ՀՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ, Յուլիս 20-26-ին իրականացուող «Սեւան սթարթափ համաժողով 2025»-ի շրջանակին մէջ ՀՀ Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Կառավարութեան օր» միջոցառումը՝ «Նորարարական կառավարում. ապագայի լուծումները» խորագրով, որուն ներկայ էին ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած շարք մը դիւանագիտական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ ինք առաջին անգամ «Սեւան սթարթափ համաժողով»ի կազմակերպիչներուն հետ առիթ ունեցած է հանդիպելու 2021 թուականին, երբ ըլլալով բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար՝ կը ղեկավարէր ոլորտը, եւ այն, ինչ տեսաւ այսօր, իրականութեան մէջ, իր իսկ գնահատմամբ, չէր կրնար պատկերացնել մասշտաբային առումով։ «Յատկապէս երիտասարդութեան մասնակցութեամբ բաց քննարկումների միջավայրում վստահաբար կարելի է հասնել աւելի մեծ արդիւնքի։ Կարելի է քննարկել հնարաւորութիւնների օգտագործման հարցը նաեւ COP-17-ի անցկացման շրջանակում։ Վարչապետի եւ կառավարութեան գործընկերների անունից կարող եմ հաւաստել, որ իրականացուող ծրագրերն ու այն ապագան, որ մենք պատկերացնում ենք, առանց ժամանակակից արհեստագիտական ձեռքբերումների հնարաւոր չէ։ Որքանով պետութիւնը կարող է մասնակից եւ օգտակար լինել. սա է ամենակարեւոր հարցը։ Ընդհանրապէս տնտեսութեան զարգացման գործում բոլոր ժամանակներում ամէնից շատ հետաքրքրող հարցն այն է, թէ որտեղ պէտք է լինի պետութիւնը։ Ժամանակակից արհեստագիտական դարաշրջանում, յատկապէս հիմա առաւել կարեւոր է դառնում այն, թէ պետութիւնը որտեղ է դիրքաւորւում, ուստի լաւագոյն լուծումը պետութեան եւ մասնաւոր հատուածի սերտ համագործակցութիւնն է»,- ըսաւ ՀՀ նախագահը։ «Մեր մարդկային եւ կրթական ներուժն ուսումնասիրելիս պարզ է դառնում, որ յառաջիկայում ամենամեծ մարտահրաւէրը հէնց դա է լինելու, ուստի մեզ հարկաւոր է շարունակ կրթուել։»