ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Այս դժնդակ օրերուն մայր հայրենիքէն ներս եւ Մայր Աթոռէն ներս աշխարհի հայութիւնը ոտքի ելած է եւ հայկական նորագոյն ժամանակներու զարթօնքը արդէն անզսպելի կերպով առաջ կ҆҆երթայ։
Ի ուրախութիւն, ի երջանկութիւն հայ ազգին`ի հայրենիք եւ սփիւռս աշխա- րհի, ի երջանկութիւն հայկական պետականութեան եւ ի երջանկութիւն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն զարթօնը մեծ թափ մը առած է․ ինչո՞ւ բոլոր հաւատա- ցեալներուն, որովհետեւ կեղծ հաւատացեալները ուրախ չեն, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին բռնած է վերականգնման ճանապարհը, այդ դժբախտութիւն կը պատճառէ կեղծ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ անդամներուն, որոնք քրիստոնեայէ զատ ամէն բանի կը նմանին։
Իմ զրուցակցին՝ պարոն Մխիթարեանին կ҆҆առաջարկեմ որ իր տեսութիւնները ներկայացնէ եւ վերջին զարգացումներու լոյսին տակ իր վերլուծումները կատարէ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, ճիշդ ատենն է, որ մեր խօսքը ուղղենք մեր սիրելի հեռուստադիտողներուն եւ այս կարճ ժամնակամիջոցի մէջ վերլուծում կատարենք թէ այսօր ինչ տեղի կ҆҆ունենայ Հայաստանէն ներս։
Շատ հետաքրքրական է, որ այս վերջին մէկ երկու օրուան մէջ առաջին նախա- գահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան այցելեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ իր զօրակ- ցութիւնը յայտնեց․ անշուշտ կը տեսնէք որ կը ժպտայ․ այս կեղծիքին ե՞րբ վերջ պիտի տան։ Իր յայտարարութեան մէջ անցեալի նախագահը կ҆҆ըսէ, որ այս բոլոր իշխանութեան կողմէ կատարուածը հակասահմանադրական է։ Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, արագ կերպով վերլուծենք ձեր կատ- արածները։ Եթէ կը կարծէք, որ ներկայի մթնոլորտը միջամտութիւն մըն է պետութեան, իշխանութեան կողմէ եկեղեցւոյ գործերուն, ես ձեզի յիշեցնեմ՝ Վազգէն կաթողիկոսի վախճանումէն ետք Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Հայաստան բերիք։ Որո՞ւն մտիկ ըրիք։ Ազգային եկեղեցական ժողովի ընթացքին դուք զձեզ պարտադրեցիք որպէս քաղաքական հեղինակութիւն։ Թորգոմ պատ- րիարքը, Մեսրոպ պատրիարքը առեւանգեցիք եւ առիթ չտուիք որ պատգամ- աւորներ, բոլոր անոնք, որոնք դէմ էին ձեր ընտրութեան, ըսելիք ունենան։ Բոլո- րին ալ շանթաժ ըրիք։ Հետեւաբար մի խօսիք այսօր, որ իշխանութիւնը կը միջա- մտէ եկեղեցւոյ գործերուն։ Նախընթացը ձեզմով սկսած է։
Անշուշտ ձեզմէ առաջ նաեւ համայնավար պետութիւնը իր ընելիքները ուն- եցած է։ Մենք անկախ չենք եղած։ Պետութիւնը միշտ ըսելիք ունենացած է։ Հիմա այս պարագային ձեր գործին կու գայ ըսել, որ հակասահմանադրական է այս բ- ոլորը։ Ոչ, պարոն Տէր Պետրոսեան, հակասահմանադրական չէ, որովհետեւ նա- խընթաց մը ստեղծեցիք եւ այդ ձեւով շարունակուեցաւ։
Հիմա եկեղեցւոյ պատիւը խնդրոյ առարկայ է։ Որովհետեւ կուսակրօն բարձր իշխանութիւնը մոռցած է իր առաքելութիւնը, մոռցած է իր ուխտը։ Մինչեւ առաւօտ կրնանք օրինակներ տալ։ Պիտի չձանձրացնենք մեզ մտիկ ընողները։ Ընդհա- կառակը․ եկեղեցին այսօր, երկար տարիներէ ի վեր կը խօսուի այս մասին, բացի մեր կողմէն, շատերու կողմէն, որ պէտք ունի վերանորոգման։ Եւ այդ վերանո- րոգման աշխատանքը պիտի ըլլայ բոլոր անոնց կողմէ, որոնք կը հաւատան եկե- ղեցւոյ առաքելութեան։
Ո՞ւր են այդ հոգեւորականները։ Բոլորն ալ մանկլաւիկներ դարձած են կա- թողիկոսի մը, Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որ բռնազաւթեց այդ աթոռը գումարով։ Այսօր բոլորին կը լռեցնէ եւ հակառակ իր պաշտօնին, կը փորձէ նաեւ խնկարկել նախկին ղեկավարներուն, ըլլայ ատիկա Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Քոչարեանի եւ Սարգիսեան նախագահներուն, որպէսզի այն ինչ որ կատարեցին հայրենիքի դէմ, այդ կողոպուտը որ կատարեցին, պահեն ու պահպանեն։ Եւ այսօր կը քարկոծեն ներկայ իշխանութիւնը, որպէս թէ կը միջամտէ եկեղեցւոյ գործերուն։ Հոս անգամ մը եւս յստակացնենք, որտեւ շատ խօսած ենք այդ մասին եւ շատ ալ գրած ենք։ Այս առիթով կոչ կ҆҆ուղղեմ մեզ դիտողներուն, որ եթէ իսկապէս մտահոգ էք հայ եկեղեցւոյ ապագայով կը խնդրեմ որ երթաք vanagan.com եւ կարդաք յօդուածները հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին։ Հետեւաբար այսօր եկեղեցին բարեզարդման պէտք ունի։ Չկայ մէկը, որ կրնայ հակառակը պնդել։ Ատիկա ըլլայ իշխանութեան մէջ գործող անձիք, ատիկա ըլլայ հասարակ ժողովուրդին մէջ։ Եկեղեցին պարտաւոր է ինքզինք վերանորոգել։
Վեհափառ Հայրապետ, այս կեղծիքէն դուրս ելէք։ Այսօր այնպիսի կացու- թիւն ստեղծուած է, որ մեզ կը մղէ անպայման աշխատանքի։ Ճիշդ է, ներկայ իշխանութիւնը աշխատանք կը թելադրէ իր ժողովուրդին, մանաւանդ բոլոր անոնք որոնք Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ են, համախմբուին, որպէսզի լրջօրէն մտածեն, թէ ինչ կրնան ընել հայ եկեղեցին փրկելու համար։ Այսօր Ամենայն Հայոց Աթոռը գրաւող կրօնապետը ոչ մէկ ձեւով ինքզինք արժե- ցուցած է եւ ես չեմ զարմանար, երբ որ մամուլի մէջ առտու, իրիկուն կը կարդամ իր աշխարհական անունով երբ կը խօսին իր մասին՝ Կտրիճ Նէրսիսեան։ Այ- սօր ժամանակը հասած է որ միաբանութիւնը ոտքի կանգնի, եթէ ունին բծա-խընդրութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ իրենց կրօնապետը ազգային եկեղեցական ժողովով հեռացնեն այդ Աթոռէն, որովհետեւ ինքը արժանաւոր չէ եւ որեւէ ձեւով 25 տարիներու ընթացքին չէ արժեւորած իր գոյութիւնը այդ Աթոռին վրայ։
Մի տաք այդ առիթը, որտեւ ժողովրդական առածը կ҆҆ըսէ հարկ լուծէ զօրէնս։ Ճիշդ է, որ որ օրէնքը, հայ եկեղեցւոյ կանոնագրութիւնը կը պարտաւորէ մեզ`հաւատացեալներս նուիրուիլ որ այդ աշխատանքը կատարուի ազգային եկեղե- ցական ժողովին միջոցով, բայց եթէ դուք՝ բարձրաստիճան եկեղեցականներ, կը խուսափիք այդ մէկէն, ժողովուրդը իր ձեռքին պիտի առնէ իր իրաւունքը եւ պիտի պարտադրէ ինքզինք ձեզ արտաքսելու Մայր Աթոռէն, որովհետեւ դուք 25 տարիներու ընթացքին հայ եկեղեցին ճահիճի մէջ պահեցիք եւ կամաւոր կերպով պահեցիք։ Շատ լաւ գիտենք, որ եկեղեցին իր հրահանգները ուրտեղէն կը ստանայ։ Եւ այսօր այդ Աթոռի կրօնապետը որեւէ ձեւով հայ եկեղեցւոյ իրաւունքները չէ պաշտպանած եւ այսօր իրաւունք ալ չունի ժողովուրդին կոչ ընելու եւ ըսելու որ եկեղեցին յարձակման ենթակայ է։ Ոչ սիրելիներ, ոչ սիրելի ունկնդիրներ, եկեղեցին հարցականի տակ չէ, եկե- ղեցին մեր ինքնութեան ողնասիւնն է։ Յարձակման ենթակայ են այդ անպէտք եկեղեցականները, որոնք շահագործած են, որոնք պիզնէսի վերածած են եկեղեցին, որոնք վաճառած են հայ եկեղեցւոյ բոլոր սրբութիւնները եւ այսօր տակաւին կը համարձակին յայտարարել, որ եկեղեցին յարձակման տակ է։
Ոչ սիրելիներ, հոգեւորականութեան անպատկառ կե- ցուածքը պատճառ դարձաւ, որ այսօր իշխանութիւնը, առանձնապէս եւ կոչ ուղղեց իր ժողովուրդին, որ անպայ- ման իր մասնակցութիւնը բերէ, որպէսզի փրկենք հայ եկեղեցին։ Ինչպէս պիտի փրկենք․ կանոնական ճամբով եւ պարտաւոր ենք հեռացնել ներկայ կրօնապետը, իր բոլոր արբանեակներով, որոնք մինչեւ այսօր շահագործեծին։
25 տարիներ անցան այդ օրէն, որ Գարեգին Բ. բռնա- զաւթեց հայ աթոռը։ Ազգային եկեղեցական ժողով մը տեղի չունեցաւ մինչեւ այսօր, որովհետեւ ինք գիտէ որ ինչ կրնայ պատահիլ։ Հիմա ժամանակը հասած է․ եթէ եկեղեցական- ներ, մասնաւորաբար բարձրաստիճան, չարթննան եւ կոչ չուղղեն որ ազգային եկեղեցական ժողով տեղի ունենայ, անգամ մը եւս կ҆҆ըսեմ՝ հարկ լուծէ զօրէնս, այսինքն պարտաւո- րութիւնը որ ունի ժողովուրդը իր եկեղեցին փրկելու, օրէնքը իր ձեռքին մէջ պիտի առնէ եւ պիտի հեռացնէ այդ Աթոռէն այդ անիրաւները, որոնք սրբապղծեցին մեր եկեղեցին, Մայր Աթոռը։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Վերջերս գարեգինապաշտները եւ հին գողապետական, յանձինս ռսաստրուկ նախագահներու եւ պոլշեւիկ նախկին ՀՀՇական, դաշնակցական իշխան սաղաթէլեաններու, գեղամ մանուկեաններու, եւ այլն, սկսած են պոռոտախօսութիւն ընել այն առումով, որ այսօրուայ, իբրեւ թէ իրենց կարծիքով, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ամենաբարձր ռէյթինկը ունի, 70 տոկո- սի մակարդակով, եւ սկսած են գլուխ գովանութիւն ընել մէկ խօսքով։ Սակայն ցաւ ի սիրտ, անհիման եւ ստաբանու- թեամբ առաջնորդուող ինքնագովութիւն կ҆҆ընեն, եւ ատիկա ճշմարտութեան բացարձակապէս չի համապատասխաներ։ Ե՛ւ գետնի վրայ ե՛ւ հայրենիքէն ներս, ե՛ւ սփիւռքեան լայն շրջանակներու մէջ, ոչ մէկ աղերս չունի իրենց ըսածը իր- ականութեան հետ եւ հայ ժողովուրդին հետ, ի հարկէ։
USA Armenian Life-ի եւ Հայ Կեանքի հետաքննութեան եւ հետազօտութեան բաժանմունքը համագործակցութեամբ աշխարհով մէկ տեղակայուած հետազօտող լրագրողներու հետ, պատկառելի թիւ ներկայացնող եւ բաւական խելքը գլուխը մարդիկ, եւ բանիմաց մարդիկ, միասին խորհրդա- կցաբար եկած ենք այն եզրակացութեան, որ էքրանի վրայ պիտի տեսնենք, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկ- եղեցւոյ ռէյթինկը Վազգէն Ա. Երջանկայիշատակ, Ամենայն Հայոց Հայրապետի հոգեւոր ղեկավարութեան ներքոյ ունե- ցած է ամենաբարձր ռէյթինկը եւ մեր աշխատակիցները համախոհ են, որ այդ ռէյթինկը եղած է աւելի քան 95 առ հա- րիւր տոկոս։ Էքրանի վրայ արդէն կը տեսնէք։ Ամէն մէկուն նկարը կայ, գոյնը կայ, չափագծերու՝ տայակրամի հետ կապուած կը տեսնէք արդէն։
Իսկ երկրորդ ամենաբարձրագոյն ռէյթինկը ունեցած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Սարգիսեանի Ratings photo 1 օրով։ Էքրա- նի վրայ պարզ կերեւայ։ Սա ոչ թէ մէկ շաբթուայ կամ մէկ տա- րուայ աշխատանք է, այս աշխատանքը բաւական երկար ժամանակէ ի վեր ընթացքի մէջ եղած է, սակայն վերջնական արդիւնքը նոր, այս շաբաթ ամբողջացուեցաւ եւ հիմա պիտի տեսնենք թէ ինչ կը կատարուի։
Գարեգին Բ. չկաթողիկոս որուն աշխարհական անունը Կտրիճ Ներսէսեան է, այդ տխրահռչակ 1999ի տխրահռչակ օրը՝ հոկտեմբեր 27ին երբ որ Գարեգին Բ. 20 միլիոն տոլարի կաշառքով իր ընտրութիւնը բեմականացուց, բազմաթիւ հայեր ներառեալ պարոն Էտուարտ Էնֆիաճեանը շատ խե- լամիտ բողոք ներկայացուց հոկտեմբեր 27ի հետ կապուած։ Դատապարտեց այն փաստը, որ երբ պետութեան ղեկավար մարմինը կը գլխատուի, Հայաստանի Ազգային Ժողովէն ներս, առնուազն արդար ակնկալիք պիտի ըլլայ, որ Կտրիճ Ներսէսեանը կասեցներ Ամենայն Հայոց Հայրապետի ընտ- րութեան գործընթացը։
Ճիշդ է՝ աշխարհի չորս կողմէն հարիւրաւոր պատգա- մաւորներ ժամանած էին Հայաստան, բայց այդ օրը ինչ որ կատարուեցաւ, Կտրիճ Ներսէսեանը տեղեակ էր եւ հիմա արդէն ջուրին երես կ҆҆ելլէ, որ ինքը նախապէս ալ տեղեակ էր, որ այդպիսի ոճիր պիտի գործուի, հակապետական հարուած պիտի ըլլայ, եւ փոխանակ ժողովուրդին սուգ ապրած ժամա- նակ ետ կանգներ եւ սառեցներ ընտրութիւնները, բայց չէ, ամէն ինչ ըրաւ, որ այդ ընտրութիւնը արագընթաց կերպով, հապճեպ կերպով կատարուած իրողութիւն որպէս, անմիջապէս իր աւարտին հասնէր։ Անշուշտ գիտեր, որ ի նպաստ իրեն է ընտրութիւններու արդիւնքը, որովհետեւ ամէն ինչ նախապէս կազմակերպուած էր Քրէմլի կողմէ, ըստ բազմաթիւ լաւատեղեակ աղբիւրներու։
Անցեալին տեսած ենք, մենք ցոյց տուած ենք, Գարեգինի մաֆիային մաս կազմող արեւմտեան թեմի Յովնան Տէրտէրեանը, ան ալ, տեսէք տեսանիւթի մէջ, թղթիկի վրայ իբրեւ թէ իրեն լուր կու տայ, որ այսպիսի աղէտ մը եղաւ։ Այդ ալ, ըստ արժանահաւատ աղբիւրներու, բեմականացուած էր։ Կրնայ ըլլալ որ Վահրամ Տէրտէրեանը, որ իր աշխարհական անունն է, որ շուտով ան ալ աշխարհական պիտի դառնայ, իր մեղսակից Գարեգին Բ.ին հետը, Վահրամ Տէրտէրեանը որ հիմա ներկայիս ժամանակաւոր կը շարունակէ ներկայացուիլ որպէս արքեպիսկոպոս Յովնան Տէրտէրեան, արեւմտեան թեմի թեմակալ չակեր- տեալ առաջնորդը, այդ տեսանիւթի ժամանակ, որ հիմա էքրանի վրայ կը տեսնենք, կը պաչէ այդ թուղթը, եւ համբուրելէն ետքն է, որ Գարեգինին կու տայ։ Եւ տեսէք սատանայութիւնը ինչքան խորացած է, որ քրիստոնէական հաւատքի մէջ, երբ որ հոգեւոր անձ մը, հոգեւոր ծառայ մը թուղթ մը կը համբուրէ, այդ թուղթը համբուրելէն ետք կը փոխանցէ մէկ այլ անձի, կը նշանակէ ուրախ լուր