«Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգը կ՛արտացոլէ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ երկ- կողմ ձեւաւորուած եւ խորացող գործընկերութեան բովանդակութիւնըհիմնուած ընդհանուր արժէքներու ու փոխադարձ շահերու վրայ», ընդգը- ծեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը արձագան- գելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան նախանցեալ օրուան յայտարարութեան: «Ան կ՛արտացոլէ ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիներու եւրոպական ձգտումները, այլեւ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային-տնտեսական դիմակայունութեան աջակցելու Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը: Ակնյայտ է, որ սա ինքնին միայն կը նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան ուղղուած հետագայ ջանքերուն», յայտարարած է բանբերը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կա- յանի հարցումին պատասխանելով:
