Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորհուրդի 6-րդ նիստի ծիրին մէջ ստորագրուած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգ» փաստաթուղթը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Միրզոյեան իր խօսքին մէջ նշած է. «Քանի մը վայրկեան առաջ մենք ընդունեցինք նոր` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ռազմավարական օրակարգը, որ կ՛ամբողջացնէ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը եւ մեր գործընկերութեան օրակարգը կը բարձրացնէ ռազմավարական մակարդակի: «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութիւնը կը մտնէ նոր եւ աւելի յաւակնոտ փուլ` ընդհանուր տեսլականով եւ պատասխանատուութեամբ` միտուած մեր քաղաքացիներուն համար որոշակի արդիւնքներու շարունակական ապահովման»:
