22 Օգոստոսին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիընը։ Անոնք միտքեր փոխանակեցին եւ գոհունակութեամբ ընդգծեցին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները: Անոնք նաեւ անդրադարձան տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, որուն ծիրին մէջ Գրիգորեան ընդգծեց, որ ապաշրջափակումը պիտի կատարուի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը, իրաւազօրութիւնը եւ փոխադարձութեան սկզբունքները ամբողջութեամբ յարգելու հիման վրայ։