կու տայ։ Բայց իր դէմքին որ կը նայէինք էքրանի վրայ, շատ պարզ, նոյնիսկ ցաւ չկայ, նեյթրալ եւ այս տեսակ սատանաներու հետ գործ ունինք մենք։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի գերագոյն մարմնին, եւ այսօրուայ օրով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պիւրոն բռնազաւթած ռսաստրուկներուն՝ էքրանի վրայ պիտի տեսնենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընդհանուր համաշխարհային ներկայու- թիւնը, իր համակիրներով անշուշտ, առանց համակիրներու ոչնչարար է։ Ես երբ որ այն տարիները որ ծառայած եմ, մեր երէց կուսակցականները, որոնք պատ- կառելի, ազգասէր, հայրենասէր հայեր էին եւ նաեւ եկեղեցասէր, կ҆҆ըսէին, որ Դաշնակցութեան ուժը շարքային դաշնակցականներու թուաքանակի մէջ չէ։ Դաշնակցութեան ուժը համակիրներու մէջ է։ Եւ 2015 թուին ես բարձրաձայնած եմ այս մասին եւ նշած եմ, որ ամբողջ սփիւռքի կրօնական, հասարակական եւ կուսակցական բոլոր կազմակերպութիւններուն անդամներուն թիւը չանցնիր 5 տոկոսը։ Յետոյ այդ յօդուածը, որ հրապարակուեցաւ, ահագին բողոքներ ստա- ցայ, ըսին պարոն Չափարեան, դուք շատ առատաձեռն գտնուած էք, նոյնիսկ բոլորը մէկ, պատկերացուցէք, այո, այո, բոլորը մէկ, պատկերացուցէք, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր բոլոր ցանցերով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթո- ղիկոսութիւնը իր բոլոր ցանցերով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր բոլոր ցանցերով, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը իր բոլոր ցանցերով, Ռամկավարները, Համազգայինը եւ մնացած բոլոր, բոլոր սփիւռ- քի հասարակական, քաղաքական, մշակութային, մարզական, բոլոր կազմակեր- պութիւններու անդամներու գումարած ըսին չանցնիր առաւելագոյնը 3 տոկոսէն, իսկ իրատեսական որպէս 2,5 տոկոսը։
Հիմա արդէն էքրանի վրայ ես ձեզի պիտի ներկայացնեմ ամենաթարմացած տեղեկութիւնները այդ մասին եւ յանկարծ մի թողէք, որ մեր հայրենակիցները Հայաստանի մէջ ստաբանութիւններով ձեզի մոլորեցնեն, որ իբրեւ թէ Դաշնակ- ցութիւնը սփիւռքի տէրն ու տիրականն է։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գիտէ՞ք քանի տոկոս կը ներկայացնէ։ Ընդամէնը կը ներկայացնէ 0,5 տոկոսը։ Diaspora Orgs Percentage photo Այո, եւ ձեզի թուաքանակով պիտի ըսեմ, եւ ես այդ թուաքանակը ասկէ առաջ հրապարակեցի, եւ եթէ բողոքողներ կային ըսի, թող ներկայանան եւ ըսեն, չէ պարոն Չափարեան, ձեր տուած թուաքանակը սխալ է։ Հիմա այդ փաստերը պիտի վեստին արծարծենք, որտեւ շատ կարեւոր է։
Այսօրուայ օրով Արեւմտեան Միացեալ Նահագներու մէջ, երբ ամերիկահա- յութեան թիւը մօտաւորապէս 1 միլիոնէն 1,5 միլիոն է, Դաշնակցութեան շար- քայիններուն թիւը 914 էր 2 տարի առաջ, վերջերս մի քանի նոր շարքայիններ շարքերը անցան, կրնայ ըլլալ որ 1000 հասած է, բայց եկէք բաղդատենք հազարը 1980 ականներու թուանշաններուն։
1980 ականներուն, երբ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ամերիկա- հայութեան թիւը ոչ աւելին էր, քան 300 հազարը, պէտք է ըսել որ այն ժամանակ դաշնակցութեան շարքայիններուն թիւը 3000 էր։ Իսկ այսօր երկու տարի առաջուայ դրութեամբ 914 էր։ Հիմա կրնայ ըլլալ 1000 ըսինք, երկու տարի առաջուայ դրութեամբ 914ի վրայ մօտաւորապէս 287 սոռոսական դաշնակցականներն են, որոնք անողնաշար, անսկզբունք, անհայրենիք, Թուրքիա կայցելեն եւ Հայ Դատի, այն ժամանակ, Հայ Դատի ղեկավար ըլլալու հանգամանքով Նորա Յովսէփեանը, էքրանի վրայ կը տեսնենք Nora Hovsepian photo, ինքզինքին կը թոյլատրէ, որ Թուրքիա այցելէ, այսօր այսպէս կոչուած Թուրքիա այցելէ։ Պիտի չխորանամ, որտեւ այսօր պիտի չշեղինք նիւթէն։
Սոռոսականները 287 են մօտաւորապէս, պիւրոյական դաշնակցականները 260, իսկ նոյնիսկ այդ 914ի մնացածները պատկերացուցէք, էքրանի վրայ քիչ առաջ տեսանք, ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ոչ վիգէն յովսէփեանական, նորա յովսէփեանական սոռոսականներն են, ոչ ալ ռսաստրուկ պիւրոյականներն են։ Պատկերացուցէք ասիկա շարքայիններուն շարքերէն ներս։ Իսկ համակիրները 95 տոկոսը երկու այս խմբաւորումներուն, որ առեւանգած են կուսակցութիւնը, երկուքին ալ կտրականպէս դէմ է, բայց չի նշանակեր որ այսօրուայ կառա- վարութեան Քաղաքացիական Պայմանագիր կառավարութեան կողմնակից են։
Այս մարդիկը, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ պետականասէր են, եւ ես ալ որպէս անկախ մարդ, անկուսակցական մարդ, ես ալ համեստ իմ լումայով կը մասնակցիմ այդ խմբաւորումին, եւ որպէս անկախ հայ, ամերիկահայութիւնը պէտք է ըսել, 99 առ հարիւր տոկոսով ոչ ռսաստրուկներու, գողապետականներու կողմն են, ոչ ալ սոռոսականներու կողմն են։ Ասիկա ընդհանուր ամերիկահա- յութիւնը կըսեմ, որ ջախջախիչ կամ չըսելու համար բացարձակ մեծամասնութիւնը անկուսակցական են։
Հիմա վերադառնալով այդ թեմային, որ ինչն է մեր ճանապարհային քարտէսը։ Մենք անցեալ հաղորդումին բարձրաձայնեցինք, պարոն Մխիթարեանը եւ ես, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ օրէնսդրութիւնը կը թելադրէ, որ մենք արագընթաց կերպով Ad Hoc Committee my կազմենք`կազմակերպիչ յանձնաժողով կազմենք, բաղկացած Սուրբ Միւռոնով մկրտուած Հայաստանեայց Առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հաւատացեալներէ եւ այդ կազմակերպիչ յանձն- ախումբը արագընթաց կերպով, 90-60 օրուայ ընթացքին կազմակերպէ, կեան- քի կոչէ ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողովը, եւ այո, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարէ այդ լիակատար նիստը եւ hետաքննութիւնը ամբողջացնէ Կտրիճ Ներսէսեանի կուսակրօնութեան ուխտը դրժելու փաստին շուրջ եւ քուէար- կէ եւ տեղւոյն վրայ, համար առաջին, կարգազուրկ հռչակէ, ետքը աթոռազուրկ հռչակէ, երրորդը՝ Կտրիճ Ներսէսեանին, ի շարս հին գողապետական Ռոպերթ Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգիսեանին, Իշխան Սաղաթէլեանին, Հրանդ Մարգա- րեանին որպէս քաղաքացի փոխանցէ հայկական պետականութեան իրաւապահ մարմիններուն, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմին- ները պէտք եղած գործընթացով բռնագանձման օրէնքին ենթարկեն եւ Կտրիճ Ներսէսեանին ուղարկեն Սովխոզ գիւղը, որ հիմակուան անունը չեմ յիշեր, կարե- ւոր ալ չէ, Սովխոզ գիւղ կոչուած է, ետ վերադարձնէ այդ Սովխոզ գիւղը, բռնա- գանձման ենթարկելէ ետք, իր հետ բերած մաշիկներով, եւ իրեն դնեն կամ ազատազրկման, կալանաւորման մէջ, կամ իրեն դնեն տնային կալանքի տակ, որոշ ժամանակ արգիլելով որեւէ տեսակի հասարակական գործունէութեան մասակցելու իրաւունքէն։
Հայաստանը, ես կը հաւատամ, որ օրէնքի գերակայութեան ճանապարհը բռնած է եւ ենթակայ չէ քննարկման։ Այս առթիւ երկու խօսք եւ պիտի աւարտենք։
Երկու խօսք, այդ տխրահռչակ եռեակներու ակումբին՝ Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգիսեան եւ Կտրիճ Ներսէսեան։ Բանէ դուրս կու գայ, որ դուք նոյնիսկ ձեր անմիջական տիրոյթի ներքեւ գտնուող գործարքները չէք կարողանում ձեռնհասօրէն իրականացնել, պարոն Կտրիճ Ներսէսեան։ Մայր Աթոռը որ բռնազաւթած էք, չէք կարողանար իրականացնել, ուր մնաց համահայկական ամենահզօր եւ ամենաշատը ցանցային դարձած Հայաստանեաց Առաքելական սուրբ եկեղեցին կառավարէիք, պարոն Կտրիճ Ներսէսեան։
Քիչ առաջ պարոն Մխիթարեանը շատ լաւ նկարագրեց եւ բնութագրեց ձեր ռէյթինկը։ Ձեր տխրահռչակ գահակալութեան ժամանակ Հայաստանեայց Առա- քելական սուրբ եկեղեցւոյ ունեցած ռէյթինկը եւ տեսանք ինչպիսի անկում կրած է ձեր բռնազաւթութեան տարիներուն։ Երկրորդ՝ խօսքս ուղղելով հին գողապե- տականներ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգիսեան եւ իրենց հետ անշուշտ, ինչպէս որ անգլերէն կ҆҆ըսեն՝ by default, պոլշեւիկ դաշնակցական օլիկարխներուն Հայաստանի մէջ՝ Իշխան Սաղաթէլեան եւ այլք․ հարց՝ դուք կը յոխորտաք, որ հայկական պետականութիւնը կը կարողանաք ձեռնհասօրէն կառավարել պա- րոնայք Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգիսեան եւ Իշխան Սաղաթէլեան եւ այլք, կարծեմ լաւ բան մը կ҆҆ըլլար, եթէ մարդ իր չափն ու սահմանը գիտնար, եւ ինքզինքը մէկ կողմ դներ եւ ճանապարհը չխափաներ աւելի տաղանդաւոր եւ բարեխիղճ մարդկանց առջեւ, որպէսզի անոնք իրապէս ղեկը վարեն եւ հայոց պետակա- նութիւնը հասցնեն այն մակարդակին, որին մեր ժողովուրդը իսկապէս արժանի է եւ արդարացիօրէն պահանջողն է։
Ասիկա այսպէս չի կարելի շարունակել, րոպէ առաջ պետական առաջին սպառ- նալիք հանդիսացող այս կրկէսը պէտք է հասցնենք իր աւարտին։ Մենք ձեզի հետ խաղալու ժամանակ չունինք։ Մենք պետութիւն ունինք կերտելու, մենք տարա- ծաշրջանի ամենահզօր պետութիւնը դառնալու եւ պահպանելու, պաշտպանելու, ինքնիշխանութեան, անկախութեան, պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան եւ տեխնոլոկիայի առումով ամենաառաջադէմ պետութիւնը ունենալու մեր ծնեալ իրաւունքը։ Դուք իրաւունք չունիք խափանելու։ Դուք այսօր կը ծառայէք հակազգային, հակամարդկային, ցեղասպանամէտ Քրէմլին, Անքարային եւ Պա- քուին։ Ալ կը բաւէ։