Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմետ Իսհաք Տար յայտնեց Հայաստանի իր պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած «ջերմ» հեռաձայնային զրոյցին մասին: «Էքս»ի իր էջին վրայ հրապարակած գրառումով Տար կը յայտնէ, որ՝ «համաձայնութեան եկան քննարկելու Փաքիստանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու հարցը»: Միրզոյեան եւս «Էքս»ի իր էջին վրայ կ՛ըսէ, որ «կարեւոր», զրոյց մը ունեցած է Իսհաք Տարի հետ՝ աւելցնելով. «Քննարկեցինք Հայաստանի եւ Պակիստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման հարցը»։