Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, մեկնաբանելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ՝ «Նոյեմբերի 9ը մնացել է Նոյեմբերի 9ին»՝ ըսաւ, որ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ 2020-2022ին ստորագրուած եռակողմ համաձայնագիրները տակաւին արդիական կը մնան. ոչ ոք անոնցմէ հրաժարած է, եւ որ այդ փաստաթուղթերը հիմա ալ գոյութիւն ունին: Զախարովա Փաշինեանի արձագանգը որակեց «լեզուական վարժութիւն» եւ պնդեց, որ այդ փաստաթուղթերը գոյութիւն ունին: «Ես չեմ լսած, որ ոեւէ մէկը մերժած է կամ յետս կոչած է զանոնք», շեշտեց Զախարովա։