Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ռազմավարութեան հարցերու գլխաւոր քարտուղար Ալիս Ռուֆոյի հետ: Գրիգորեան այս մասին գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ՝ ըսելով. «Ալիս Ռուֆոյի հետ քննարկել ենք տարածաշրջանային եւ արտատարածաշըրջանային անվտանգային իրավիճակը` կարեւորելով խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման հրամայականը: Հանդիպմանը քննարկել ենք նաեւ Հայաստան-Ֆրանսա անվտանգային յարաբերութիւնները»: Գրիգորեան նաեւ տեսակցութիւն ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Եւրոպա ցամաքամասի եւ Թուրքիոյ հարցերու խորհրդական Պերթրան Պուշուալթերի հետ: Անոնք անդրադարձան 8 Օգոստոսի Ուաշինկթընի համաձայնագիրին եւ այդ ծիրին մէջ ընդգծեցին «Թրամփի ճամբայ` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» ծրագիրին կարեւորութիւնը` տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան ընդլայման եւ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան զարգացման պարունակին մէջ: