Ստորեւ կը ներկայացնենք 2025 թուականի 12 Դեկտեմբերի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատե- սային հաղորդաշարին արտա- գրուած «թեքսթ»ը՝ «Ամօթալի վերջ՝ Գարեգին Բ. Կտրիճի, Եզ- րասի, Յովնան Տէրտէրեանի, Ռոբ-Սերժի եւ իրենց մաֆիայի։ Յո՞ երթաս ՀՅԴ»։ Բ ա ց ա յ ա յ տ ո ւ մ ն ե ր ՝ հետազօտող լրագրողներ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆի եւ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆի կողմէ: Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ (email) ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացնեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի միացեալ տպագիր տարբերակին, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան, գրասենեակի կամ փոստա- րկղի հասցէն usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէով կամ հեռաձայնելով 1-818-241-5777։ YouTube-ի մէջ դիտելու համար բացէք հետեւեալ կապը. https://youtu.be/GZdoQL-c1nk?si=Xh3Uj3w0LHC_bM0B ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Կը սխալին անոնք, որոնք կ҆ակնկալեն, որ ներկայ իշխա-նութիւնները՝ ի պատիւ վարչապետ Փաշինեանին, ձեռնամուխ պիտի ըլլայ յաջորդ հայրապետական ընտրութիւններուն միջամտելով:

Նոյն պատմական սխալը պիտի չի գործադրուի, ինչ որ պատահեցաւ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրօք՝ 1995ին եւ պատահեցաւ Վազգէն Սարգիսեան, Կարէն Տեմիրճեան զոյգի կողմէ ղեկավարուած Հայաստանի իշխանութեան օրօք 1999ին: Բաւականին յուսադրիչ եւ ոգեւորիչ նշաններ կան, առողջ նշաններ կան, որ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարը միջամուխ պիտի չըլլայ եւ այդ նախորդ երկու սխալ նախընթացները պիտի չկրկնուին, ի պատիւ վարչապետին։ Եւ մեր յորդորը եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջամուխ չըլլայ Հայաստանեայց Առա-քելական եկեղեցւոյ ներքին գործերու մէջ, որովհետեւ այո՛ հայկական պետականութիւնը տէրն ու տիրակալն է իր քաղաքացիներու իրաւունքներուն, հայկական պետա- կանութիւնը տէրն ու տիրակալն է հայկական պետա- կանութեան անվտանգութեան փաստին եւ անվտան- գութիւնը ապահովելու համար լիովին լիազօրուած է Հայաստանի քաղաքացիի կողմէ եւ ամբողջ հայութեան կողմէ: Ոեւէ առողջ մտածող հայ այս միտքին հակառակ պիտի չըլլայ։ Ուրեմն լաւ լուրը այն է, որ արժանապատիւ վարչապետ Փաշինեան արդէն իր հրապարակումներուն մէջ յստակ կերպով ըսաւ, որ պէտք է արդար գործընթաց ըլլայ։ Եւ մեր ակնկալիքն է, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղե- ցւոյ օրէնսդրութիւնը կամ սահմանադրութիւնը, պէտք է ամէն կերպ գործադրուի եւ կիրառուի, որովհետեւ ի դժբախտութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղե- ցւոյ հետեւորդներուն վերջին տասնամեակներուն Հա- յաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ երկու նուիրապե- տական աթոռները, յանձինս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կա- թողիկոսութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին՝ են- թարկուած են երկու մաֆիաներու քմահաճոյքին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, այսինքն Անթիլիասի թեմերը խո- շոր չափով անմիջական վերահսկողութեան (ժխտական առումով կ҆ըսեմ) վերահսկողութեան ներքեւ անցած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ռսաստրուկ Բիւ- րոյին, որ իր քմահաճոյքով կը կառավարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ ամէն կերպ թաքուն եւ ոչ թաքուն միջոցներով կը վախեցնէ հոգեւոր ծառաները կամ հոգեւոր ղեկավարութիւնը, սկսած Արամ Ա. Հայ- րապետէն մինչեւ ցանկացած թեմական առաջնորդները:

Անշուշտ մենք ականատես եղանք ատոր. ի միջի այլոց այսօրուայ մեր ելոյթին խորագիրը պէտք է ըսէ՝ “Երկու Փիղ Մէկ Սենեակին Մէջ”, եւ այդ երկու փիղ մէկ սենեակի մէջ հասկացողութիւնը սկսանք արդէն պարզաբանել որպէս երկու մաֆիա Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ սենեակէն ներս։ Մէկը անթիլիասական թեմին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, միւսը՝ Ամենայն Հա- յոց կաթողիկոսութեան, ի քաղաքս Սուրբ Էջիմածին։ Եր- կուքն ալ մաֆիաներուն վերահսկողութեան տակ են։ Եւ ոեւէ անհատ, որ կը փորձէ իր արդար եւ առողջ մտածե- լակերպով գործել այս երկու թեմերէն ներս, վախեցման կ҆ենթարկուի։ Ես ուրախ եմ, որ «նոր Հայաստան, նոր սփիւռք» հասկա- ցողութիւնը սկսած է գետին շահիլ եւ ի պատիւ վարչապետ Փաշինեանին եւ ի պատիւ բազմահարիւր, չըսելու հա- մար բազմահազար ակտիվիստներու ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, նոր ժամանակաշրջանի մը վարդա- հեղեղ արշալոյսի մը ոտնաձայները մենք ոչ միայն կ҆առ- նենք, այլ ճանապարհը կը հարթենք բոլորս՝ միասնաբար։ Երբ որ խօսինք օրինակի համար Ամերիկայի արեւ- մըտեան թեմէն ներս տիրող սովետականացած մաֆի- ոզի մթնոլորտին, պիտի չզարմանանք, որովհետեւ անց- նող 25 տարիներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջիմածինը բռնա- զաւթած Գարեգին Բ.ն անմիջական կցորդը եղած է այն մաֆիային, որուն եւ մաս կը կազմէ դժբախտաբար Յով- նան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը եւ բազմաթիւ այլ եպիսկոպոսներ՝ Մոսկուայի Եզրասը, Քանատայի Յովա- կիմեան արքեպիսկոպոսը եւ ուրիշներ։ Իսկ անթիլիասա- կան թեմէն ներս, ինչպէս որ քիչ առաջ նշեցի, նոյնպէս հայ հաւատացեալները վախեցման կ҆ենթարկուին եւ այս երկու մաֆիաները արգելք կ՛ըլլան որ առողջ մտածող հաւատացեալներ անդամ ըլլան եկեղեցական ծուխին, կամ եկեղեցական համայնքին եւ իրենց ձայնը գործնա- կան ձեւով լսելի դարձնեն։ Այսօր շատ կարեւոր զարգացման մասին ես պիտի իրազեկեմ ձեզի եւ այդ լաւ լուրը տամ։ Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգման կազմակերպութիւնը, որ 2018ին ծնունդ առած էր եւ բազմաթիւ ազդեցիկ հին ամերիկահայեր կը զօրակցին, նաեւ վերջին 50-60 տարիներուն Ամերիկա հաստատուած հայեր եւ անշուշտ մեծ մասը այդ հեղինա- կաւոր անձանց չեն ուզեր իրենց անունները հրապարա- կուի, սակայն ես ուրախութիւնը ունիմ ձեզի այսօր տեղե- կացնելու, որ Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգման Կազմակեր- պութեան ղեկավար կորիզի անդամները կը շարունակեն վճռաբար գործել. անոնք բաւականին յարգուած, սիրո- ւած հոգեւոր ծառաներ են, եւ անոնց հետ են նաեւ՝ աշ- խարհականներ։ Աշխարհականներու հերթին կայ պարոն Ոսկան Մխի- թարեանը, իմ զրուցակիցը, յայտնի հրապարակախօս եւ նաեւ Ափլէնտի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հիմնադիր հովիւը, որ երկար տարիներ ծառայած է Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմէն ներս, եւ լայն ժողովրդականութիւն ունի. ան սի- րուած, յարգուած հոգեւորական, եւ Ափլէնտի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հիմնադիր հովիւ Գէորգ Հալլաճեանն է։ Գալիք օրերուն եւ շաբաթներուն նոր անուններ պիտի լսէք, սիրելի հայրենակիցներ եւ հաւատակիցներ։ Եւ ան- շուշտ ձեր խոնարհ ծառան միշտ պատրաստ է համա- գործակցելու, ցանկացած առողջ մտածող անհատնե- րու եւ կազմակերպութիւններու հետ։

Եւ այս պարագա- յին լաւ լուրը այն է, որ մենք նոր փուլ կը մտնենք, ժողո- վըրդավարութեան վերականգնումը իրականացնելու համար, բոլորս ձեռք ձեռքի տուած եւ սովետականացած եւ օսմանացած թեմերէն ներս, եւ նաեւ բռնազաւթուած Մայր Աթոռէն ներս, ինչպէս նաեւ Անթիլիասէն ներս։ Ուրեմն պարոն Յովնան կամ Վահրամ Տէրտէրեա- նը, որ աշխարհական անունն է Յովնան արքեպիսկո- պոս Տէրտէրեանին, եթէ յանկարծ իրմէ լսէք, որ այս նոր անդամները դաշնակ են, չգիտեմ ինչ են, չխաբուիք սիրելիներ։ Ինքը՝ Յովնան Տէրտէրեանը Դաշնակցու- թեան օլիկարխներու գիրկը նստած անձնաւորութիւն մըն է: Մենք բացայայտեցինք իր այն սերտ կապը Վիգէն Յովսէփեանին հետ, որ Դաշնակցութեան օլիկարխնե- րէն էր այդ տարիներուն եւ բարեբախտաբար այս օրերուն գահընկեց եղած է, սակայն քուլիսներու ետին, վարագոյրներու ետեւէն կը փորձէ ինչ որ կերպ գործըն- թացներու վրայ ազդել եւ ձեւով մը Յովնան Տէրտէրեանին հասցնել Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան աթոռին։ Եւ այս նոյն Վիգէն Յովսէփեանը չէ՞, որ երբ որ անթիլիասա- կան թեմի նախկին տխրահռչակ առաջնորդ Մուշեղ չարքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը տէրհայրի կնոջ հետ՝ երէցկինին հետ սիլիպիլի կ՛ընէր, կը սիրաբանէր, եւ երբ այս հարցով կուսակցական ժողովի մը ժամանակ կուսակ- ցական ղեկավարները գրեթէ երկուքի բաժնուած էին եւ իրար հետ կը վիճէին՝ ինք այլ «լուծում» մը կ՛առաջարկէր։ Մէկ մասը կ҆ըսէր որ Մուշեղ արքեպիսկոպոսը պէտք է գահընկեց ըլլայ, որովհետեւ մեծ սքանտալ, տխուր հռչակ կը բերէ եւ հայ եկեղեցւոյ վարկը անկման կ҆առաջնորդէ՝ մէկ խում- բը կուզէր Մուշեղ չարքեպիսկոպոսին աթոռազրկումը, միւս խումբը կ҆ու- զէր պահպանել։ Ուրեմն ճի՞շդ են արդեօք պարոն Վիգէն Յովսէփեան այն տեղեկութիւնները, որ դուք այդ ժողովին ներկայացած էք եւ ըսած էք՝ «ինչո՞ւ կը վիճիք, թող մնայ, մենք այնքան ատեն որ ինքը ինչպէս որ սովետահայերէն կ҆ըսեն քոմփրոմաթ ունինք իր վրայ, իրեն լաւ մը կը կթենք, կը չարաշահենք»։ Ճի՞շդ են այս տեղեկութիւնները, պարոն Յովսէփեան։ Շատ պիտի փափաքէի որ դուք հրամմէիք այս հեռուստահաղորդման եւ պարզաբանումներ ներ- կայացնէիք։ Ինչպէս որ Նաթալի Ալեքսանեանը կ҆ըսէ՝ «արի էս թառաֆ»։ Անշուշտ նաեւ կը սպասենք ձեր ելոյթին, պարոն Վիգէն Յովսէփեան, որ դուք այդքան կը սիրէք Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին եւ այնքան սրտացաւ էք, որ այդքան սքանտալային մարդկանց կը սիրէք պահպանել եւ պաշտպանել եւ իրենց դիրքերը ամրացնել։ Անշուշտ այս ընթացքը շատերու համար ընդունելի չէ, եւ շատեր կը դատապարտեն այն փաստը, որ վարչապետ Փաշինեանի անմիջական մօտիկ կարգ մը խորհրդականներ, բարեբախտաբար ոչ բոլոր խորհրդականները, կարգ մը խորհրդականներ ամէն կերպ կը փորձեն վարչապետ Փաշի- նեանին համոզել, որ հրապարակաւ թիկունք կանգնի Յովնան Տէրտէրեանի աթոռակից կամ տեղապահ ընտրուելու առաջադրանքին։ Ինչպէս որ թրքե- րէն խօսք մը կայ, կ҆ըսեն՝ «անձրեւէն փախանք, կարկուտի բռնուեցանք»… ես այդ մասին պիտի հարց տայի իմ զրուցակցին։ Պարոն Մխիթարեան, ի՞նչ կ҆ըսէիք Յովնան Տէրտէրեանի մասին քաջածանօթ եւ Քանատայի գարե- գինապաշտ, Գարեգին Բ., Յովնան Տէրտէրեան եւ Եզրաս մաֆիայի անդամ Յովակիմեան արքեպիսկոպոսի մասին։ Բայց անկէց առաջ, պարոն Մխիթա- րեան, ի՞նչ կ҆ըսէիք այս վերջին զարգացումներուն մասին, որ Յովնան չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը ըստ երեւոյթին երկու թէլի վրայ կը պարէ արդեօք, արդեօք իր ստորագրութիւնը ճի՞շդ է, որ Գարեգինի հրաժարականը կը պահանջէ։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։ Արդեօք դուք կը խորհիք, որ Յովնան չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը ճիշդ ընթացքի մէ՞ջ է, թէ իր հեր- թական լարախաղացութիւնը առաջ կը տանի։ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, կարկինը բաւական լայն բռնեցիք այս պարագային։ Մեր նպատակը խաղող ուտել է եւ ոչ այգեպանը ծեծել։ Հետեւաբար, նախ վերլուծենք թէ ներկայիս ինչ կը պատահի Մայր Աթոռէն ներս։ Բոլորս ալ գիտենք, որ տաս եպիսկոպոսներ քաջութիւնը ունեցան թէ խոս- տովանելու, եւ թէ յայտարարելու, որ վեհափառ Գարեգին կաթողիկոս լաւ կ҆ըլլայ որ այդ աթոռէն կամովին հեռանաս, որպէսզի հայ եկեղեցին փրկենք այս գահավիժումէն։ Անշուշտ այս տաս եպիսկոպոսներուն դէմ անմիջապէս քսանեօթ եպիսկոպոսներ որպէս թէ յատուկ յայտարարութիւն մը հանեցին, ի զօրակցութիւն Գարեգին կաթողիկոսին։ Այսօր արեւի պէս պայծառ է, որ այս 27 եպիսկոպոսներէն շատեր լուր նոյն- իսկ չունին, որ իրենց անունները կը շահագործուին։ Այս բոլոր խաղերը եղած են, պիտի ըլլան, բայց կարեւորը հետեւալն է։ Այս տխուր բոլոր երեւոյթներէն ուրախալի լուրը այն է, որ ներկայիս իշխանութիւնը շատ յստակ ըրաւ ինք- զինք, ըսելով, որ հայ եկեղեցին անպայման վերանորոգման պէտք ունի եւ այդ վերանորոգումը պիտի ըլլայ ներքնապէս։ Հետեւաբար եպիսկոպոսները, բոլորին կ҆ակնարկեմ, բոլոր նուիրապետական աթոռներու եպիսկոպոսներուն, պէտք է քաջութիւնը ունենան հաւաքուելու։ Թէեւ յայտարարուեցաւ տակաւին մի քանի օր առաջ, որ ամսու 10ին տեղի ունենալիք եպիսկոպոսական ժողո- վը տեղի պիտի չունենայ։ Յստակ պատճառաբանութիւն մը չտրուեցաւ։

Մենք քաջածանօթ ենք նաեւ այն իրողութեան, որ շատ մը եպիսկոպոսներ, որոնք հանգստեան կոչուած են, նոյնիսկ լուր չունէին որ եպիսկոպոսական ժողով տեղի պիտի ունենայ։ Անտեսուած են բոլոր անոնք, որոնք պիտի չհնազանդէին Գարեգին կաթողիկոսի թելադրանքներուն։ Մէկ կողմ դնենք այդ բոլորը։ Վերադառնանք հարցին։ Ուրախալի լուրը այն է, որ ներկայ իշխանութիւնը, վարչապետի գլխա- ւորութեամբ, յստակ կը յայտարարէ, որ եկեղեցին ինքնամաքրման պիտի երթայ իր ներքին կազմաւորութեամբ։ Հետեւաբար որեւէ ատեն չյայտարարէք որ ինչպէս անցեալին պատահեցաւ, եւ պարոն Չափարեան յայտարարեց, պետութիւնը նոր կաթողիկոս պիտի չդնէ այդտեղ, կամ նոր տեղապահ պի- տի չդնէ։ Այդ բոլորը պիտի կատարուին օրէնքի ճամբով։ Յստակ օրէնքի գործադրութիւնը պիտի ըլլայ բացայայտ, ոչ թէ ծածկուած եւ թելադրուած։ Հետեւաբար այս բոլորը կը կարծեմ որ ժամանակի կը կարօտին, բայց որքան ուշանայ այս խնդիրը այդքան պիտի բարդանայ։ Եւ ահաւասիկ այս բոլոր տակնուվրայութեան մէջ նոր հարց մը ծագեցաւ անմիջապէս Քանատայի թեմէն ներս։ Այսօր Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հանեց Աբգար տխրահռչակ եպիսկոպոսին դէմ, ըսելով որ համագործակցութեամբը իր կարգ մը ստա- հակներուն կը փորձեն Լաւալի եկեղեցւոյ նուիրուած հողաշերտը ծախել։ Չի կարելի, սիրելիներ։ Մեր եկեղեցիները կանոնադրութիւն ունին։ Ծխական մարմնի ժողով տեղի պիտի ունենայ եւ առաջնորդը պէտք է հաւանութիւնը առնէ այդ ժողովուրդին, որպէսզի նման արարքի մը երթայ։ Եւ այս բոլորը չի բաւեր, որ կ҆անտեսեն նոյն ատեն Աբգար եպիսկոպոս իր արբանեակներով կը սպառնայ բոլոր անոնց, որոնք կը բարձրաձայնեն եւ կը պահանջեն օրէնքի գերակայութիւնը։ Իրենց իրաւունքն է, սիրելիներ։ Նոյն կացութիւնն է ամէն տեղ։ Եթէ Քանատայի մէջ այս բռնատիրութիւնը կ҆ըլլայ, որովհետեւ Աբգար եպիսկոպոս Գարեգին կաթողիկոսի հացահատիկէն կշտացած եպիսկոպոս մըն է։ Նոյն պատմութիւնը ստեղծեց Պուլկարիոյ մէջ։ Խօսած ենք այս մասին։ Կրկին չ҆անդրադառնանք։ Հոն ալ նմանօրինակ սխրագործութիւններ ըրաւ եւ այդտեղէն արտաքսուեցաւ եւ որպէս գնահատանք Գարեգին կաթողիկոս իրեն եպիսկոպոս ըրաւ։ Հիմա կ҆ուզեմ մեր ժողովուրդը հասկնայ որ այս պատ- կերը, այս ճահիճը ամենուրէք է։ Նոյն պատմութիւնը կայ այս թեմէն ներս։ Արեւմտեան Ամերիկայի էջիմածնական թեմէն ներս նոյն պատկերն է, սիրելիներ։ Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին այսօր գոյութիւն չունի։ Բարերարներէ դրամ հաւաքուեցաւ։ Հաշուետուութիւն եղա՞ւ։ Ժողովուրդը գիտէ՞ թէ ինչ պատահեցաւ այդ դրամին։ Կը հասկնա՞ք, սիրելիներ, ասիկա միայն քննադատութիւն չէ։ Բոլորս ալ եկեղեցւոյ անդամ ենք եւ կը պահանջենք որ մեր եկեղեցին առողջ մնայ։ Առողջ մնալու համար թափանցիկութիւն է պէտք, հաշուէտուութիւն է պէտք։ Չի բաւեր Հոլիվուտի եկեղեցին այսօր չկայ եւ հողաշերտն ալ ծախուեցաւ, բայց առաջնորդարանը, ղեկավարութեամբ առաջնորդին հաշիւ մը չտուաւ ոչ ծխականներուն, ոչ ալ ժողովուրդին։ Նոյն պատմութիւնը կատարուեցաւ նաեւ Օրէնճ քաունթրիի մէջ։ Քահանան ինծի ծանօթ է, բողոք ներկայացուցած էր Յովնան արքեպիսկոպոսին, որ Սրբազան Հայր, այստեղ հաւաքուած գումարները կ҆անհետանան։ Շինարարութեան համար հաւաքուած գումարները։ Գիտէ՞ք ինչ ըսած է Յովնան Սրբազանը։ Տէր Հայր, դուն մի խառնուիր, այդ բոլորին պատասխանատուն ես եմ։ Այս է, սիրելիներ, տխուր բաժինը հոս է։ Առաջնորդը կը կարծէ, որ ինքն է տէրն ու տիրականը եկեղեցւոյ։ Ինչ որ Աբգար եպիսկոպոս կը կարծէ որ ինքն է Լաւալի տէրը։ Ասոր վերջ պիտի տանք։ Ո՞վ պիտի տայ։ Ես ու դուն։ Մենք պիտի տանք։ Նման բան գոյութիւն չունի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն ներս։ Բոլոր առաջնորդները, անխտիր, ըլլայ էջմիածնական թեմ, ըլլայ կիլիկեան թեմ։ Բոլորն ալ հաշուետու են իրենց ժողովուրդին։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ես ուրախ եմ, որ կարգ մը եպիսկոպոսներ եւ նաեւ որպէս քրիստոնեայ ուրախ եմ որ իրենց յանցանքները իբրեւ թէ ընդունած են, բայց վնաս չունի, ես կ҆ընդունիմ անկեղծօրէն։ Սակայն անշուշտ ես ծանր յանցագործութիւններ գործած եպիսկոպոսներուն ապագայ որեւէ պաշ-տօն պիտի չուզէի որ մեր ժողովուրդը վստահէր։ Անոնց իսկական տեղը ապա- շըխարհութիւնն է եւ ընդհանրապէս հրապարակէն հեռացումն է կամովին։ Հիմա վերադառնանք ամէնէն կարեւոր հարցին։ Պարոն Մխիթարեան, դուք իրատեսական կը գտնէ՞ք, որ ներկայ տասը եպիսկոպոսներուն պիտի միա- նան այդ առնուազն 40 եւս եպիսկոպոսներ, որ միասնաբար 50 եպիսկոպոս ըլլայ եւ ատիկա արդէն ծանրակշիռ իրագործում մը կ҆ըլլայ Գարեգին Բ.ի հրա- ժարականը իրականացնելու մէջ։ Դուք իրատեսական կը գտնէ՞ք, որ 50ը պիտի իրականանայ։ Թէ ի՞նչ ուրիշ ճանապարհ կը գտնէք։ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, կասկած չկայ որ ցանկու- թիւնը այդտեղ է։ Տասը եպիսկոպոսները հրապարակ ելան, բայց իրատեսա- կան ըլլանք այս պարագային եւ չակնկալենք որ անմիջապէս ուրիշներ պի- տի միանան։ Ժամանակ կը կարօտի այս բոլորը, որովհետեւ ինչպէս որ ներ- կայ իշխանութիւնը կը հաւատայ, որ ներսէն պիտի ըլլայ այս բոլորը, եպիսկո- պոսներու մասնակցութեամբ, հետեւաբար կը կարծենք որ ժամանակի ըն- թացքին շատեր պիտի անդրադառնան իրենց հոգեվիճակին եւ պիտի միա- նան այս տասին եւ իրենց բանակը ստուարանալով, պիտի ունենան քաջու- թիւնը կոչ ուղղելու, որպէսզի ազգային եկեղեցական ժողով տեղի ունենայ։ Որովհետեւ կաթողիկոսի հեռացումը միայն ազգային եկեղեցական ժողովով կրնայ ըլլալ։ Այն ինչ որ տաս եպիսկոպոսները խնդրեցին եւ առաջարկեցին, Գարեգին կաթողիկոսի հանգստեան կոչել էր, բայց այստեղ հարցը եկած է հոն, որ այս եկեղեցին փրկելու համար, Հայաստանեայց Առաքելական եկե- ղեցին փրկելու համար անպայման պէտք է ազգային եկեղեցական ժողով տեղի ունենայ, որուն համար պայման է, որ 40է աւելի եպիսկոպոսներ այդ աշխատանքին նուիրուին եւ յաջողցնեն այդ առաքելութիւնը։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Եւ ոչ միայն նուիրուին, այլ մասնակից ըլլան եւ չխա- փանեն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ աշխարհական եւ հոգե- ւորական առողջ մտածող հաւատացեալներու իրաւունքը։ Այսօրուայ օրով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արե- ւելեան թեմերէն ներս Էջիմածնական, նոյնպէս եւ անթիլիասական, իրավի- ճակը բարւօք չէ: Անշուշտ անթիլիասականի պարագային ես պիտի քրէտիթ տամ արեւելեան ազգային առաջնորդարանի շրջանակին, որ մի քիչ աւելի առողջ են այդ շրջանակը եւ ատոր համար է որ մենք ունինք ինչ որ ունինք արեւելեան ափին մէջ, եւ ես ուրախ եմ ատոր համար, ի շարս բազմաթիւ սրտցաւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներուն։ Իսկ ինչ կը վերաբերի արեւմտեան թեմէն ներս, մեծ դժգոհութիւն կայ երկու թեմերու պարագային ալ, թէ՛ անթիլիասական, թէ՛ էջմիածնական, որ այս երկու թեմե- րը խոշոր չափով մէկը օսմանացած, ռսաստրուկ բիւրոյականներու հակա- կըշռին տակ է, եւ սորոսականներու հակակշռին տակ է՛ եւ այս սորոսական եւ ռսաստրուկ բիւրոյական մաֆիան արգելք կը կենայ ժողովուրդի անդա- մագրութեան։ Լաւ լուրը այն է, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ բարեկարգ- ման կազմակերպութիւնը մօտ ատենէն հանդէս պիտի գայ շատ կարեւոր յայտարարութեամբ նոր փուլ սկսելու, նոր մակարդակ բերելու, ներեկեղեցա- կան կեանքէն ներս եւ անկուսակցական այս կազմակերպութիւնը շատ կարեւոր աշխատանք պիտի տանի, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը վերա- կանգնուի՝ եւ Ամերիկայի արեւմտեան թեմէն ներս եւ նաեւ Ամերիկայի արեւմտեան ազգային առաջնորդարանէն ներս։ Սա շատ լաւ, կարեւոր զար- գացում մըն է, եւ ինչպէս որ անգլերէն կ҆ըսեն՝ all politics are local, կամ ալ՝ բոլոր խոշոր քաղաքականութիւնները տեղական մակարդակէն կը սկսին։ Իսկ մէկ հատ ուրիշ լաւ արտայայտութիւն մը կայ charity starts at home, այսինքն բարեգործութիւնը կը սկսի տունէն։ Եւ եկէք մենք ականջալուր ըլլանք եւ պատրաստակամ ըլլանք գալիք հրաւէրին, որ խուռներամ անդա- մարշաւ սկսինք եւ գալիք պատգամաւորական ընտրութիւններուն ապա- հովեցնենք եւ բռնազաւթուած, սովետականացած Ամերիկայի արեւմտեան թեմէն ներս, Քանատայի թեմէն ներս, Ամերիկայի արեւելեան թեմէն ներս, Եւրոպայի բազմաթիւ թեմերէն ներս, եւ դժբախտաբար, այո, եւ ամէնէն կա- րեւորը՝ պոլոժենիայի զոհ գացած Հայաստանի թեմերէն ներս. այնտեղ դժբախտաբար մեծ աշխատանք կայ կատարուելիք եւ մեր առաջադրանքն է որ արժանապատիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շատ լուրջ կերպով, ոչ թէ որպէս կառավարութեան ղեկավար, այլ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ազդեցիկ հետեւորդ մասնակից ըլլայ, որ նաեւ Հայաստանէն ներս բոլոր թեմերը, ինչպէս որ արեւելահայերէն կ҆ըսեն՝ բոլոր թեմերը ազատագրուին եւ ժողովուրդը իր ազատ ձայնով ընտրէ իր պատգա- մաւորները, եւ նաեւ միանալով ազատ աշխարհի մէջ ժողովրդավարութիւնը վերականգնած թեմերէն ներս, բոլորս ալ ուրախութեամբ, հոգեզմայլանքով ընտրենք մեր յաջորդ պատգամաւորները, որոնք պիտի գործուղղուին ազգա- յին եկեղեցական արտակարգ ընդհանուր ժողովին։ Եւ ինչու այս կ҆ըսենք մենք այս սեղանի շուրջ բոլորուածներս, եւ ոչ միայն սեղանի շուրջ, այլ բազմաթիւ սրտցաւ հայերու կողմէ, որովհետեւ, տեսէք, փութինեան Ռուսական Դաշնութիւնը ամէն կերպ պայքարելու պատրաստ է, եւ թոյլ պիտի չտայ, որ Գարեգին Բ.ն հրաժարի, որովհետեւ Գարեգին Բ.ի՝ Կտրիճ Ներսէսեանի հրաժարականով Ռուսական Դաշնութիւնը խոշոր, արժէքաւոր ազդեցութիւն պիտի կորսնցնէ հայկական պետականութենէն ներս եւ ըստ իմ ունեցած տեղեկութիւններուն, Կտրիճ Ներսէսեանը ազատ կամքով պիտի չհեռանայ եւ իրենց նախընտրածն է, որ կառավարութիւնը միջամտէ։ Իսկ ուրիշ բան, եթէ կառավարութեան հայկական պետականութեան իրաւապահ մարմինները եւ դատաիրաւական համակարգը իր պարտականութիւնը լիովին իրականացնէ Կտրիճ Ներսէսեան քաղաքացիին հանդէպ, նոյն Կճո- յեան արքեպիսկոպոսի հանդէպ, նոյնը արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հանդէպ, Ներսէսեան Եզրաս չարքեպիսկոպոսի հանդէպ, Յովակիմեան չարքեպիսկոպոսի հանդէպ, Քանատայի վաշխառու թեմակալ առաջնորդին եւ նաեւ արեւելեան ափի Պարսամեան չարքեպիսկոպոսի հանդէպ։ Ասոնք բոլորը գարեգինապաշտներն են։ Այս գարեգինապաշտերէն ձերբազատուելու համար հարկաւոր է որ մենք աւելի լաւ կազմակերպուինք եւ մեր թեմերը բոլորն ալ ազատագրենք եւ ազատ, թափանցիկ եւ արդար ընտրութիւններով ժողովուրդի ձայնը լսելի դարձնելով սկսենք իրականացնել ընտրութիւնը արժանաւոր, հաւատացեալ, ազգասէր, պետականասէր հայերու, որոնք օրինապաշտ են։ Ինչպէս որ հիմակուան հայկական պետականութեան քաղաքացին հետզհետէ սկսած է աւելի օրինապաշտ ըլլալ, ես ատոր համար է որ միշտ բարձրաձայնած եմ, կը շարունակեմ բարձրաձայնել, մենք ունինք ոսկեայ սերունդ՝ սէրոժներէն սկսած, սարգիսներէն սկսած, ազգանունները չեմ տար հիմակուհիմա, բայց հետագային պիտի տամ։ Այս երիտասարդ-երիտասարդու- հիները, այտաները, այս երիտասարդները իսկապէս որ ոչ միայն տարիքի առումով երիտասարդներ են, (տարիքի խտրականութիւն չկայ, մէկը կըր- նայ 18 տարեկան ըլլալ, միւսը 88 տարեկան ըլլալ, միւսը՝ 108 տարեկան ըլլալ), այլ ոգիով եւ մտածելակերպով: Անոնք այն հայերն են, որոնք ազատագրուած են օսմանա – սովետական միատէրութենէ, մենատէրութենէ, պոռնկատէ- րութենէ, գողապետութենէ, եւ անոնք որպէս ինքնիշխան քաղաքացի եւ ինքնիշխան հաւատացեալներ իրենց արժանաւոր տեղը գտած են եւ իրենց առաքելութիւնը կ҆ուզեն իրականացնել, անոր համար է որ մենք կը կարողա- նանք բարոյական իրաւունքը ունենալ մեր յայտնի բանաստեղծի խօսքը ըսելու՝ «վարդահեղեղ արշալոյսի մը ոտնաձայները ես կ҆առնեմ։»

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *