ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՄԱՅԻՍ 15, 2026թ
ՏԷՐԸ կ’ըսէ. –
Քանի սիրով ինծի կապուեցաւ՝ պիտի ազատեմ զինք.
ապաստան պիտի ըլլամ իրեն, քանի որ զիս իբր Տէր ճանչցաւ: (Սաղմոս
91.14)
ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՄԱՅԻՍ 16, 2026թ
Սրտիդ մէջ անոր գեղեցկութեանը մի՛ ցանկար
Եւ թող քեզ իր արտեւա-
նունքներովը չբռնէ:
Վասն զի պոռնիկ կնոջ պատճառով
Մարդ նոյնիսկ պա-
տառ մը հացի կարօտ կ՚ըլլայ
Եւ շնացող առնակինը պատուական հոգին
կ՚որսայ: (Առակաց 6.25-26)
ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՄԱՅԻՍ 17, 2026թ
Որդին, Հօրը փառքին լոյսը եւ անոր էութեան ճշգրիտ պատկերը, որ իր
խօսքին զօրութեամբ տիեզերքը կը պահէ, իր անձով մեր մեղքերը սրբելէ
ետք՝ երկինքի մէջ նստաւ Աստուծոյ՝ Գերագոյն Զօրութեան, աջ կողմը:
(Եբրայեցիս 1.3)
ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 18, 2026թ
Քաջալերեցինք ու մխիթարեցինք, թախանձագին խնդրելով՝ որ ապրիք
այնպիսի՛ կեանք մը, որ վայել ըլլայ Աստուծոյ. անոր՝ որ ձեզ հրաւիրեց իր
արքայութեան եւ փառքին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2.12)
ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 19, 2026թ
Մենք մեր զաւակներէն պիտի չպահենք,
այլ՝ գալիք սերունդներուն պի-
տի պատմենք
ՏԻՐՈՋ հզոր գործերը՝ օրհներգութեան արժանի,
անոր կա-
տարած սգանչելի գործերը: (Սաղմոս 78.4)
ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 20, 2026թ
Քրիստոսի հետ յարուցանեց եւ անոր հետ միասին ալ երկինքի մէջ
նստեցուց մեզ, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած ենք, որպեսզի գալիք բոլոր
ժամանակներուն մէջ մարդիկ տեսնեն այն գերազանցօրէն մեծ շնորքը, որ
Աստուած ա՜յնքան բարութեամբ ցոյց տուաւ մեզի՝ Քրիստոս Յիսուսի անձին
մէջ: (Եփեսացիս 2.6-7)
ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 21, 2026թ
Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ: Ո՞վ զիս պիտի փրկէ մահուան դատապարտուած
այս մարմինէն: Բայց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, մեր Տիրոջ
Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ: (Հռոմայեցիս 7.24-25)
