Ֆրանսական France 24 հեռուստաալիքը հերքած է կեղծ էջերով տարածուած լուրը, թէ Հայաստանի վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը իբր 3,4 միլիոն տոլար իւրացուցած է քաղցկեղ եւ արեան հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց աջակցելու համար ստեղծուած «Սիթի օֆ սմայլ» հիմնադրամէն։ Ֆրանսական հեռուստաալիքը թեմային անդրադարձած է այն լոյսին ներքոյ, որ այն կայքը, որ տարածած է այդ լուրը, յօդուածներ հրապարակած է France 24-ի լրագրողներու անունները օգտագործելով։ Հեռուստաընկերութիւնը կը շեշտէ, որ ՀՀ վարչապետի տիկնոջ մասին կեղծ յօդուածի հրապարակումէն մէկ օր առաջ՝ Օգոստոս 12-ին ստեղծուած Euleaks կայքը ընդհանուր առմամբ իր յօդուածներուն մէջ օգտագործած է France 24-ի 6 լրագրողի անուն, որոնք, սակայն որեւէ կապ չունին այդ կայքին հետ։ Մասնաւորապէս, կը նշուի, որ Աննա Յակոբեանի մասին կեղծ լուրը հրապարակուած է France 24-ի նախկին լրագրող Ճէյմզ Քրիտոնի անունով։ France 24-ը կ’ընդգծէ, որ Euleaks կայքը կեղծ լրատուական հարթակ է, որ ստեղծուած է բոլորովին վերջերս։ Ըստ հեռուստաընկերութեան՝ այդ կայքի տոմէյնի տուեալները ցոյց կու տան, որ այն բացուած է Օգոստոս 12-ին՝ ՀՀ վարչապետի տիկնոջ մասին կեղծ յօդուածի հրապարակումէն մէկ օր առաջ։ Կը նշուի, որ այդ կայքին մէջ հրապարակուած են միջազգային նորութիւններու տասնեակ յօդուածներ անգլերէնով, որոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, ստեղծուած են արհեստական բանականութեան միջոցով։ Ֆրանսական հեռուստաընկերութիւնը նաեւ կապ հաստատած է Transparency International կազմակերպութեան հայկական մասնաճիւղի հետ, ուրկէ նշած են, որ ՀՀ վարչապետի տիկնոջ մասին յօդուածին մէջ ներկայացուած պնդումները հաստատող որեւէ տեղեկութիւն չունին։ Euleaks կայքը այսպէս կոչուած փտածութեան խայտառակութեան վերաբերեալ իր պնդումները վերագրած է փաստաբան Սերկէյ Յարու- թիւնեանին, որ, սակայն, աւելի ուշ պարզաբանմամբ հանդէս եկած ու յայտնած է, որ ինք երբեւէ չէ ըրած նման յայտարարութիւններ, որոնք իրեն վերագրած է այդ կայքը։