Իտալացի դերասանուհի Քլոտիա Քարտինալէն` յետպատերազմեան եւրոպական շարժապատկերի ամենայայտնի դէմքերէն մէկը, մահացաւ անցեալ սեպտեմբեր 23-ին Ֆրանսայի Նըմուր քաղաքին մէջ, 87 տարեկանին: Քարտինալէի մահը մեծ արձագանգ գտաւ հայերուն մէջ, քանի որ զինք յատկապէս կը յիշենք 1991-ին Հանրի Վերնոյի «Մայրիկ» ժապաւէնին մէջ հրաշալիօրէն խաղացած մօր դերը: Առիթով մը դերասանուհին յայտարարած է, որ ինք բախտաւոր է այդ ժապաւէնին մէջ Վերնոյի մօր դերը խաղալուն եւ Հայոց պատմութեան ծանօթանալուն համար: 2010-ին Քլոտիա Քարտինալէն այցելեց Հայաստան` «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին առիթով: Այդ տարի փառատօնը կը նշէր Հայոց ցեղասպանութեան 95 եւ Հանրի Վերնոյի ծննդեան 90-ամեակները: Դերասանուհին ստացաւ պատուոյ մրցանակ եւ յուշամետալ: Տարիներու ընթացքին իտալացի դերասանուհին պաշտպաներ է կիներու իրաւունքները, 2000-ին ան դարձաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան` կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: 2011-ին «Լոս Անճելըս Թայմզ» ամսաթերթը Քարտինալէն դասեց շարժապատկեի պատմութեան 50 ամենագեղեցիկ կիներու շարքին: Իսկ Իտալիոյ վարչապետ Ճ. Մելոնին զայն անուանեց «Իտալական շարժապատկերի խորհրդանիշ»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *