Հայ ազատ ոճի ըմբիշ Վազգէն Թեւանեան Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող 2026-ի «Փրօ Ռեսլինկ լիկ»-ի մրցումներու գծով կարեւոր մրցում մը ունէր Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր (65 քկ կշիռի) Ալի Ռահիմզատէի (Ազրպէյճան) դէմ, որ մաս կը կազմէ «Թայկըրզ օֆ Մոմպէյ Տանկալզ» խումբին: Թեւանեան 5-2 արդիւնքով յաղթեց: Գօտեմարտի արդիւնքը վերջին երկվայրկեաններուն վճռուեցաւ: 1-1 արդիւնքով հաւասարութեան ժամանակ, Թեւանեան կէտ մը կորսնցուց եւ կը գտնուէր պարտութեան վտանգի տակ: Հայ ըմբիշին համար ժամանակը կ՛աւարտէր ի նպաստ մրցակիցին` 2-1 արդիւնքով, սակայն Վազգէն Թեւա- նեան կրցաւ յաղթանակը խլել կարեւոր կէտեր խլելէ ետք: Նշենք, որ Թեւանեան մաս կը կազմէ «Մահարաշդրա Քեսարի» խումբին: 74 քկ կշիռի ախոյեանութեան, Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչ Արման Անդրէասեան, որ մաս կը կազ- մէ «Ափ Տոմինէյթըրզ» խումբին, 5-12 արդիւնքով պարտուեցաւ հնդիկ ըմբիշ Չանտերմոհանիէն («Փուն- ճապ Ռոյըլզ»): Նշենք, որ «Փրօ Ռեսլինկ լիկ»-ը արհեստավարժ ըմբշամարտի ախո- յեանութիւն է, որ հիմնադրուած է 2015-ին, եւ 2026-ին պաշտօնապէս վերսկսած է 2019-ին դադրելէ ետք:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *