Ստորեւ կը ներկայացնենք 2026թուականի 20 Փետրուարի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսայինհաղորդաշարինարտ աթագրուած«թեքսթ»ը՝ «Նուպար Աֆէյեանի Պերճ Սեդրակեանի ստապատիր կոչը դաւաճան-թալանչի KGB-շնիկ ռսաստրուկ գարեգին բ-ի օգտին»։

Բացայայտումներ՝ հետազօտողլրագրողներ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆի եւ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆի կողմէ:

Եթէ կը ցանկաքստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումըէլեկտրոնայինփոստով, կը խնդրենք ե-նամակ (email) ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէինկամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացնեցէ՛ք Ձեր անունըազգանունըհեռախօսիթիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն

ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի միացեալտպագիրտարբերակինփոխանցեցէ՛ք Ձեր տանգրասենեակիկամփոստարկղիհասցէն usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէովկամհեռաձայնելով 1-818-241-5777։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Ըստ երեւոյթին պայթուցիկ, պայթունավտանգ կացութիւն ստեղծուած է սփիւռքի մէջ եւ նաեւ հայրենիքէն ներս, պարզապէս որովհետեւ այսպէս կոչուած սփիւռքեան երեւելիներ, յանձին Նուպար Աֆէեաններու եւ Վաչէ Մանուկեաններուն շռնդալից յայատարարութեամբ հանդէս գալը եւ ամէն կերպ սխալ բնութագրելը թէ իբրեւ թէ ներկայ քաղաքական իրավիճակին մէջ պայքար կայ պետութեան, հայկական պետականութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ։ Իմ զրուցակցին հարցումս, որ յայտնի հրապարակախօս պարոն Ոսկան Մխիթարեանն է․ արդեօք այդ տեսակ բնութագրման համաձա՞յն էք, պարոն Մխիթարեան։

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, այդ բնութագրումը ամբողջութեամբ կեղծիք է։ Բազմիցս մենքայս բեմէն յայտարարած ենք, որ նման բան բացարձակապէս գոյութիւն չունի։ Եթէ լուրջ ալեկոծումներ կանայսօր ներկայ իշխանութեան եւ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներու հետ, կը հասկնամ։ Բայց պէտք չէ սխալ պիտակաւորել եւ ըսել որ հայրենի իշխանութիւնը կը հալածէ եկեղեցին, պայքար կայ եկեղեցւոյ դէմ։ Նման բան գոյութիւն չունի, սիրելիներ։

Բոլորդ ալ լաւ գիտէք, որ այդ աթոռը բռնագրաւած Գարեգին կաթողիկոս դժբախտաբար 26 տարիներու ընթացքին իւրացուցած է եւ մենատիրութեամբ կ҆ասպատակէ աջ եւ ձախ։ Բոլորդ ալ տեղեակ էք, որ Գարեգին կաթողիկոս 26 տարիներու ընթացքին առաւել քան 150 եկեղեցականներու կարգազրկած է զանազան հերիւրանքներով, պատճառներով, ներառեալ արքեպիսկոպոս, եպիսկոպոսով։ Չկայ, սիրելիներ, կարգ ու կանոն, չկայ օրէնք։ Գարեգին կաթողիկոս կը կարծէ, որ ինքն է տէրը, ինքն է դատաւորը եւ ինքն է դահիճը։ Հետեւաբար ոչ մէկուն կարծիքը կարեւորութիւն ունի այս պարագային։

Յարգանք ունինք մենք նուպարներու հանդէպ, Վաչէի հանդէպ, ուրիշներու հանդէպ, որոնք ազգային կեանքին մէջ ներդրում ունեցած են, լաւ գործեր ըրած են, բայց այսօր հրապարակ ելլլել եւ այսքան խոշոր սուտ մը գլտորել հրապարակ, եւ այս բոլորը խօսիլ սփիւռքի անունով՝ Հոս է յանցանքը։ 5-6 մեծահարուստ չի կրնար սփիւռք ներկայացնել, ամէն բանէ առաջ, իրենք սփիւռք չեն։ Սփիւռքի մէջ բարերարութիւններ կատարած են, բայց սփիւռք չեն ներկայացներ, որովհետեւ սփիւռքը բազմաճիւղ է, զանազան մշակութային կեդրոններ կան, կուսակցութիւններ կան եւ իրենք անոնց ներկայացուցիչ չեն, բայց որպէսզի յանգամանք տան իրենց յայտարարութեան, ելած են սփիւռքի անունով կը խօսին։ Լաւ կ҆ըլլայ որ այսուհետեւ աւելի զուսպ ըլլան եւ չխօսին այդ մասին։

Ինչո՞ւ է զարմանալի, երբ թեթեւ մը ընդվզումով կը խօսիմ այս մասին։ Պերճ Սեդրակեան անոնցմէ մէկն է։ Բոլորդ ալ գիտէք որ ներկայիս Հայ Բարեգործական Միութեան մնայուն նախագահն է։ Եթէ այդքան հայրենասէր էք, պարոն Սեդրակեան, լաւ կ҆ըլլար որ մեր հայկական վարժարանները չփակէիք, հոն ուր սերունդ կը դաստիարակուի, սփիւռքի մէջ ամէն բանէ աւելի եկեղեցւոյ չափ եւ առաւել կարեւոր են մեր հայ վարժարանները։ Դուք ձեր ղեկավարութեան օրերուն, ըլլայ ատիկա Արեւելքի մէջ, ըլլայ ատիկաԱմերիկայի մէջ, վարժարաններ փակեցիք։

Պարոն Վաչէ Մանուկեան, ձեզ անձնապէս կը ճանչնամ, բացառիկ հօր մը որդին էք, դպրոց բացիք Փասատինայի մէջ ձեր անունով։ Արդեօք կարիքը ունէիք այդ գումարին, որ այդ ուռճացած, բարգաւաճացած երկրորդական վարժարանը փակեցիք։ Հիմա ելեր էք սփիւռքի անունով Ամենայն Հայոց կաթողիկոս կը պաշտպանէք, որուն ինչ ըլլալը լաւ գիտէք դուք։ Ձեզի համար նորութիւն չէ, պարոն Մանուկեան։ Դուք որ մօտիկ բարեկամը եղած էք Գարեգին Ա. կաթողիկոսին եւ լաւ կը ճանչնաք ամբողջ միաբանութիւնը։ Հետեւաբար դուք զձեզ կը վարկաբեկէք սփիւռքի անունով խօսելու եւ ըսելու որ ներկայ իշխանութիւնը եկեղեցին կը հալածէ։ Անանկ բան գոյութիւն չունի

Նաեւ կը  զարմանամ Վահէ Գապրաշին։ Պարոն Գապրաշ, առ ի յարգանք ձեզի, ես ձեզ կը ճանչնամ այն օրերուն, երբ ես Մխիթարեան հայրերու մօտ կը գործէի եւ երբ Հայր Օգոստինիոս կը հալածուէր, ես յօդուածաշարքեր կը հանէի եւ դուք անձնապէս ինծի հեռաձայն ըրիք, ըսելով որ այս չէ մօտեցումը։ Ես հիմա ձեզի հարց կու տամ։ Դուք կաթողիկէ եկեղեցւոյ կը պատկանիք, երբուընէ՞ ի վեր Ամենայն Հայոց հայրապետին պաշտպանելու ելած էք։ Եթէ հարց կայ, կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս, ձեր ըսելիքը հոն ունենաք, բայց որովհետեւ մենք լաւ գիտենք, Գուսան վարդապետ այդ մասին արտայայտուեցաւ, մօտիկ անցեալին, որ դուք Գարեգին կաթողիկոսի հետ նիւթական հարցեր ունիք, հետեւաբար այդ բոլորը պատճառ հանդիսացան, որ դուք ելլէք, սփիւռքի անունով Զուիցերիա նստած, բայց համայն սփիւռքի անունով ելլէք Մայր Աթոռը պաշտպանէք։ Լաւ կ҆ըլլայ որ այսուհետեւ լռէք, պարոն Գապրաշ։

Պարոն Աֆէեան, ձեզ մօտէն կը ճանչնամ։ Ձեր հարազատներն ալ միասին, ի վերջոյ, հեռաւոր ազգական ալ ենք։ Մենք մեծապէս կը գնահատենք այն բոլոր աշխատանքները, որ կը տանիք հայ կեանքէն ներս, նամանաւանդ Հայաստանէն ներս։ Եւ տակաւին այս առաւօտ կը կարդայի, որ ինչպէս կոչ կընէք, որ Ռուբէն Վարդանեանը, որ հակականոնական միջոցներով այսօր ազատազրկուած է եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տանիք։ Լաւ է, գնահատելի է այդ գործը, բայց մի ելլէք այնպիսի յերիւրանքներ հրապարակէք, այն ալ սփիւռքի անունով, որ այսօրուայ իշխանութիւնը եկեղեցիկը հալածէ։ Սիրելիներ, ատանկ բան գոյութիւն չուն։

Կը բաւէ այլեւս, բոլոր անոնք, որոնք այս իշխանութիւնը չեն սիրեր, չեն հանդուրժեր, այս յերիւրանքներէն հեռու մնան այլեւս։ Իշխանապետութիւնը, պետականաշինութիւնը կը սկսի եւ զարգանայ այն ատեն, երբ մենք լրջօրէն մտահոգուած ենք հայրենիքով եւ այդ հայրենիքը խաղաղութեան մէջ է։

Դուք ձեր յայտարարութիւններով, պարոն Դերձակեան, Մանուկեան, Աֆէյեան, անգամ մը եւս կը փոթորկէքմեր ժողովուրդին կեանքը, ոչ միայն հայրենիքի մէջ, հիմա ալ կը փորձէք սփիւռքի մէջ։ Ազատ ձգեցէք սփիւռքը։ Սփիւռքը տակաւին շատ հարցեր ունի ինքզինք գտնելու։ Հետեւաբար, այս հարցերը մի բերէք սփիւռք։ Այս հարցերը պիտի լուծուին հոն, մեր այն եկեղեցականներու կողմէ, որոնք իսկապէս կը հաւատան իրենց առաքելութեան եւ կը հաւատան եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Այսօր բոլորիս համար յստակ է, եթէ իշխանութիւնը իր ձեռքը երկարած է, կարգ մը եպիսկոպոսներու հետ կ҆ուզէ հայ եկեղեցին բարեկարգել, իրաւացի է, սիրելիներ։

50 տարի է ես այդ մասին կը գրեմ, բոլորդ ծանօթ էք։ Կը խօսինք եւ կը գրենք այդ մասին։ Հայ եկեղեցին ամէն ժամանակներէ առաջ հիմա բարեկարգութեան պէտք ունի։ Ո՞վ է արգելքը։ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը։ 26 տարուան մէջ տակաւին ազգային եկեղեցական ժողով մը տեղի չունեցաւ, որովհետեւ, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, թագաւորն է, դատաւորն է եւ դահիճն է։ Չի կարելի, սիրելիներ, մեր եկեղեցին ժողովրդավարական եկեղեցի է։ Եկեղեցին դուք էք։ Ես եւ դուք ենք եկեղեցին եւ մենք պիտի որոշենք մեր եկեղեցւոյ ապագան, որովհետեւ մեր ժողովուրդն է, որ իր արցունքներով այդ խաչքարերը լուացած է եւ պահած է դարերու ընթացքին։ Եւ այսօր եկած են վաճառականներ, փերեզակներ, որոնք Աստուծոյ տունը վերածած են վաճառատան։ Հետեւաբար, մենք զօրավիգ կը կանգնինք Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, բայց պիտի չուզենք ներկայ եկեղեցական բարձրաստիճան անձինք մնան այդտեղ եւ հօշոտեն եւ առաւել հօշոտեն ՀայաստանեայցԱռաքելական եկեղեցին, որովհետեւ հոն կը բացակայի հոգին, սիրոյ հոգին, Աստուծոյ խօսքին պակաս կայ այդտեղ։ Մեր ժողովուրդը ծարաւը ունի այդ մէկուն։ Այդ ծարաւը սպասարկող հոգեւորականներ չկան, սիրելիներ։ Մեր հոգեւորականներուն մտահոգութիւնը միայն դրամն է, փառքն է։ Ո՞ւր մնաց ձեր ուխտը, աղքատութեան, երբ ծունկի եկաք խորանի առջեւ։ Բոլորդ ալ դրամի մասին կը խօսիք, նիւթէն անդին չէք հասնիր, չէ՞ք կարծեր որ հասած է ժամանակը Քրիստոսը ինչպէս վաճառականները տաճարէն դուրս վռնդեց, հիմա ժողովուրդը այդ մտրակը իր ձեռքը պիտի առնէ եւ դուրս պիտի դնէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն բոլոր վաճառական եկեղեցականները, որոնք վեղարի եւ սքէմի տակ պահուըտած, կը կեղեքեն հայ ժողովուրդի ամէնէն գեղեցիկ, ազնիւ, հոգեւոր զգացումները։

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Շատ կարեւոր հարցադրում մը ինծի ներկայացուեցաւ մի քանի սրտացաւ, լոսանճելըսահայ ընկեր-ընկերուհիներու կողմէ, որոնք շատ դիպուկ կերպով այս մտահոգութիւնը պարզեցին։

Պարոն Աֆէեան, պարոն Մանուկեան եւ մնացած յարգելի անձնաւորութիւններ, որ ստորագրած են այդ կոչը, դուք տեղեա՞կ էք, որ ներկայ Նիկոլ Փաշինեան վարչապետի վարչակազմը մի քանի տարի առաջ դիմած են Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան գահը զբաղեցնող Գարեգին Բ.ին, որուն աշխարհական անունը Կտրիճ Ներսէսեան է եւ իրեն հարց տուած են, որ ինչո՞ւ դուք չէք պարզեր այնգումարները, որ կը ստանաք ամբողջ աշխարհի չորս կողմէն եւ մենք իմանանք թափանցիկութեան սիրոյն, մենք իմանանք եւ ինչ որ պէտք է, որովհետեւ իրաւացի կերպով հայկական պետականութիւնը արդէն կայացած պետութիւն է, պէտք է ըսեմ, եւ պանանային պետութիւն չէ։

Դուք, պարոնայք, կ҆ապրիք արեւմուտքի երկիրներու մէջ, մէկ մասը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, միւս մասը՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ եւ այլ երկիրներ, եւ այս երկիրները, որ կը նշեմ ես, օրէնքի գերակայութեան ներքոյ որեւէ եւ բոլոր եւ իւրաքանչիւր կրօնական կազմակերպութիւն, ի շարսհասարակական այլ կազմակերպութիւններու, եւ վստահ եմ որ դուք քաջատեղեակ էք, IRS-ի օրէնքով պէտք է իր եկամուտները յայտնէ եւ եթէ պէտք ըլլայ պէտք է նշէ այդ եկամուտներուն աղբիւրները՝ թափանցիկութեանհամար։ Ուրեմն, երբ որ հայկական պետականութիւնը այդպիսի պահանջ կը ներկայացնէ, որ շատ իրաւացի պահանջք մըն է եւ օրուան բռնակալը Մայր Աթոռը բռնազաւթած, ուզուրփացրած անձնաւորութիւնը ամէն կերպ կ҆ընդդիմանայ եւ այստեղ շատ կարեւոր հարցադրում մըն է որ կը կատարուի բազմաթիւ լոսանճելըսահայերու եւ պէտք է ըսել որ սփիւռքահայերու կողմէ, որ ինչո՞ւՀայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք չէ իրազեկուած ըլլայ այդ գումարներու աղբիւրներուն։

Ես մի քանի օր առաջ, աւելի ճիշդ այդ տխրահռչակ կոչի տարածումէն անմիջապէս ետքը իմ ֆէյսպուքեան ընկեր պարոն Նուպար Աֆէեանին մեսենճըրով դիմեցի, որպէսզի զրուցէինք միասին եւ մինչեւ հիմա այդ դիմումս անպատասխան կը մնայ։ Ես կը պատրաստուիմ media inquiry ուղարկել եւ պարոն Աֆէյեանին կը խնդրեմ որ մեսենճըրի միջոցաւ ինծի իր Ի-մէյլի հասցէն, եթէ կը բարեհաճի փոխանցէ, որպէսզի ես այդ media inquiry-ն ուղարկեմ եւ այդ media inquiry-ն մամլոյ հարցապնդումը կամ հրաւէրը կը միտի հետապնդել հետեւեալ միտքը, որ ի՞նչ արդարացում կու տաք այդ տխրահռչակ կոչի կազմաւորման եւ ատոր ներքեւ ձեր անունը ստորագրելու համար։ Եւ նաեւ այդ media inquiry-ով ես նպատակ դրած եմ որ հրաւիրեմ բոլորդ ալ, յարգելի պարոնայք, որ Zoom-ով կամ WebEx-ով հարցազրոյց իրականացնենք, հեռուստային զրոյց իրականացնենք եւ մի քանի հարցումներ, որ ես արդէն ի մի բերած եմ, իմ բազմաթիւ զրոյցներու միջոցաւ, այդ հարցումները ձեզի ներկայացնեմ, որպէսզի դուք ալ առիթը ունենաք, որ ձեր կատարած աքթի առթիւ ինքնապաշտպանութիւն կամ ինքնաարդարացում իրականացնէք, որպէսզի արդար ըլլանք եւ ձեզի ալ ճիշդ ձեւով առիթ տուած ըլլանք, որ դուք ձեզի արդարացնէք։

Ատի այդպէս։ Հիմա, երկրորդ կարեւորագոյն կէտը, որ ես կը փափաքէի բարձրացնել՝ Tell me who your friendsare՝ ինծի ըսէք ձեր ընկերը եւ իմանանք ով էք դուք․ դուք արդեօք տեղեակ էք, որ 18։00 նոյն ինքն պարոն Պերճ Սեդրակեանը տխրահռչակ, հիմա արդէն մահկանացուն կնքած է, Լուիզ Սիմոնի հետ այդ կիւզէլ կազմակերպութիւնը, որ տասնեակ հազարաւոր անդամներ ունէին, աշխարհով մէկ, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը՝ AGBU-ն,  եւ այդ անդամները օժտուած էին, լիազօրուած էին, մանտաթ ունէին ընտրելու, իրենց քուէով, ղեկավարութիւնը ընտրելու եւ 1998ի այդ չարագուշակ օրը, երբ Larchmont Avenue-ի վրայ, Հոլիվուտի մէջ, Լոս Անճելըսի մէջ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կեդրոնը, երբ համագումար կազմակերպած էր, պարոն Պերճ Սեդրակեանը եւ Լուիզ Սիմոնը բռնազաւթեցին Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը բանաձեւ անցկացնելով, վախեցման կարգով, այն ժամանակուայ պատուիրակներուն, որ կողմ քուէարկեն այն բանաձեւին, որ վերջ կը դնէ ընտրելու կամ քուէարկելու իրաւունքին, այն հազարաւոր, տասնեակ հազարաւոր անդամներուն։

Ուրեմն ոչ միայն այդ աքթը, այդ տխրահռչակ աքթը իրականացաւ, այլ նաեւ նովին գործով  Պօղոս Նուպար փաշաներու այդ վեհանձն անձնաւորութիւններու կողմէ հիմնուած այդ հոյակապ բարեսիրական կազմակերպութիւնը բռնազաւթուեցաւ եւ աւելի քանի կէս միլիարդ տոլար անցաւ մասնաւոր խմբակի մը վերահսկողութեան ներքեւ, քոնթրոլի ներքեւ եւ ի դժբախտութիւն ամբողջ հայ ազգին, մենք 1999 թուականին հոկտեմբեր 27ին ականատես եղանք այն խոշոր կաշառատուութեան, որ գործադրուեցաւ Գարեգին Բ. չկաթողիկոսին ընտրութեան կեղծիք իրականացնելու համար, 20 միլիոն տոլարի վերաբերեալ կաշառքի շրջանառութեամբ։

Եւ հիմա պարոն Նուպար Աֆէեանը, պարոն Վաչէ Մանուկեանը, որոնց ես անձնապէս կը ճանչնամ, ուրախ եմոր այդպիսի հայեր գոյութիւն ունին, ահագին բարեգործութիւններ իրականացուցին, ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը ըսաւ, բայց այս պարագային ես ալ կը միանամ պարոն Մխիթարեանին այն կոչին, որ այս տխրահռչակ կոչը յետս կոչէք պարոնայք, որովհետեւ ասիկա պատիւ չի բերեր ոչ մէկուս։ Եւ այս պատմական խաչմերուկին, երբ հայկական պետականութիւնը այնքան կարեւոր պատմաշրջան մը մտած է, եւ հայկական պետականութիւնը իր ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը եւ արտաքին, տնտեսական, ռազմական, քաղաքական կապերու բազմազան դարձնելու առաջադրանքը աքթիւ կերպով կը հետապնդէ, դուք կողմնակալութիւն կ҆ընէք եւ կողմ կը բռնէք յօգուտ այն անձնաւորութեան, որուն մասին արդէն միլիոնաւոր հայեր տեղեակ են․ Կտրիճ Ներսէսեանըթէ ինչպէս արեւելեան Գերմանիայէն փախցուցին Քա․Կէ․Պէ․շնիկները, եւ ինչպէս այսօրուայ օրով արդէն մենք տեղեակ ենք թէ ինչի հիման վրայ Գարեգին Բ.ը մետալ ստացած է, չէ՞, մետալ ստացած է փութինեան Ռուսաստանէն, որ խոշոր դաւաճանութիւն գործեց հայկական պետականութեան դէմ եւ Արցախի հայաթափումը կազմակերպեց եւ պարտադրեց եւ նաեւ դուք կողմ կը բռնէք այս տխրահռչակ մարդուն, որուն եղբայրը արդէն յայտնի է որպէս Կարօ Ներսէսեան, եւ Մոսկուայի Եզրաս արքեպիսկոպոսը եւ նաեւ յայտնի է որպէս Քա․Կէ․Պէ․շնիկ։

Ուրեմն դուք այսպիսի մարդոց կը զօրակցիք։ Ուրեմն ես ձեզի կը վերանորոգեմ իմ հրաւէրս, որպէսզի դուք հանդէս գաք եւ պարզաբանէք մեր հեռուստադիտողներուն եւ ընդհանրապէս հանրութեան, թէ ինչի հիման վրայ, ինչպիսի արդարացի փաստեր ունիք, որ այսպիսի տխրահռչակ կոչի մը ներքեւ ձեր անունըկը ստորագրէք։ Եւ ինքնաարատաւորման ճանապարհը կը բռնէք եւ կարծէք թէ այս ցաւերը չէին բաւեր, վերջերս իմացանք որ այն տխրահռչակ անձնաւորութիւնը, որ մարդակերութեան բոլոր բնութագրումները կ҆արդարացնէ, Արշաւիր Կէօնճեան անունով, որ ան ալ իր հերթին Լոս Անճելըսի Արշակ Տիգրանեան վարժարանի փակման գլխաւոր դերակատարը եղած է եւ այսօրուայ օրով միլիոնաւոր տոլարներու ճակատագիրը յստակ չէ, թէ ինչ կը կատարուի եւ վերջերս ալ իմացանք քանատահայութենէն, որ ինչպէս տխրահռչակ այսօրուայ թեմակալ առաջնորդը՝ Յովակիմեանը, որ գարեգինապաշտ, Գարեգին Բ. Ներսէսեանի եւ Մոսկուայի Եզրասի եւ Լոս ԱնճելըսիՅովնան արքեպիսկոպոսի մաֆիայի մաս կը կազմէ եւ անշուշտ քանատահայերը անձկութեամբ կը յիշեն այն տխուր օրերը, երբ արքեպիսկոպոս Յովնան Տէրտէրեանը ինքն ալ իր հերթին Քանատա եղածժամանակ ապօրինի իւրացում կատարած է, այսինքն թալանած է արցախեան պատերազմի առաջին ազատամարտի ընթացքին զոհուած զինուորներու այրիներու եւ որբերու օգնութեան ֆոնտը եւ հիմա արդէն կը տեսնենք, որ ներկայ թեմակալ առաջնորդը Յովակիմեանըապօրինի կերպով՝ unilaterally՝ ինչպէս որ կ҆ըսեն, միանձնեայ որոշումներով,  խախտելով բոլոր օրէնքները, մի քանի օլիկարխներով, քանատահայ օլիկարխներով, եւ որոնց հերթին ըստ երեւոյթին պարոն Նուպար Աֆէեանի հարազատ եղբայրը՝ քանատահայ Աֆէեանը մասնակից եղած են ՀայաստանեայցԱռաքելական եկեղեցւոյ անշարժ գոյքի, կալուածի ապօրինի վաճառման։ Ուրեմն այս մասին յետագային մենք պիտի հրաւիրենք քանատահայեր, որ այս մասին պարզաբանումներ ընեն։ Հիմա այս տխրահռչակ վիճակին մէջ ես պիտի առաջարկեմ, որ իմ զրուցակիցը, պարոն Մխիթարեանը իր միտքը շարունակէ։

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Բաւական խօսեցանք այս մասին։ Բայց ես երկու նախադասութիւն եւս կ҆ուզեմ մեր մտքերուն վրայ աւելցնել։ Նախ կը դատապարտենք այս խմբակը, որ սփիւռքի անունով կը խօսի։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ մենք Ցեղասպանութենէն վերապրող առաջին, երկրորդ կամ երրորդ սերունդն ենք։ Ես անշուշտ առաջին սերունդն եմ։ Հետեւաբար, հազիւ մենք սփիւռքի մէջ կը փորձենք մեզք զմեզ գտնել, որպէս ազգ։ Եւ այսօր մեր այս յարգելի անձերը, բարերարները կու գան անգամ մը եւս խռովելու մեր սփիւռքեան կեանքը։ Որուն համար բացարձակապէս իրաւունք չունին։

Սիրելիներ, եթէ մենք ուզենք մեր եկեղեցին փրկել այս փերեզակներէն, մասնակցեցէք։ Ձեր գաղութներէն ներս գործնական քայլ առէք, անդամագրուեցէք ձեր եկեղեցիներուն, որպէսզի դուք ըլլաք տէրըձեր եկեղեցիներուն եւ դուք ըլլաք որոշողը ո՞վ պիտի ըլլայ ձեր եկեղեցւոյ առաջնորդը եւ սպասաւոր քահանաները։ Չմոռնաք, եկեղեցւոյ սպասաւորներ են անոնք։ Եկեղեցին դուք էք։ Սքէմաւոր հոգեւորականները չեն, որոնք կ҆արատաւորեն մեր սրբութիւնները այսօր։

Քիչ առաջ պարոն Չափարեանը խօսեցաւ հաշուետուութեան մասին։ Տխուր երեսներէն մէկն է մեր եկեղեցւոյ, չկայ հաշուետուութիւն բացարձակապէս, մինչ այդ Գարեգին կաթողիկոս կը յոխորտայ, որ ինք հարիւրաւոր միլիոններու կ҆իշխէ։ Վկայութիւնները շատ են այս մասին։ Իսկ ամէնէն մօտիկ վկայութիւնը, որուն մասին ասկէ առաջ արտայայտուած ենք եւ ես անձնապէս այդ գումարը փոխանցելու մէջ դեր ունեցած եմ, 2005 թուականին մօտաւորապէս, երբ որ Նիւ Եորք Լայֆի դատավարութիւնը վերջացաւ եւ բաւական գումար աւելցաւ, խմբակը որոշեց բարեսիրական նպատակներու համար տրամադրել որոշ գումար։ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան տրուեցաւ 450 հազար տոլար, նոյն 400 հազար մը եւս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։ Բազմիցս հարցուցած ենք Յովնան Արքեպիսկոպոսին, թէ ինչ պատահեցաւ այդ գումարին։ Ամէն անգամ նոյն պատասխանը ստացած ենք,  որ Էջմիածին ղրկեցի այդ գումարը, բայց մինչեւ այսօր Էջմիածին տակաւին չէ յայտարարած, որ ինք ստացած է այդ 450 հազարը։

Հոս է սիրելիներ խնդիրը․ ասի տակաւին մեծ գումարներու քով փոքրիկ գումարի մասին կը խօսինք։ Չկայ հաշուետուութիւն, չկայ թափանցիկութիւն, անոր համար այս օրերուն հասած ենք։ Հետեւաբար մի մեղադրէք, եթէ իշխանութիւնը եւ կամ պարկեշտ եկեղեցականներ հրապարակ ելած են եւ կ҆ուզեն եկեղեցին բարեկարգել։ Եկեղեցին պէտք է բարեկարգուի։ Եւ այդ բարեկարգութեան մէջ կարեւոր դեր պէտք է ունենայ ժողովուրդը՝ ես, դուն չենք կրնար անտարբեր մնալ։ Եկեղեցւոյ դերը շատ մեծ եղած է անցեալին։ Այսօր ալ կրնայ ըլլալ, եթէ հեռացնենք եկեղեցիէն այս վաճառականները, որոնք մտահոգութիւնը միայն փառք, պատիւ եւ դրամն է։ Ժամանակը հասած է, սիրելիներ, բոլորս ոտքի կանգնինք, եւ տէրը ըլլանք մեր եկեղեցւոյ եւ պահանջենք։

Չմոռնաք որ մեր եկեղեցիները, ըլլայ հայրենիքի մէջ, սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդի քրտինքով շաղուած, նուիրատուութիւններով կը պահպանուի։ Եւ հետեւաբար դուք պարտաւոր էք եւ իրաւունք ունիք հաշիւ պահանջելու որեւէ առաջնորդարանէ, ոչ միայն Էջիմածնական թեմին կ҆ակնարկեմ, այս պարագային նաեւ Կիլիկեան թեմէն հաշիւ պէտք է պահանջէք։ Կարելի չէ ձախ գրպանէն առնել աջ գրպանը դնել եւ ժողովուրդին ըսել, որ դուք գործ չունիք, դուք միայն դրամ վճարեցէք։ Անոր հետեւանքն է այս մենատիրութիւնը։

Այս մենատիրութեան հիւանդութիւններէն մէկն ալ է Գարեգին կաթողիկոսի կողմէն նշանակուած առաջնորդներ, որոնք առտու, իրկուն կը խնկարկեն իրեն որպէսզի աթոռի վրայ մնայ։ Սփիւռքի մէջ քիչ թէ շատ, այո, կան կազմակերպութիւններ, որոնք կը մասնակցին ընտրութեան, բայց Հայաստանէն ներս բացարձակապէս գոյութիւն չունի նման բան։ Գարեգին կաթողիկոս ինք կ҆որոշէ իր հացահատիկէն կշտացող երիտասարդը թեմի առաջնորդ։ Տակաւին նոր, թարմ է։ Բոլորդ ալ լսեցիք Զուիցերիոյ մէջ ինչ պատահեցաւ, տեղւոյն տեղապահ ծայրագոյն վարդապետը հեռացուեցաւ, Գարեգին կաթողիկոս առաջնորդ մը որոշեց։ Չկայ ասանկ բան։ Որոշեց բառը պիտի չըլլայ։ Ինք ի վերջոյ, այն ինչ որ ժողովուրդին կողմէն կ҆ընտրուի, իր օրհնութիւնը պիտի տայ միայն։

Բայց պէտք է վերջ տանք այս մենատիրութեան, այս սթալինեան իշխանութեան վերջ պէտք է տրուի, հայ եկեղեցին պէտք է փրկենք, սիրելիներ, ես եւ դուն։ Ուրիշ ձեւ չկայ։ Եթէ իշխանութիւնը այսօր ձեռք երկարեց, այն եկեղեցականներուն, որոնք անդրադարձան իրենց սխալներուն եւ կ҆ուզեն ապաշխարհանքի միջոցաւ մօտենալ եկեղեցիին եւ բարեկարգել, բոլորս միահամուռ պէտք է մասնակցինք, որպէսզի եկեղեցին փրկուի այս անիրաւներէն, որոնք Աստուծոյ տունը վաճառատան վերածեցին։ Սիրելիներ, անտարբեր մի կենաք։ Մի ըսէք ինծի ինչ։ Այս բոլորին պարտաւորութիւնը մեզի կ҆իյնայ եւ մենք յանցաւոր ենք նոյն ատեն, չմոռնաք։

Եթէ այսօր սանձարձակ կը գործէ վերին իշխանութիւնը եկեղեցական, որովհետեւ մենք չպահանջեցինք մեր իրաւունքները։ Ժամանակը եկած է։ Հայրենիքէն ներս ըլլայ, ըլլայ սփիւռքին մէջ։ Մենք պիտի պահանջենք եւ թոյլ պիտի չտանք այս մենատիրութեան։

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ես կոչ կ҆ուղղեմ վարչապետ Փաշինեանին, որ ամէն կերպ արգելք չկենայ հայկական պետականութեան դատաիրաւական համակարգին եւ իրաւապահ մարմիններուն, որպէսզի իրենք ակտիւ կերպով հետապնդեն թափանցիկութիւն եւ հաշուետուութիւն։ Որովհետեւ առանց հաշուետուութեան՝ գաղտնի դրամի լուացումները պետական համար առաջին սպառնալիք են։ Ի գործ։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *