Հայ հրաձիգ Դաւիթ Խաչատրեան ոսկի մետալ նուաճեց մինչեւ 16 տարեկան- ներու Եւրոպայի ախոյեանութեան, 10 մեթր օդամղիչ հրացանի մրցումնե- րուն: Պուրկասի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի երիտասարդներու (18-էն վար եւ 16-էն վար) ախոյեանութեան, Խաչատրեան կրցած է հաւաքել 414,7 կէտսահմանելով եւրոպական նոր մրցանիշ իր տարիքային կարգին մէջ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Լիթուանիոյ Լաուրինաս Մաչիոնիս 413,8 կէտով, իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ թուրք Շահին Եըլմազը412 կէտով: Հայաստանը ներկայացնող այլ մարզիկներ եւս մասնակցեցան այս մրցում- ներուն: 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակի սոլօ մրցումներուն 9-րդ դիրքը գրա- ւեց Հայկ Սարգսեան (18 տարեկանէն վար), իսկ 25-րդ դիրքը Արմէն Գէոր- գեան, մինչ 16 տարեկանէն վար մրցումներուն 13-րդ դիրքը գրաւեց Արտաշ Ամիրեան: 16 եւ 18 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը կը շարունակուի այսօր եւ վաղը. իսկ երկուշաբթի կը սկսի 21 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախո- յեանութիւնը:
