Հիւսիսային Մակեդոնիայի մայրաքաղաք Սքոփիէի մէջ տեղի ունեցող Եւրո- պայի ըմբշամարտի պատանիներու ախոյեանութեան մրցումները կը շա- րունակուին: 

60 քկ կշիռի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աւարտականին, Հայկ Մանուկեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան` աւարտականին 11-3 արդիւնքով ջախջախելէ ետք Ալի Նազարովը: 

Մինչեւ աւարտական Մանուկեան իր բոլոր մրցակիցներուն ալ կրցած էր յաղթել` առանց կէտ մը իսկ կորսնցնելու, յաղթելով իսրայէլացի (9-0), հունգարացի (8-0) եւ գերմանացի (8-0) մրցակիցներուն: Կիսաւարտականին ան դուրս ձգած էր իտալացի մրցակիցը` 9-0 արդիւնքով, բոլոր մրցումներուն ալ ժամանակէն առաջ յաղթելով: 

Նախապէս Մարաթ Աճէմեան 51 քկ կշիռի մրցումներուն 10-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք ռուս մրցակից Ռիզվան Քայրպեքովը, Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր առանց որեւէ կէտ կորսնցնելու: 

Աճէմեան իր կարգին տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրած էր ազրպէյճանցի (10-0), մոլտովացի (8-0) եւ հունգարացի (9-0) մրցակիցներուն դէմ, բոլորին ալ` մրցումի աւարտէն առաջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *