ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՀՈՒԼԻՍ 3,
2026թ
Օտար սեպուեցայ եղբայրներուս
կողմէ, անծանօթ համարուեցայ
հարազատ ընտանիքիս կողմէ,
որովհետեւ տաճարիդ հանդէպ իմ
ունեցած նախանձախնդրութիւնս
կրակի պէս զիս կ՚այրէ. քեզ
նախատողներուն նախատինքնրը
ինծի՛ կ՚ուղղուին: (Սաղմոս 69.8-9)
ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՀՈՒԼԻՍ 4,
2026թ
Ձեր վրայ առէք իմ լուծս եւ
ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ
եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր
հոգեկան հանգստութիւնը պիտի
գտնէք։ Քանի իմ լուծս դիւրաւ
տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ։ (Մատթէոս
11.29-30)
2026թ
Յիսուս ըսաւ. Երբ կ՚աղօթէք,
ըսէք. «Հա՜յր մեր, սրբաբանուի՛
անունդ. թող գայ արքայութիւնդ։
Ամենօրեայ մեր հացը շնորհէ՛ մեզի
օրէ օր։ Եւ ներէ՛ մեր մեղքերը, քանի
մենք ալ կը ներենք անոնց՝ որոնք
մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են։ եւ թոյլ մի՛ տար որ փոձութեան
մէջ իյնանք»։ (Ղուկաս 11.2-4)
ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ,
ՀՈՒԼԻՍ 5, 2026թ
Մինչ քեզ կը ներբողեմ՝ պիտի
ցնծան շրթներս, պիտի ցնծայ հոգիս՝
որ դուն փրկեցիր: (Սաղմոս 71.23)
ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ,
ՀՈՒԼԻՍ 6, 2026թ
Օտար աստուածներու, ձեր
բոլորտիքը եղող ժողովուրդներուն
աստո-ւածներուն ետեւէն մի՛ երթաք.
(Բ. Օրինաց 6.14)
ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ,
ՀՈՒԼԻՍ 7 , 2026թ
Որպէսզի ամէն ինչով Աստուած
փառաւորուի, Յիսուս Քրիստոսի
միջո-ցաւ։ Անո՛րն են փառքը եւ
զօրութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից.
ամէն։ (Ա. Պետրոս 4.11)
ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,
ՀՈՒԼԻՍ 8, 2026թ
Յիսուս դարձեալ խօսեցաւ
ժողովուրդին, ըսելով. Ես եմ
աշխարհի լոյսը: Ով որ ինծի կը
հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ
պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին
կ՚առաջնորդէ: (Յովհաննէս 8.12)
