանձնախումբը կեանքի կոչեն, որ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները կատարեն, որպէսզի աշխարհի չորս կողմէն պատգամաւորներ ընտրուին, նոյնիսկ եթէ, օրինակի համար, գաղտնիք չէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը, օրինակի համար, սովետականացած է, ասիկա ծայրայեղ արտայայտութիւն չէ, սիրելիներ։ Օրէնքը Գարեգին Բ.ի հովանաւորութեամբ առեւանգուած է։ Եւ հիմա, դժբախտաբար, Արեւմտեան Թեմէն ներս, Լոս Անճելըսի շրջանը կապիկներու կամ ստրկամիտներու ձեռքը անցած է Արեւմտեան Թեմը, ուր օրէնքը չեն բանեցներ։ Հիմա այս պարագային ի՞նչն է լուծումը, պարոն Մխիթարեան, ինչպէ՞ս կարելի է օրինակի համար 1 միլիոնէն 1.5 միլիոն հաշուող Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը կը կարողանա՞յ կազմակերպել պատգամաւորներու ընտրութիւն, թէկուզ Արեւմտեան Թեմը իր դռները չբանայ։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, ձեզի կը վստահեցնեմ, որ ժողովուրդը թագաւորներ վար իջեցուցած է, Գարեգին կաթողիկոսը հեռացնելը շատ հեշտ պիտի ըլլայ օրինական ճամբով։ 

Այո, ժողովուրդը իրաւունք ունի համախմբուելու, եթէ իսկապէս մտահոգ են իրենց եկեղեցիով։ Բոլորս կը տեսնենք, անխտիր, այստեղ չկայ այս կողմ, այդ կողմ, այս կուսակցութիւն, այդ կուսակցութիւն, չկայ։ Ժողովուրդը այսօր կ҆անդրադառնայ որ եկեղեցին ճահիճի մէջ է։ Հետեւաբար, այս պոռթկումը որ իրական է, պիտի անպայման իր ծիլերը արձակէ եւ պարտադրէ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով, որպէսզի եկեղեցին փրկուի։ Ժողովուրդն է տէրը եւ ժողովուրդը պիտի փրկէ իր եկեղեցին։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. (Նկար) հեռախօսահամարներ Ահաւասիկ սկիզբը նոր ժամանակաշրջանի: էքրանի վրայ կը տեղադրենք «Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգում» կազմակերպութեան հեռախօսի համարը, եւ նաեւ ելեկտրական նամակի՝ e-mail-ի հասցէն, որ դուք կարողանաք ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ՝ ARMENIAN CHURCH REFORM-ին հետ կապուիլ։ Կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը խնդրեց USA Armenian Life – Հայ Կեանք շաբաթաթերթի խմբագրութենէն որ նաեւ խմբագրութեան հեռախօսահամարն ալ ներկայացնենք։ 

Անոնք, որոնք որեւէ հեռախօսահամարին որ կը փա- փաքին, կարող են հեռաձայնել եւ իրենց պատգամը թողել եւ այդ պատգամը թողնելով իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեն, որ այս նախապատրաստական աշխատանք- ներուն մասնակից ըլլան, որպէսզի Ad Hoc Committee՝ կազմակերպիչ յանձնաժողով մը կեանքի կոչուի, եւ յաջորդ 60-90 օրուան ընթացքին թուական մը որոշուի Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովի գումարուելու համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջիմածինէն ներս, այո, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ներս։ 

Եթէ Գարեգին էֆենտին չի սիրեր, թող այն ժամանակ իր ընկերուհիին այցելութեան երթայ, ժողովը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի գումարուի։ Այդ մասին այդ օրինակով պէտք է շարունակենք եւ մեր զրոյցը կը շարունակենք յաջորդ հանդիպումին: Շնորհակալութիւն։ Մինչ նոր հանդիպում։ Ամէն ինչ լաւ է լինելու։ 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *