Ըստ «Պիլտ»-ի, Քէօլնի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան (32 տարեկան) մօտօրէն կը տեղափոխուի Գերմանիոյ Գ. դասակարգի Օսնապրիւք ակումբ: Երկու ակումբները բանակցութիւններու մէջ կը գտնուին, եւ յառաջիկայ օրերուն պաշտօնապէս կը հրապարակուի յայտարարութիւնը: Քէօլնի նոր մարզիչ Լուքաս Քվասնիոք Ադամեան չէ ընդգրկած նախապատրաստական մրցումներուն` բացատրելով, որ անոր խաղաժամանակի հաւանականութիւնը փոքր է: Անցեալ տարեշրջանին Ադամեան 6 մրցում կատարած էր երթին, ապա վարձավճարով փոխ տրուած էր Եան Ռեկենսպուրգ խումբ: Այս վերջինիս արդիւնքներն ալ շատ լաւ չըլլալով անոր վերջնական փոխանցումը չէ կայացած: Օսնապրիւքի մէջ Ադամեան պիտի ըլլայ իր նախկին մարզիչ Թիմօ Շուլցի հետ, որ 2023-ի ձմրան ժամանակաւոր մարզիչն էր Քէօլնի: Այդ ժամանակ Ադամեան քաջալերուած էր, բայց տարի մը ետք ան շատ բնական էր, որ լքէր ակումբը 60 մրցումներու ընթացքին 4 կոլ նշանակելէ ետք: