Դեմոկրատականներու համար իսկական մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ ընտրական այս յաջողութիւնը վերածել քաղաքական ծրագրի մը, որ կարողանայ համախմբել ժողովրդային աջակցութիւնը՝ ի տես 2028-ի նախագահական ընտրութիւններուն: 3 Նոյեմբեր 2026-ի միջանկեալ ընտրութիւնները կարեւոր շրջադարձ մը կը սեպուին ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ: Դեմոկրատականներու կուսակցութիւնը իր ձեռքը կ’առնէ Ծերակոյտի (Սենատ) եւ Ներկայացուցիչներու Պալատի վերահսկողութիւնը՝ Հանրապետականներէն խլելով քանի մը աթոռներ աւանդաբար պահպանողական նահանգներու մէջ, ինչպէս Թեքսաս, Քանսաս եւ Հարաւային Քարոլայնա: Այս վերելքին հիմքը, ըստ երեւոյթին, ընտրական աշխարհագրութեան փոփոխութիւնն է: Դեմոկրատականները աջակցութիւն շահեցան յատկապէս երիտասարդներու, ասիացի ընտրողներու, ինչպէս նաեւ սպանական եւ լատին համայնքներու մօտ: Քուէարկութեան վրայ ազդած են յատկապէս ապրուստի ծախսերու, տնտեսութեան եւ Թրամփի վարչակազմի որոշումներուն դէմ եղած դժգոհութիւնները: Ամենանշանակալից յաղթանակներու շարքին է Ճէյմս Թալարիքոյի յաղթանակը Թեքսասի մէջ, որ 1988- էն ի վեր դաշնակցային Ծերակոյտ ընտրուած առաջին դեմոկրատականն է այս նահանգէն: Քանսասի մէջ Ատամ Համիլթոն պատմական յաղթանակ մը տարաւ, իսկ Միշիկընի մէջ Ապտուլ Էլ-Սայէտ Ծերակոյտի աթոռ մը ապահովեց՝ իր քարոզարշաւը կեդրոնացնելով առողջապահութեան, անհաւասարութիւններու եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն վրայ: Այս արդիւնքը ծանր հարուած մըն է Տոնալտ Թրամփի համար, որ ստիպուած պիտի ըլլայ գործակցիլ դեմոկրատական մեծամասնութիւն ունեցող Քոնկրեսի մը հետ, որ աւելի խիստ վերահսկողութիւն պիտի հաստատէ իր վարչակազմի որոշումներուն վրայ: Նոյնիսկ Իլոն Մասքի նիւթական աջակցութիւնը հանրապետական քարոզարշաւին բաւարար չեղաւ պարտութիւնը կանխարգիլելու համար: Թէեւ տակաւին պէտք է տեսնել, թէ արդեօք այս յաղթանակը ամերիկացիներու քաղաքական ուղղուածութեան տեւական փոփոխութիւն մըն է, թէ՞ Թրամփի նախագահութեան հանդէպ դժգոհութեան ժամանակաւոր հակազդեցութիւն: Դեմոկրատականներու համար իսկական մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ ընտրական այս յաջողութիւնը վերածել քաղաքական ծրագրի մը, որ կարողանայ համախմբել ժողովրդային աջակցութիւնը՝ ի տես 2028-ի նախագահական ընտրութիւններուն: Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

By Admin

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *