ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարեւ ձեզ, սիրելի հայրենակիցներ։ Վերջին զարգացումներու գծով մայր հայրենիքէն ներս բոլորս ալ ոչ միայն ականատես ենք, այլ նաեւ մասնակից։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայկական պետականութիւնը իր ճակատագրին լքուած չէ աշխարհի 12 կամ 11 միլիոն հայերու կողմէ։ Այսօրուայ այս զարգացումները կու գան հայելիի նման յստակ մեր ազգի, մեր ներկայ կացութեան հարազատ կերպարը եւ կացութիւնը կ҆արտացոլայ եւ ինչ է այսօրուայ կացութիւնը։ 2020ի 44օրեայի ժամանակ, երբ բեմականացուած հայկական պարտութիւնը, որ յետոյ պարզուեցաւ ռուսական մեղսակցութեամբ, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Իսրայէլի, Փաքիստանի եւ ՏԱԻՇի հետ միացած այսօր, այսպէս կոչուած Ռուսաստանը խոշոր մեղսակցութիւն գործադրեց եւ դաւաճանեց իր դաշնակից Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս իրեն բարեկամ հայ ազգին հետ։ Եւ ճիշդ այդ պատճառով Ռուսաստանի կամ այսօր այսպէս կոչուած Ռուսական Դաշնութեան ռէյթինգը ամբողջ աշխարհով մէկ խոշոր անկում կրած է եւ կը շարունակէ կրել եւ ռսաստրուկները Հայաստանէն ներս, դաւաճանական ռսաստրուկները, սկսած 2րդ եւ 3րդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանով եւ Սերժ Սարգիսեանով, եւ անոնց անմիջական մեղսակից կրօնապետական մաֆիան, որ եռեակ մը կը գլխաւորէ, Գարեգին Բ. չկաթողիկոսը, Արեւմտեան թեմի Յովնան Տէրտէրեանը եւ Մոսկուայի Եզրասը, ուրեմն այս կերպարները առաւել եւս,քանի որ իրենք վարկազրկուած են, առաւել եւս շալակ դարձած են Փութինիեւ շովինիսթական գաղափարներով առաջնորդուող ռուս ժողովուրդիշովինիսթ հատուածին։ Մենք կը սիրենք ռուս ժողովուրդը, բայց շովինիսթ հատուածը, որինքզինքը կը կարծէ տէրն ու տիրականը հայ ազգին եւ բազմաթիւ ազգութիւններու այդ տարածաշրջանէն ներս, չարաչար կը սխալի եւ այդ նոյնռուս շովինիսթ հատուածը պատճառ կը դառնայ, որ Ռուսաստանի ռէյթինկըաշխարհով մէկ անկում կրէ նաեւ իրենց ռսաստրուկներու հետ միասին։ Մենք ականատես եղանք, թէ ինչպիսի բեմականացուած յարձակումներգործուեցան 44օրեայէն ետքը, որպէսզի ամբողջ պատասխանատուութիւնըբեռցնեն օրուայ պաշտօնակատար, գլխաւոր հրամանակատար, վարչապետ Փաշինեանի վրայ։ Մենք ոչ Փաշինեանի կողմնակից ենք, ոչ ալ՝ հակառակորդ ենք։ Մենք կ҆առաջնորդուինք հայկական պետականութեան եւ հայկական օրիենթացիայով։ Եւ այն հայը, որ հայկական օրիենթացիայով չառաջնորդուիր, թող ներող ըլլայ, ինքզինքը թող դնէ տնային կալանքի տակ։ Մենք չենք ընդունիր, որ հայկական օրիենթացիան 2րդ, 3րդ քաթեկորիա անցնի եւ մեր հայրենակիցները ե՛ւ սփիւռքի մէջ, ե՛ւ նախկին Սովետի տարածքին եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ ելլեն ռուսականութիւն խաղան կամ արեւմտամէտութիւն խաղան։ Մեզի համար շատ կենսական է, որ հայկական օրիենթացիան ամենուրէք հայկական շրջանակներու մէջ, իւրաքանչիւր հայու սրտի եւ մտքի մէջ ամրագրուի, որովհետեւ ոչ մէկ կերպ ընդունելի չէ, որ հայ անհատ մը, օրինակ Գարեգին Բ.ի նման դառնայ FSB կամ ատոր նախորդող ՔաԿէՊէիշնիկ, կամ ալ, ըսանք Միացեալ Նահանգներու մէջ մէկը դառնայ FBIի էյճընթ, օրինակ, եւ վերադառնայ իր սեփական հային վախեցնէ։ Իհարկէ մենք գիտենք Ամերիկայի մէջ ինչ կը պատահի եթէ անհատ մը, հայ մը ուժային շրջանակներու մաս կը կազմէ եւ իր հանգամանքը կը չարաշահէ վախեցնելու ոեւէ մէկուն եւ յատկապէս իր հայուն, անմիջապէս կը պաշտօնազրկուի։ Իսկ ի դժբախտութիւն մեր հայրենակիցներուն, նախկին Սովետի տարածքին, կարծես թէ քարթ պլանշ ունին այս խրտվիլակները, որ իրենք իրենց FCBի կամ ՔաԿէՊէիշնիկ հանգամանքը կը չարաշահեն եւ սեփական հայուն պուլիինգ կ҆ընեն, կը վախեցնեն։ Իսկ Գարեգին Բ.ի պարագային մենք կը յիշենք այն պատկերը, երբ Գարեգին Բ.ն թրքական Գորշ գայլերու ղեկավարին հետ լուսանկարուեցաւ՝ Սուրբ, սրբակեաց Էջմիածնի սրբավայր հողի վրայ եւ որպէսզի ինքը օգտագործէ դա վախեցնելու համար իր սեփական հայուն։ Ալ պատկերացուցէք թէ ինչպիսի հակամարդկային եւ տմարդկային նկարագիր ունի այս Կտրիճ Ներսէսեան կոչեցեալը եւ իր հետն ալ նոյնպէս միւս մեղսակից մաֆիոզի զինակից ընկերները։ Ուրեմն այս մարդոց մշակոյթին մաս կը կազմէ ֆիզիքական վայրագութիւնը, մահուան սպառնալիքները եւ մարդասպանութիւնը։ Այո, անշուշտ դեռեւս չենք խորանար ֆինանսական քրէագործութեան մասին, որովհետեւ մենք տեղեակ ենք, շատերս ալ հիմա, փառք Աստուծոյ, իրազեկուած ենք, թէ այս մարդիկ ինչի ատակ են՝ միլիոնաւոր, հարիւրաւոր տոլարներ իւրացնելու եւ շարունակելու կողոպտելու սեփական ժողովուրդը եւ հայրենիքէն ներս, եւ սփիւռքի մէջ եւ անպատիժ մնալու պարագային իրենց թալանը օգտագործելու սեփական ժողովուրդի դէմ, այսինքն կրկնակի հարուած. մէկ կողմէն կ҆աղքատացնեն սեփական ժողովուրդը եւ հայկական պետականութիւնը կը թալանեն, միւս կողմէն՝ քանի անպատիժ կը շարունակեն մնալ, այդ թալանած գումարներով, միջոցներով կը պայքարին որպէս ներքին թշնամի, սեփական ժողովուրդին դէմ, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ, նաեւ կը պայքարին հայկական պետականութեան դէմ։ Այսինքն եռապատիկ դաւաճանութիւն։ Եւ այս մարդիկ ինչքան աներես են, ինչքան յղփացած են, բայց վնաս չունի, թող իրենք աներես ըլլան, մենք ալ գիտենք մեր ընելիքները։ Մեր ժողովուրդը զարթօնք կ҆ապրի եւ իրօք ոսկեդար բացուած է ոսկէ սերունդի շնորհիւ եւ այդ ոսկէ սերունդի ժամանումը արդէն իրականացած է։ Ի դժբախտութիւն այս մեր ներքին սմսեղուկներուն, դաւաճաններուն, հայ ժողովուրդը ոչ միայն զարթօնք կ҆ապրի, այլ համալրուած շարքերով, ֆետերալիստ մտածելակերպով ամէն տեղ ժամանելու սկսած է Հզօր Հայաստան, ի երջանկութիւն հայասէրներուն, ի դժբախտութիւն ներքին եւ արտաքին հակահայերուն։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *