Հռոմի Լեւոն ԺԶ. պապը ողջունած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրի նախաստորագրումը: Ան Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կիրակնօրեայ քարոզէն ետք յոյս յայտնած է, որ անիկա պիտի նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան: Պապը միացեալ հռչակագիրը կարեւոր յառաջընթաց նկատած է: «Յոյս ունիմ, որ այս իրադարձութիւնը կրնայ նպաստել Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան», յայտարարած է Լեւոն ԺԶ.: