Հայաստանի ծանրաբարձութեան պատանիներու հաւաքականի անդամ Գրիգոր Ղազարեան դարձաւ Եւրոպայի պատանիներու ախոյեան նուաճելով երեք ոսկի մետալ եւ սահմանելով քանի մը մրցանիշ: Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան, 84 քկ կշիռի մրցումներուն մասնակցող Ղազարեան 140,145 եւ 148 քկ բարձրացուց արաշէի մրցումներուն: Վերջին կշիռքը (148 քկ) Եւրոպայի նոր մրցանիշ է պատանիներու կարգին մէջ: Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն, Ղազարեան սկսաւ 180 քկ կշիռքով սահմանելով Եւրոպայի նոր մրցանիշ արաշէի նման, ինչպէս նաեւ երկամարտի հաշուով: Յաջորդ երկու փորձերուն ան բարելաւեց իր մրցանիշը երկու անգամ բարձրացնելով 185 եւ 190 քկ: 338 քկ ընդհանուր հաշուով Գրիգոր Ղազարեան դարձաւ 2025-ի պատանիներու Եւրոպայի ախոյեան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *