Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Եւրո-
պական Միութեան արտաքին գործերու ու անվտանգության քաղաքա-
կանութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս հեռաձայնով
քննարկած են Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ներառեալ
մարդասիրական բնոյթի հարցերը:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Արարատ Միրզո-
յեանը եւ Քայա Քալլասը ընդգծած են նաեւ յառաջիկայ միջոցառումներու
եւ այցելութիւններու իրականացման եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն
օրակարգը յառաջ մղելու հարցին մէջ աշխուժ ներգրաւուածութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին`
Ժան Նոել Պարոյի հետ քննարկած է միջինարեւելեան իրավիճակը, ինչպէս
նաեւ համապատասխան գօտիներու մէջ գտնուող քաղաքացիներուն աջակ-
ցութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:
