Ստորեւ կը ներկայացնենք «Հայ Կեանք» եւ «USA Armenian Life» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր, հետաքննող լրագրող Աբօ Չափարեանի հետ 2026 թուականի 22 Մայիսին Media Analytic Center–ի Քաղաքական Խաչմերուկ յայտագրի հեղինակ Էտուարտ Այվազեանի հարցազրոյցին արտագրութիւնը՝ «Բոլոր գործակալները կհայտնաբերվեն ու կպատժվեն. Օտար շահերը սպասարկող ուժերը արգելվելու են» վերնագրով: Հարցազրոյցը կրնաք տեսնել հետեւալ լինքով https://youtu.be/rb74r5acW8E?si=mtIq4RoFtSoFK3kJ Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ (email) ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818- 241-5777 եւ փոխացնեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն ————— Հարցազրոյց՝ Աբօ Չափարեանի հետ (Քաղաքական Խաչմերուկ, Էդուարդ Այվազեան) ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ Բարեւ ձեզ սիրելի հայրենակիցներ եթերում կրկին Քաղաքական Խաչմերուկն է եւ այսօր մեր հիւրն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներից Աբօ Չափարեանը ով ԱՄՆ-ի Հայ Կեանք շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր է ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական հարցերով վերլուծաբան: Բարեւ ձեզ պարոն Չափարեան, շատ շնորհակալ ենք որ միացաք մեզ եւ ընդունեցիք մեր հրաւէրը։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարեւ ձեզ պարոն Այբազեան. շնորհակալ եմ հրաւէրի համար։ ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ Պարոն Չափարեան, երեւի հետեւում էք, թէ ինչ է տեղի ունենում Հայաստանում: Այսօր մի շարք կարեւոր հարցեր ենք միասին քննարկելու, բայց երեւի սկսենք ամենաթարմ տեղեկութիւններից: Երեւի տեղեկացաք այն մասին, որ Հայաստանում հիմա, հենց հիմա հետախուզում եւ ձերբակալում է տեղի ունենում: Այս պահին խօսքը Անդրանիկ Թեւանեանի մասին է՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, ԲՀԿ-ի նախկին անդամ կարծես հիմա նաեւ կուսակցութիւն էր հիմնել, այսինքն շատ պրոռուսական ուժ, որը որ հիմա արդէն մեղադրւում է փաստացի լրտեսութեան մէջ Ռուսաստանի օգտին 600,000 ԱՄՆ դոլար կարծես վերցրել էր Ռուսաստանի իշխանութիւններից եւ փորձում էր շատ գաղտնի տեղեկութիւններ յանձնել Ռուսաստանին: Ի՞նչ կարծիք էիք այս մասին: Փութին Հայաստանի Դէմ Կը Շարունակէ Սովետական Կրեմլի Քաղաքականութիւնը ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ինծի համար նախ եւ առաջ կտրականապէս անընդունելի երեւոյթ մըն է հին գողական ռեւանշիստական այդ ռեժիմականներու համար ովքեր դժբախտաբար ստրկամտութեամբ կը ծառայեն օտարերկրեայ գործակալութիւններուն եւ օտար պետութիւններու շահերուն ի վնաս հայկական պետականութեան: Միւս կողմ պէտք է ըսեմ, որ բոլորովին ինծի համար անակնկալ չէ, որովհետեւ ըստ երեւոյթին մենք իրերայաջորդ վարչակազմերու պահուածքի շնորհիւ բաւականին լաւ իրազեկուած ենք արդէն, շատերս իրազեկուած ենք, թէ ինչպիսի հակազգային, հակապետական՝ այս օլիգարխիկ շրջանակի մէջ ինչպիսի մտայնութիւն, ինչպիսի մտածելակերպ եւ գործելաոճ զարգացած է եւ մշակուած է տասնամեակներու երկայնքին, սկսելով շատ յստակ կերպով Կրեմլի սովետական կարգերու ժամանակուանից տեղափոխուած են այս նոյն քրէաօլիգարխիկ շրջանակները եւ իրենք իրենց վերարտադրած են, որ իբրեւ թէ ժողովրդավարական նորանկախ՝ 1991-ին վերստին անկախացած հայկական պետականութեան համար սրտացաւ քաղաքացիներ եւ պետական պաշտօնատարներ, բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ մենք հերթականօրէն եւ հետեւողականօրէն այդ դաւաճանական գործունէութեան իրազեկուեցանք, երբ արդէն 1991 թուականներին մինչեւ 2020 թուականը մենք իրազեկուեցանք այդ խոշոր դաւաճանութեան վերաբերեալ, երբ հայկական պաշտպանութեան պայքարը սապոթաժի ենթարկուեցաւ այս նոյն քրէաօլիգարխիկ շրջանակի կողմէն եւ որոնց հերթին դժբախտաբար ռուսաստրուկ գեներալներ եւ գնդապետներ եւ այլն: Ըստ երեւոյթին, սա շարունակութիւնն է Փութինեան Կրեմլի քաղաքականութեան, որը գլխաւոր նպատակ է հետապնդած որպէս հայկական պետականութիւնը լիքվիտացիայի, հաշուեյարդարի ենթարկել եւ տիրանալ Հայաստանին առանց հայերու եւ նոյն այդ մշակոյթը, նոյն այդ քաղաքականութիւնը բազմաթիւ երեսներով ջուրին երես կ›ելլէ եւ մենք կ›իրազեկուինք հերթականը եւ այս անձնաւորութիւնը, այս անձնաւորութեան պահուածքը փոքր նմուշ մըն է երկար շղթայէն, որուն մէկ ծայրը Երեւան կը գտնուի եւ Էջմիածին, մայրայթոռ Սուրբ Էջմիածին կը գտնուի եւ կ՛երկարի միջեւ Մոսկուա։ ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ Պարոն Փաշինեանն էլ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ որ ինքը 2020-ի նոյեմբերի 8-ից յետոյ իր քունը կորցրել էր, աղօթելու հնարաւորութիւնը նոյնպէս, չնայած որ ողջ կեանքում աղօթել էր, ասում է, որ յետոյ ծոմապահութեամբ հասկացաւ, որ պէտք է դուրս գալ այդ իրավիճակից եւ հիմա այսպիսի անձինք նման լրտեսութեամբ Հայաստանը կրկին փորձում են նոյն շրջանակների մէջ տանել, նոյն խնդիրների մէջ տանել: Ինչպէ՞ս կ›ուզէք մեկնաբանել նաեւ այս հայտարարութիւնը, այսինքն ամէն ինչ կախուած է նաեւ 2020 թուականի հետ: Փաշինեանը ասում է, որ ինքը կարողացել է հիմա Հայաստանը դուրս բերել այդ տրամաբանութիւնից, այդ խնդիրներից, աւելի ապահով է դարձել Հայաստանը, իսկ ոմանք փորձում են կրկին յետ տանել, յետ քաշել Հայաստան։ Ժողովրդավարական Երկիրներու Դաշինք՝ Ընդդէմ Ռուսաստանի ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այո, նախ եւ առաջ ես պէտք է բարձր գնահատանքով արտայայտուիմ վարչապետ Փաշինեանի վարած քաղաքականութեան համար, որը հեռատես եւ իրատեսական քաղաքականութիւն է, յատկապէս այն զարգացումներու լոյսին տակ, երբ մենք մասսայական սապոթաժի ականատես եղանք, երբ հայկական պետականութեան ամենա ամենաուժեղ սիմվոլը, խորհրդանիշը հայկական բանակը հաշուեյարդարի ենթարկուեցաւ եւ հակառակ այդ բոլորին այսօր ունինք դեռեւս իր գոյութիւնը պաշտպանող հայկական պետականութիւն եւ դա մենք կը պարտինք իրատեսական քաղաքականութեան եւ նաեւ հեռատես քաղաքականութեան յատկապէս այն զարգացումներու լոյսի տակ, երբ մենք տեսանք, թէ ինչպէս անվերջ, անվերջ արհեստական պատճառներով հրահրուած պատերազմներով Հայաստանը քարտէզի վրայ են ջնջելու քաղաքականութեան հետեւանքները: Եւ մենք նաեւ շատ լաւ ալ կը յիշենք, բարեբախտաբար մեր ժողովուրդի մօտ հաւաքական հիշողութիւնը բաւականին առողջ մակարդակի վրայ է, մենք շատ լաւ կը յիշենք 1994 թուի արցախեան առաջին ազատամարտի յաղթական աւարտը, երբ հայկական կողմը շռնթալից յաղթանակ տարած էր եւ այդ յաղթանակը ոչ թե չկրցան քաղաքական յաղթանակի վերածել, այլ յատուկէն Կրեմլի Կրեմլի դրդումով ձախողութեան ենթարկեցին այդ գործընթացը եւ մենք արդէն սեպտեմբերի 2023 թուի՝ սեպտեմբերի 19-ին ականատես եղանք Արցախի արհեստական հայաթափման: Կրեմլը անմիջական գործառնութեան մէջ մտաւ Պաքուի հետ եւ ամէն կերպ հայերու իրաւունքը ոտնահարեց եւ հիմա այս նոյն ռեւանշիստները կ›աշխատին մեզ համոզել, որ սա վարչապետ Փաշինեանի վարչակազմի ձախողութիւնն է, բայց իրականութեան մէջ իրենց սարքած, իրենց բեմականացուցած եւ գործադրած դաւաճանական մասսայական դաւաճանական պրոյեկտն է:
Պէտք է ըսեմ որ Հայաստանը առանձինը չէ որ թիրախաւորուած է, Կրեմլի կողմի գլխաւոր նպատակը նախկին Սովետ Միութեան նման համակարգ ստեղծել է եւ վերստին բռնի եւ ամէն միջոցներ օգտագործելով նախկին սովետի հանրապետութիւն վերստին միացնել միութենական պետութեան հովանու ներքոյ եւ աշխարհաքաղաքական նոր կացութիւն ստեղծել:
Սա արդէն կը կատարուի. վերջին տարիներու ընթացքին եղած զարգացումներու լոյսի տակին մենք ականատես եղանք թէ ինչպէս ռուսական դաշնութիւնը այսօր այսպէս կոչուած ռուսական դաշնութիւնը ներխուժեց եւ յոխորտաց, որ երեք օրում ամբողջ Ուկրաինան չակերտեալ կ›ազատագրէ: Հետո մենք նաեւ ականատես եղանք վերջերս Մոլտովայի ընտրութիւններու ժամանակ Մոսկուայի ծախսած միլիառաւոր տոլարներու այդ հիբրիդային պատերազմի, նախընտրական պայքարի կաշառատուութիւնից, քուէներ գնելու համար. նոյնը կատարուեցաւ Հունգարիոյ մէջ եւ նաեւ նոյնը փորձեցին իրականացնել Ռումանիոյ մէջ: Շղթան երկար է եւ մենք ոչ միայն անզօր ականատես ենք բարեբախտաբար, այլ բոլոր ժողովուրդները հիմա համախմբուած ժողովրդավարական շղթայ ստեղծելու եւ կայացնելու աշխատանք կը տարուի եւ այդ նորաստեղծ ժողովրդավարական գօտին կը սկսի արեւմտեան երկիրներէն անցնելով Ուկրաինայից ինչպէս գիտէք. Մոլտովա Վրաստան եւ Հայաստան եւ նաեւ ինչու չէ Ադրբեջան որովհետեւ ի վերջո այս տարածաշրջանի ժողովուրդները բոլորն ալ կը փափագին խաղաղութեան մթնոլորտի մէջ իրենց ապագան կերտել. մինչեւ Միջին Արեւելք նոյնիսկ՝ իհարկէ Մեծն Միջին Արեւելք: Այնպէս որ պայքարը կը շարունակուի եւ շնորհիւ վարչապետ Փաշինեանի վարած հեռատես եւ իրատեսական քաղաքականութեան մենք արդէն ականատես եղանք եւ սա արդէն շատ ուրախալի երեւոյթ է բազմաթիւ- բազմաթիւ ամերիկահայերու համար եւ նաեւ հայասէր ամերիկացիներու համար, որոնք 2020 թուի 44 օրեայ անմիջապէս ետքը կեանքի կոչեցին այնպիսի աննախընթացութիւն հետապնդող համաամերիկեան կազմակերպութիւնը եւ այդ կազմակերպութեան շնորհիւ, որը կը կոչուի անգլերէնով American Armenian National Security Institute, որուն գլխաւոր նպատակն է եւ կը շարունակէ ըլլալ զարգացնել, առաւել, մշակել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ռազմական, քաղաքական, տնտեսական, ժողովրդավարական եւ այլ բնագաւառներու ստրատեգիական դաշինք։ ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ Նոր կազմակերպութիւն է հա՞… Ինչպէ՞ս… Նոր կազմակերպութիւն: ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այո, այո, որ այս տարի արդէն հինգերորդ տարին պիտի նշէ եւ այդ կազմակերպութիւնը կը գլխաւորուի գեներալ-մայոր՝ ամերիկեան բանակի թոշակի անցած գեներալ-մայոր Մարկ Մքարլիի կողմէ եւ ձեր խոնարհ ծառան այդ կազմութեան փոխնախագահն է եւ իմ նման բազմաթիւ ամերիկայեր այս ուղղութեամբ յատուկ աշխատանք կը տանին եւ պէտք է ըսել որ մենք ուրախ ենք, որ այդ ընդհանուր աշխատանքները արդէն եզրահանգուեցան ԹՐԻՓՓ-ով եւ ԹՐԻՓՓ-էն ալ անդին պիտի երթայ իհարկէ եւ պէտք չէ զարմանանք, որ օրը կայ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տրամադրուի ոչ թէ 100-200 միլիոն արտաքին օժանդակութիւն, այլ միլիառաւոր տոլարներ եւ իհարկէ այս զարգացումը միայն ու միայն պէտք է ուրախացնէ իսկական սրտացաւ հայերին, իսկ ռեւանշիստների պարագան մենք չենք կրնար իրենց համար այդ ապահովագրութիւնը ապահովել։ ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ Պարոն Չափարեան, դուք հետաքրքիր ձեւով նշեցիք, որ ժողովուրդները շղթայ են կազմել ռուսական ագրեսիայի դէմ: Մենք նաեւ հիմա ականատես եղանք, մենք խօսում էինք նոր այդ լրտեսութեան մասին, բայց ականատես եղանք առաջին անգամ, որ Հայաստանում յայտարարուեց, որ ռուսական լրտես են ձերբակալում, ճիշտ է, ռուսական խօսքը սկզբում չկար, բայց տարբեր լրատուամիջոցներով անցաւ, հիմա պարզւում է, բոլորի համար էլ պարզ է դառնում, որ լրատեսութիւն յօգուտ ոչ թէ Ադրբեջանի կամ Թուրքիայի, այլ յօգուտ Ռուսաստանի է տեղի ունեցել եւ սա շարունակութիւնն է Ռուսաստանից հնչող յայտարարութիւնների Պուտինի, Շոյգուի Լաւրովի եւ այդպէս շարունակ, զախարովաներն են խօսում, փոխվարչապետն է խօսում՝ Օվերչուկը եւ դրանց ի պատասխան այս ամէնը տեղի ունեցաւ: Բայց ի՞նչ ենք հասկանում մենք նաեւ այդ հայտարարութիւններից, ինչ սպասենք ռուսական սպառնալիքներից, որոնք են իրականութիւն,որոնք՝ այդքան էլ չէ։ Ռուսաստան Սապոթաժի Կ՛ենթարկէ Հայաստանը ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Գիտէք` եթէ նոյնիսկ պատկերացնենք պահ մը, եթէ նոյնիսկ բոլորը իրականութիւն է, մենք որպէս ժողովուրդ, որպէս հասարակութիւն հայրենի հայկական պետականութեան հովանու ներքոյ որպէս բնակող հասարակութիւն այլընտրանք չունինք, բացի պնդելու մեր ծնեալ իրաւունքին ըլլալու իսկական ինքնիշխան եւ անկախ պետականութիւն, որովհետեւ եթէ ոչ միայն Հայաստանը, այլ տարածաշրջանի միւս բոլոր պետութիւնները, եթէ իսկապէս ինքնիշխանութիւն պիտի զարգացնեն, ապա պարտադիր է, որ իւրաքանչիւրը զարգացնեն բազմազանութիւն, այսինքն դիվերսիֆիկացիա արտաքին զինակցութիւններու մէջ. Եւ ուրախ եմ,
