Պուլկարիոյ Ալպենա քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ փարաբազկամարտի (հաշմանդամութիւն ունեցողներու) աշխարհի 27-րդ ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանը ներկայացնող Սարգիս Ստեփանեան 80 քկկշիռի մրցումներուն դարձաւ աշխարհի ախոյեան` 4-րդ անգամ ըլլալով: «Ասիկա իմ ախոյեանութեան չորրորդ տիտղոսն է, եւ իմ մարզական ուղիի ընթացքին դարձած եմ Եւրոպայի ախոյեան, ինչպէս նաեւ շահած եմ աշխարհի բաժակը 2 անգամ: Շնորհակալ եմ բոլորին` աջակցութեան եւ վստահութեան համար: Այս յաղթանակը ձեզի ալ կը պատկանի», ըսած է Ստեփանեան: Նշենք, որ փարաբազկամարտի աշխարհի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 58 երկրի ներկայացուցիչներ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *