ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՄԱՅԻՍ 22, 2026թ
Ճաշակեցէ՛ք, եւ տեսէք՝ թէ ի՜նչքան քաղցր է Տէրը.
Երանի՜ անոր՝ որ ՏԻՐՈՋ կ’ապաւինի: (Սաղմոս 34.8)
ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՄԱՅԻՍ 23, 2026թ
Իսկ Աստուած որքա՞ն պիտի համբերէ իր ընտրեալներուն կրած ան-
իրաւութեան. պիտի չպաշտպանէ՞ զանոնք, որոնք գիշեր ու ցերեկ իրեն կը
դիմեն։ Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի՝ որ անոնց իրաւունքը անմիջապէս պիտի պաշտ-
պանէ։ բայց Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի
վրայ: (Ղուկաս 18.7-8)
ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՄԱՅԻՍ 24, 2026թ
Քանզի Աստուած իր առջեւ հաճելի եղող մարդուն
Իմաստութիւն, գիտութիւն եւ ուրախութիւն կու տայ,
Բայց մեղաւորին զբաղում կու տայ,
Որպէս զի անիկա ստացուածք հաւաքէ ու դիզէ,
Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողին տայ։
Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։ (Ժողովողի 2.26)
ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 25, 2026թ
Անիկա բոցավառ կրակով պիտի պատժէ անոնք՝ որոնք կը մերժեն
զԱստուած ճանչնալ եւ հնազանդիլ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աւետա-
րանին: (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1.8)
ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 26, 2026թ
Քանզի այս բոլորը իմ ձեռքս շինեց
Ու այս բոլորը իմս են, կ՚ըսէ Տէրը,
Բայց ես այս մարդոց պիտի նայիմ,
Այսինքն խոնարհին եւ կոտրած հոգի ունեցողին
Ու իմ խօսքէս դողացողին։ (Եսայեայ 66.2)
ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 27, 2026թ
Եթէ կրնաս՝ ցո՛յց տուր հաւատքդ, առանց գործերու։ Սակայն ես կրնամ
գործերուս ընդմէջէն քեզի ցոյց տամ իմ հաւատքս։
Հետեւաբար, ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, այնպէս ալ
հաւատքը առանց գործերու մեռած է: (Յակոբոս 2.18,26)
ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 28, 2026թ
Հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին, որուն տեսուչ կարգեց ձեզ
Սուրբ Հոգին։ Հովուեցէ՛ք Տիրոջ եկեղեցին, որ ան իր արիւնով գնեց։ (Գործք
Առաքելոց 20:28)
