ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ԱՊՐԻԼ 24, 2026թ

Երանի՜ անոր՝ որ դուն կ՚նտրես եւ քեզի կը մօտեցնես,

որպէսզի քու գաւիթներուդ մէջ բնակի:

պիտի լիանանք քու տանդ,

սուրբ տաճարիդ բարիքներով: (Սաղմոս 65.4)

ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ԱՊՐԻԼ 25, 2026թ

Եւ այսպէս, Տէրը գիտէ աստուածապաշտները փրկել իրենց

փորձութիւններէն: Իսկ անիրաւները կը պահէ՝ դատաստանի օրուան

տանջանքներուն մատնելու համար: Մանաւանդ անոնք՝ որոնք մարմնական

պղծալից ցանկութիւններու կը հետեւին եւ Աստուծոյ տէրութիւնը

կ՚արհամարհեն: (Բ. Պետրոս 2.9-10)

ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ԱՊՐԻԼ 26, 2026թ

Ու արդարը հաստատ պիտի կենայ իր ճամբուն մէջ

Եւ մաքուր ձեռք ունեցողը երթալով պիտի զօրանայ։ (Յոբայ 17.9)

ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ԱՊՐԻԼ 27, 2026թ

Վերջին հաշուով՝ Պօղո՛սը ով է, Ապողոսը ով է. պաշտօնեաներ են՝ որոնց

միջոցաւ հաւատացիք, եւ որոնցմէ իւրաքանչիւրը պարզապէս կատարեց

այն պաշտօնը որ Տէրը տուաւ: Ես տնկեցի, Ապողոսը ջրեց. բայց Աստուած

էր որ աճեցուց: (Ա. Կորնթացիս 3.5-6)

ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ԱՊՐԻԼ 28, 2026թ

Զօրքերու Տէրը իրաւունքով պիտի բարձրանայ:

Սուրբ Աստուած արդարութիւնով պիտի փառաւորուի: (Եսայեայ 5.16)

ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ԱՊՐԻԼ 29, 2026թ

Յետոյ Յիսուս իր մօտ կանչեց ժողովուրդը եւ ըսաւ անոնց.

-Մտիկ ըրէք ու լա՛ւ հասկցէք: Բերնէն մտածը չէ՛ որ կը պղծէ մարդը, այլ

ինչ որ դուրս կ՚ելլէ բերնէն՝ այն է որ կը պղծէ մարդը: (Մատթէոս 15.10-11)

ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ԱՊՐԻԼ 30, 2026թ

Արդ, Աստուած իր բարկութիւնը ցոյց տալ եւ իր զօրութիւնը ճանչցնել

ուզելով՝ մեծ համբերատարութեամբ համբերեց բարկութեան արժանի

մարդոց, որոնք կորուստի դատապարտուած են, որպէսզի միւս կողմէ իր

մեծ փառքը յայտնուի անոնց վրայ՝ որոնք իր ողորմութեան արժանի են

եւ որոնք ինք սկիզբէն պատրաստեց՝ իր փառքին մասնակից դարձնելու

համար: (Հռոմայեցիս 9.22-23)

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *